Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Երկրորդ Նաւահանգիստը

August 4, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ծովային ելք կամ ընդհանրապէս ծովային եզրագիծ ունեցող երկիրներուն համար նաւահանգիստները երկրի տնտեսութեան հիմնական հաստատութիւններն են: Մեծ առաւելութիւն ունի երկիր մը, որուն տարածքային ամբողջականութեան կը ներառուին ջրային տարածքներ: Իսկ նաւահանգիստը առեւտուր է եւ զբօսաշրջութիւն` իբրեւ երկու հիմնական տնտեսական ուղղութիւն: Մանաւանդ երկրի մը, որուն այլ ոլորտներու արտադրողականութիւնը այնքան մրցունակ չէ եւ որ չունի հանքային կամ ուժանիւթային հարստութիւն:

Այս երկրորդի պաշարներուն առումով կան վարկածներ` ընդծովեայ դրուածքով: Ծովային սահմանազատման երկարատեւ բանակցութիւնները, Միացեալ Նահանգներու կողմէ միջնորդաւորուած, կը միտէին առաւելագոյն չափով տիրապետել այդ հատուածներուն:

Մինչեւ այդ հիմնական առաջադրանքի իրականացումը սակայն, Պէյրութի նաւահանգիստը ապրանքաշրջանառութեան առումով հիմնական հայթայթիչ էր պետական պիւտճէին:

Պէյրութի նաւահանգիստը իր պայթումէն վեց տարի ետք կը շարունակէ գործել: Մասնակի սակայն: Քանդումի մեծ մասը կը շարունակէ աւերուած մնալ եւ փլատակային վիճակի մէջ խորհրդանշել այս երկրի թէ՛ առեւտուրը եւ թէ՛ զբօսաշրջութիւնը:

Քանի մը դիտարկում պէտք է արձանագրել Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն այսքան տարի ետք:

Նախ այն, որ մասնակի բաժանմունքի պատշաճեցումով նաւահանգիստը կը շարունակէ ճամբել եւ ընդունիլ ապրանքատառ նաւեր, մասնակի նպաստելով երկրի տնտեսութեան գոյապահպանումին:

Առ այսօր, հակառակ հրապարակուող նախագիծերուն, կատարուող խոստումներուն, նաւահանգիստի ամբողջական վերականգնողական աշխատանքներուն չեն ձեռնարկուած:

Երբ գլխաւոր հաստատութիւն մը լիարժէք չի յաջողիր իրականացնել իր բոլոր գործառոյթները, ապա այդ բացը կը լրացուի նոյն գործառոյթները իրականացնող երկրորդ հաստատութեամբ: Այս պարագային` Թրիփոլիի նաւահանգիստով:

Հիմա պէտք է մտածել Թրիփոլիի նաւահանգիստի հիմնական շահառու պետութեան մասին: Պարզ է, որ հիւսիսային շրջանը Թրիփոլիի կեդրոնով յայտնուած էր Թուրքիոյ քաղաքականութեան թիրախին, ուր տասնամեակներու վրայ երկարող տարբեր ուղղութիւններով պետական ծրագիր կը կիրարկուէր: Նոյն շրջանին մէջ եւ միեւնոյն ազդեցութեան տակ շուտով կը գործարկուի նաեւ օդակայան:

Ճիշդ է, որ Պէյրութի նաւահանգիստին ամբողջական վերականգնումը երկրի տնտեսութեան վերականգնման ելակէտ է: Այդ վերականգնումը միայն արտաքին լայնածաւալ օժանդակութիւն կ՛ենթադրէ, ինչ որ նախապայմանային է: Հակառակ խոստումներուն եւ քաջալերանքներուն, այդ պահը չէ հասած տակաւին: Մինչ այդ սակայն, երկրորդ նաւահանգիստին լիարժէք աշխատիլը որոշ հեռանկարներու մասին ուրուագծումներ կը պարզէ:

Տնտեսական ազդեցիկ երկրի վերածուելու իր ճիգին մէջ Անգարան պիտի չզլանայ իր օժանդակութիւնները առաջարկելու: Հիմա արդէն Հարաւի ուղղութեամբ: Հիւսիսին մէջ տիրոյթ հաստատելէ ետք` այսօր նաւահանգիստի, վաղը գուցէ նաեւ օդակայանի ճամբով:

Թրքական պատրաստակամութիւնը ընդունիլն ու Օսմանեան կայսրութեան կամ Աթաթիւրքի կիրարկած քաղաքականութիւններուն դրական գնահատական տալը այլ բաներ են: Մանաւանդ որ պատմական ահաւորութիւնը այդ բոլորին կրած է այս երկիրն ու ժողովուրդը: Առանց երկրորդին առաջին ուղղութիւնը թէ՛ արաբական աշխարհին եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ ճամբայ կտրած է արդէն:

Հիւսիսէն հարաւ քաղաքական այս երթուղին անցնելու ատեն կանգ առնենք Պէյրութ եւ դիտենք նաւահանգիստի աւերակները: Աւերակներուն տակ փորձենք նկատել վերականգնողական աշխատանքներու ձգձգման եւ երկրորդ նաւահանգիստի գերաշխուժ վիճակի քաղաքական դրդապատճառները:

Նախորդը

4 Օգոստոսի Պայթումի 6-Ամեակին Առիթով` Աուն. «Ամբաստանութեան Հրապարակումը Անհրաժեշտութիւն Մըն Է, Որ Յաւելեալ Սպասում Չի Հանդուրժեր»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 4 Օգոստոս 2026)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.