Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  Միջնորդութեան Ետին

Ակնարկ. Միջնորդութեան Ետին

Թուրքիա-Իսրայէլ հռետորաբանական-տեղեկատուական լարուածութեան խորապատկերին վրայ կ՛երեւի Անգարայի յատուկ պատուիրակութեան այցելութիւնը Պէյրութ: Կը նշուին երկու անձնաւորութիւններ` Էրտողանի զաւակը, որուն կը վերագրուի մարդասիրական եւ տնտեսական օժանդակութիւններու ծրագիրներու պատասխանատուութիւն, եւ արտաքին հետախուզութեան պետը: Անսպասելի չէր, որ երկու ուղղութիւններով ալ փոխադարձ այցելութիւններ կազմակերպուէին, մանաւանդ նկատի ունենալով վարչապետին եւ ապա նախագահին կատարած այցելութիւնները Անգարա, այնտեղ հնչած յայտարարութիւնները եւ հետագայ գործընթացի ուղենշային կէտերը: Ամփոփենք այս այցելութիւններուն...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Կ՛ընդունի Ազգային Հանդիպումի  Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կ՛ընդունի Ազգային Հանդիպումի Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 20 օգոստոս 2026-ին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Ազգային հանդիպումի պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի: Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Ազգային հանդիպումի` քաղաքական ուժերու եւ ազգային դէմքերու հետ ունեցած տեսակցութիւններու ծիրին մէջ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանի ընդհանուր կացութիւնը, ներկայ քաղաքական...

Թրամփ. «Իրան Կարգ Մը Հրթիռներ Եւ Անօդաչու  Թռչող Սարքեր Ունի, Սակայն Զանոնք Արտադրելու  Անոր Կարողութիւնը Չափազանց Ցած Է»

Թրամփ. «Իրան Կարգ Մը Հրթիռներ Եւ Անօդաչու Թռչող Սարքեր Ունի, Սակայն Զանոնք Արտադրելու Անոր Կարողութիւնը Չափազանց Ցած Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրան «երբեք հիւլէական զէնք պիտի չունենայ»` նշելով, որ Միացեալ Նահանգները Հորմուզի նեղուցին կը վերահսկեն: Թրամփ աւելցուց, որ եթէ Իրան հիւլէական զէնք ունենար, զայն կ՛օգտագործէր եւ «Իսրայէլն ու ամբողջ Միջին Արեւելքը կ՛ոչնչացնէր»: Ան ըսաւ, որ Իրան վերածուած է շրջանին մէջ գերիշխող ուժը եւ «բոլորը բռնածաղրի կ՛ենթարկէ»: Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց, որ ամերիկեան ուժերը ոչնչացուցած...

Այցելելով Սուր`  Սալամ. «Լիբանանցիները Մէկ Բանակ  Եւ Մէկ Պետութիւն Ունենալուն  Այլընտրանքը Չունին»

Այցելելով Սուր` Սալամ. «Լիբանանցիները Մէկ Բանակ Եւ Մէկ Պետութիւն Ունենալուն Այլընտրանքը Չունին»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ առաւօտեան հասաւ Սուր քաղաք` ընկերակցութեամբ պաշտպանութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Մուսթաֆայի, եւ ուղղուեցաւ լիբանանեան բանակի «Պենուա Պարաքաթ» զօրանոց, ուր զինք ընդունեցին պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսան, բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հասսան Աուտէն եւ Լիթանիէն հարաւ շրջանի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Նիքոլա Թապեթը: Սալամ զօրանոցին մէջ սպաներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Այն, ինչ, որ Հարաւի, ինչպէս նաեւ...

Զոնապենտ Եւ Սահակեան Հանդիպեցան  Կառավարութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

Զոնապենտ Եւ Սահակեան Հանդիպեցան Կառավարութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերը պաշտպանող, «Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Սիրանուշ Սահակեան եւ Ռուբէն Վարդանեանի կինը` Վերոնիքա Զոնապենտ, 17 օգոստոսին հանդիպում ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան Մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական հարցերու վարչութեան, գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուած անձերու հարցերով զբաղող միջգերատեսչական յանձնախումբի եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի ներկայացուցիչներուն հետ: Այս մասին...

