Հակափտածութեան դատարանը` նախագահութեամբ դատաւոր Սարգիս Դադոյեանի` ամբողջութեամբ բաւարարեց քննիչի միջնորդութիւնը եւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց կիրարկեց երկամսեայ կալանքը:
Երէկ առաւօտեան երկրորդ նախագահի փաստաբան Արամ Օրբելեան յայտնեց, որ Ռոպերթ Քոչարեանը դուրս եկած է հիւանդանոցէն եւ տեղափոխուած «Երեւան-Կենտրոն» քրէակատարողական հիմնարկ:
Արդեօք Քոչարեանի առողջական վիճակը կայունացա՞ծ է եւ այդ պատճառո՞վ զայն դուրս բերած են բժշկական կեդրոնէն: Փաստաբանը ըսաւ, թէ մասնագիտական այդ հարցումը պէտք է քննարկէ բժիշկներու հետ, բայց հաշուի առնելով նախնական քննարկումները` Քոչարեանը «առնուազն քանի մը օր պէտք է շարունակական վերահսկողութեան տակ ըլլար»:
«Խօսքը չի վերաբերիր որոշակի սուր հիւանդութեան մը, որ անցած է: Երկու շաբաթ առաջ վիրահատութիւն կատարած էր, եւ անկէ ետք մէկ ամիսը կը նկատուի ռիսքային շրջան», նշեց Օրբելեան:
Նախանցեալ օր Հակափտածութեան կոմիտէն Ռոպերթ Քոչարեանը երկու ամիսով կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացուց: Երկրորդ նախագահը նախանցեալ օր դատարան տարուած էր հիւանդանոցէն:
Ռոպերթ Քոչարեանը 2018-էն մինչեւ օրս արդէն երեք անգամ կալանաւորուած էր` սահմանադրական կարգի տապալման մեղադրանքով: Այս անգամ երկրորդ նախագահը կը մեղադրուի պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելով մեծ չափերու կաշառք ստանալու եւ դրամի լուացման յօդուածներով: Այս նոյն մեղադրանքներով կալանաւորուած է նաեւ անոր աւագ որդին` Սեդրակ Քոչարեանը:
Ռոպերթ Քոչարեանին առնչուող քրէական գործով կ՛անցնի նաեւ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Վերջինիս նկատմամբ, սակայն, խափանման միջոց կիրարկուած է բացակայելու արգելքը:


