Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

63 Թեր Եւ 28 Դէմ Ձայներու Յարաբերակցութեամբ Ռուբէն Ռուբինեան Ընտրուեցաւ Ազգային Ժողովի Նախագահ

August 4, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան` 63 թեր եւ 28 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ: Ռուբինեանի օգտին քուէարկեց միայն «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը, «Ուժեղ Հայաստան»-ը դէմ քուէարկեց, «Հայաստան» խմբակցութիւնը առհասարակ չմասնակցեցաւ ընտրութեան:

«Յարգելի ընդդիմադիր գործընկերներ, այն փաստը, որ դուք չէք քուէարկած իմ օգտիս, ոչինչ կը նշանակէ մեր յարաբերութիւններուն մէջ, ես կը պատրաստուիմ ըլլալ ամբողջ Ազգային ժողովի նախագահը», յայտարարեց Ռուբինեան:

Ռուբէն Ռուբինեանի թեկնածութեան հարցը խորհրդարանին մէջ քննարկուեցաւ երկու օր շարունակ: Այս ընթացքին պատգամաւորները թէ՛ հարցումներով, թէ՛ յայտարարութիւններով անդրադարձան անոր կենսագրութեան:

Երէկ եւս շարունակուեցան ընդդիմութեան եւ իշխանութեան իրարու դէմ ուղղուած մեղադրանքները` քաղաքական հետապնդումներու հետ կապուած: Ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան իր առաջին ելոյթը ունեցաւ, եւ թէեւ հարցի քննարկումը կը վերաբերէր Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութեան, սակայն անոր ելոյթը աւելի ընդհանրական էր. տարբեր խնդիրներու մասին խօսեցաւ Կարապետեան, նոյնիսկ առաջարկով հանդէս եկաւ, ըստ էութեան պնդելով այն օրակարգը, որ իրենք ունէին տակաւին նախընտրական փուլին: «Մենք ունինք առաջարկ: Մէկ օրէնքով այս հարցը կը լուծուի: Եկէք ընդունինք օրէնք, մենք այդ կ՛անուանենք հակասաֆարովեան օրէնք, որով ուղղակի իրաւունք չենք տար ազրպէյճանցիներուն 10 օր աւելի գտնուիլ մեր երկրին մէջ եւ ունենալ գոյք կամ հող այստեղ: Ատով մեր հարցերը կը սպառին», ըսաւ Կարապետեան:

Ազգային ժողովը երէկ քննարկեց նաեւ խորհրդարանի նախագահի երեք տեղակալներու ընտրութեան հարցը:

«Քաղաքացիական պայմանագիր»-էն Ազգային ժողովի փոխնախագահներու թեկնածուներն են Հայկ Կոնջորեանը եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան փոխնախագահ Վահագն Ալեքսանեանը: «Ուժեղ Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահի թեկնածուն Արամ Վարդեւանեանն է:

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Գնահատեց Թալեպի Կեցուածքը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը  Իւրաքանչիւր Հայու Եւ Ամբողջ Հայութեան  Աւագ Պարտաւորութիւնն Է»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ուղերձը Հայաստանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

September 21, 2026
Խմբագրական.  Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)

September 21, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.