Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախկին Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Եւ Անոր Որդին Ձերբակալուեցան

August 27, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

25 օգոստոսի առաւօտեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան դիմակաւորուած անձեր մտան Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ անոր երկու որդիներու` Սեդրակ Քոչարեանի եւ «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեանի բնակարանները եւ խուզարկութիւն կատարեցին:

Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սեդրակ Քոչարեանը անմիջապէս ձերբակալուեցան, բերման ենթարկուեցան Հակափտածութեան կոմիտէ, ուր անոնց մեղադրանքներ առաջադրուեցան դրամի լուացման եւ կաշառք ստանալու յօդուածներով: Իրաւապահ կառոյցը Սեդրակ Քոչարեանը կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացուց:

Լեւոն Քոչարեանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութիւն ունի, եւ առանց խորհրդարանի համաձայնութեան իրաւապահները զայն ձերբակալելու իրաւունք չունին:

«Փաստական տուեալներ են ստացուել, որ նախագահի պաշտօնը զբաղեցրած անձը իր հետ մտերիմ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ, պաշտօնական դիրքն օգտագործելով տարբեր շինծու հիմքերով պետական սեփականութիւնից առանձնացրել եւ շուկայականից էականօրէն ցածր գներով ձեռք է բերել հասարակական եւ տնտեսական նշանակութիւն ունեցող մի շարք արժէքաւոր գոյքեր», նշուեցաւ իրաւապահներուն հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Հակափտածութիւն կոմիտէին մէջ կարճ ժամանակ ետք Ռոպերթ Քոչարեան առողջական հարցեր ունեցաւ: Շտապ օգնութիւն կանչուեցաւ, եւ ան փոխադրուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոն: Քոչարեանի խօսնակ Բագրատ Միկոյեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նախկին նախագահը վերջին շրջանին առողջական հարցեր ունեցած է եւ բժիշկի ցուցումով մնացած է հիւանդանոց:

Քոչարեանի կրտսեր որդին` Լեւոն Քոչարեանը, աւելի ուշ հաստատեց, որ հայրը մօտ երկու շաբաթ առաջ վիրահատութեան ենթարկուած է. «Այո՛, սրտի հետ կապուած խնդիր կար, մօտ երկու շաբաթ առաջ երեւի»:

Ան նաեւ շեշտեց, որ եղածը հերթական քաղաքական հրահանգն է, գործը միանշանակ քաղաքական է, երկրորդ կարծիք չի կրնար ըլլալ. «Ի միջի այլոց` այն հանգամանքները, որ նշել են այս գործում, իրենց մէջ նորութիւն չեն պարունակում. 2018-ից գործ կար յարուցուած, էլի անհեթեթ պատճառաբանութիւններով, ու ըստ էութեան` ոչ մի նոր բան չի բացայայտուել, այսինքն` էն, ինչ կայ` կայ, եղել ա, չի թաքցուել, բայց եղել է քաղաքական հրահանգ… Հերթական շինծու գործն է: Այն պատճառով, ինչ մտել են իմ տուն, կատարեալ անհեթեթութիւն է: Երկրի ղեկավարը կանգնում, ասում է ամենաբարձր ամպիոնից` սա պէտք է նստի, սա պէտք է ունեզրկուի, սա չի տեղաւորւում ոչ մի կերպ ժողովրդական սկզբունքների մէջ», լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Լեւոն Քոչարեան:

Հակափտածութեան կոմիտէի նախկին նախագահին մեղսագրուող գործի ծիրին մէջ ընդհանուր առմամբ ձերբակալուեցան վեց անձեր, մեղադրանք առաջադրուեցաւ 10 անձերու, որոնց կարգին երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանին` ծանր հետեւանքներ յառաջացուցած պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելուն համար:

Սակայն Հակափտածութեան կոմիտէն Սերժ Սարգսեանը ձերբակալելու որոշում չտուաւ: Ան պարզապէս կոմիտէ հրաւիրուեցաւ, ապա ազատ արձակուեցաւ: Սարգսեան ըսաւ, որ եղածէն ոչինչ կը հասկնայ. «Երբ գործերը ստանանք` գործի նիւթերը, էն ժամանակ կը խօսենք, բան չեմ հասկանում», յայտնեց ան:

Նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանէն եւ Սերժ Սարգսեանէն բացի այս գործին հետ, ըստ Գլխաւոր դատախազութեան, կապ ունին նաեւ այլ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնց կարգին` նախկին վարչապետ հանգուցեալ Անդրանիկ Մարգարեանը, Երեւանի նախկին քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանը: Քոչարեանններուն փոխկապակցուած ընկերութիւններուն մէջ եւս խուզարկութիւններ կատարուեցան: Կարգ մը գրասենեակներ կապարակնքուեցան, նաեւ` Լեւոն Քոչարեանի կնոջը պատկանող «Սիրուշօ փրոտաքշըն»-ը:

Գլխաւոր դատախազութիւնը տեղեկացուց, որ հանրային քրէական հետապնդում յարուցած է նաեւ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի փոխկապակցուած քանի մը ընկերութիւններու, տուեալ պարագային` «Սթեֆանօ Ռիչ»-ի, «Կորնելիան»-ի, PLAY CITY-ի եւ «Օրանժ ֆիթնես»-ի տնօրէններու նկատմամբ` առանձնապէս խոշոր չափերով հարկեր չվճարելու համար: Անոնք ձերբակալուած են:

Երէկ Սեդրակ Սարգսեան եւ երեք ուրիշ մեղադրեալներ կալանաւորուեցան երկու ամիսով: Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ խափանման միջոց որդեգրուեցաւ երկրէն չբացակայելու արգելքը, իսկ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան փոխադրուեցաւ Հակափտածութեան կոմիտէ, ուր կալանքի միջնորդութիւն ներկայացուած էր անոր դէմ:

 

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքը Կը Դատապարտէ Քոչարեանի Ձերբակալութիւնը

Յաջորդը

Բագրատունի. «Պետութեան Պարտականութիւնն Է Բոլոր Կարելիութիւնները Օգտագործելու Գերիշխանութիւնը Պարտադրելու Համար»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ռուս-Ամերիկեան Գործարքային Դիւանագիտութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ռուս-Ամերիկեան Գործարքային Դիւանագիտութիւն

October 12, 2026
Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ

October 12, 2026
Ուրալօղլու. «Կարս-Իգտիր-Տիլուճու Երկաթուղիին  Շնորհիւ Կ՛ամրապնդենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաղորդակցութիւնը»
Հայկական

Ուրալօղլու. «Կարս-Իգտիր-Տիլուճու Երկաթուղիին Շնորհիւ Կ՛ամրապնդենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաղորդակցութիւնը»

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.