Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ-Ազրպէյճան Շփման Գիծին Մէջ Յարձակման Պատճառով 4 Հայ Զինուորներ Զոհուեցան

July 3, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

27-էն 28 յունիս լուսցող գիշերը Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին մէջ արձակուած բուռն կրակոցներու պատճառով հայկական կողմէն զոհուեցան 4 զինուորներ` Արմօ Աբգարեան, Սամուէլ Թորոսեան,  Երուանդ Թադեւոսեան եւ Գագիկ Բալայեան:

Ըստ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան, Ազրպէյճանի զինուժը հրետանիներով կրակ բացաւ Մարտունիի եւ Մարտակերտի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ եւ կիրարկեց նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր:

«Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախորդ օրերուն շարունակաբար տարածելով կեղծ հաղորդագրութիւններ, թէ իբրեւ թէ պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները կը խախտեն հրադադարը, եւ, մասնաւորապէս 27 յունիսին տարածելով իրականութեան չհամապատասխանող հաղորդագրութիւն` հայկական կողմի կրակոցէն Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու զինուորական ծառայողի վիրաւորման մասին, տեղեկատուական հիմք ստեղծեց հերթական սադրանքին համար», կը նշուի Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Մինչ այդ, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, թէ Աղտամի շրջանին մէջ ռմբակոծումի մը պատճառով վիրաւոր զինուոր մը ունի եւ պատասխան գործողութիւններ կատարած է: 28 յունիսին, այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյնը կրկնեց:

Նոյն օրը, Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ Մարտունիի շրջանին մէջ ազրպէյճանցիները կրակեցին դաշտերուն մէջ աշխատող քաղաքացիներուն ուղղութեամբ, եւ այդ պատճառով, երկրագործական աշխատանքները դադրած են:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ իր կարգին կրկնեց, որ «Ազրպէյճան ընդամէնը պատասխանեց ռազմական սադրանքին, որուն պատճառով ազրպէյճանցի զինուոր մը վիրաւորուած էր»:

 

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Յաւելեալ Յառաջընթաց` Հայաստան-Ազրպէյճան Բանակցութիւններուն Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.