Լիլիթ Գալստեան Ընտրուեցաւ Մարդու  Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Եւ Հանրային  Հարցերու Մշտական Յանձնախումբի Նախագահ

Լիլիթ Գալստեան Ընտրուեցաւ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Եւ Հանրային Հարցերու Մշտական Յանձնախումբի Նախագահ

Երէկ` 20 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած է մշտական յանձնախումբերու նախագահներու ընտրութիւն: Ըստ քուէարկութեան արդիւնքներուն, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնախումբի նախագահի պաշտօնին մէջ ընտրուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը: Յայտնենք, որ Ազգային ժողովի միւս ընդդիմադիր խմբակցութեան` «Ուժեղ Հայաստան»-ի առաջադրած բոլոր երեք թեկնածուները չընտրուեցան Ազգային ժողովի համապատասխան յանձնախումբերու նախագահներ: Իր ընտրութենէն...

Խաչատրեան. «Փաշինեանը Հող Կը Նախապատրաստէ  Տիգրանաշէնը Յանձնելու Համար

Խաչատրեան. «Փաշինեանը Հող Կը Նախապատրաստէ Տիգրանաշէնը Յանձնելու Համար

«Տիգրանաշէն գիւղը Ազրպէյճանի վերահսկողութեան հաւանական յանձնելը անմիջական սպառնալիք պիտի ստեղծէ անվտանգութեան համար եւ պիտի կտրէ Հայաստանի կեդրոնը անոր հարաւին հետ կապող առանցքային փոխադրական զարկերակները»: Այս մասին 20 օգոստոսին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» դաշինքի խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեանը: Մեկնաբանելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները անքլաւներու եւ սահմաններու սահմանազատման վերաբերեալ` պատգամաւորը շեշտած է, որ...

Թրամփ Իրանի Դէմ Աննախադէպ  «Տնտեսական Պատերազմ» Յայտարարեց

Թրամփ Իրանի Դէմ Աննախադէպ «Տնտեսական Պատերազմ» Յայտարարեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Իրանի դէմ շղթայազերծած է «տնտեսական ամէնէն հզօր եւ զգետնիչ գործողութիւնը», որ պիտի ըլլայ «աննախադէպ մակարդակի տնտեսական պատերազմ մը եւ մեկուսացում մը»: Ան այս քայլը նմանցուց «տնտեսական ցամաքահանման օր»-ի` ակնարկելով Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին Նորմանտիի ցամաքահանման: Թրամփ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն կոչ ուղղեց` անոնց կողքին կանգնելու, մեկուսացնելու համար «իրանեան սպառնալիքն ու զայն պարտութեան մատնելու»: Ան...

Քաց. «Էրտողան Թուրքիան Սուրիոյ Մէջ  Վտանգաւոր Արկածախնդրութիւններու Մէջ  Կը Ներքաշէ»

Քաց. «Էրտողան Թուրքիան Սուրիոյ Մէջ Վտանգաւոր Արկածախնդրութիւններու Մէջ Կը Ներքաշէ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ամբաստանեց «Թուրքիան Սուրիոյ մէջ վտանգաւոր արկածախնդրութիւններու մէջ» ներքաշելու յանցանքով: «Իսրայէլ որեւէ կողմի պիտի չարտօնէ իր անվտանգութեան սպառնալ», ընդգծեց ան: «Էրտողանի համար աւելի լաւ կ՛ըլլար, եթէ բաւարարուէր թրքական խորհրդարանին մէջ Իսրայէլի դէմ իր դատարկ ու երեւակայածին ճառերը արտասանելով, փոխանակ դէպի ուղղակի ճակատում մղում տալու», նշեց Քաց: Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը նշեց. «Սուրիոյ...

Աուն Հռոմի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ  Լեւոն ԺԴ. Պապին Հետ

Աուն Հռոմի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին Հետ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. պապին հետ եւ անոր դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց «բոլոր ջանքերուն համար, զորս ան կը թափէ Լիբանանին աջակցելու համար` հասնելու  Իսրայէլի բռնագրաւումը վերացնելու եւ իր հողերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու Լիբանանի պահանջներուն իրագործման»: Նախագահը պապին կոչ ուղղեց շարունակելու այս պահանջներուն իր աջակցութիւնը: Աուն աւելի ուշ հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ...

Ակնարկ.  Իսրայէլի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Մեքանիզմի Առաջարկը

Ակնարկ. Իսրայէլի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Մեքանիզմի Առաջարկը

Սուրիական տարածքին վրայ թրքական թիրախներու դէմ Իսրայէլի գործած յարձակումը Անգարա-Թել Աւիւ լարուածութեան նոր աստիճանաչափ կը գրանցէ: Միջնորդաւորուած բախումներ` գործող իշխանութիւններու յարող զինեալ խմբաւորումներու եւ տիւրզիներու ճամբով արձանագրուած էին: Հիմա ուղղակի թրքական ռազմակայան է, որ կը հարուածուի իրավիճակին հաղորդելով նոր բնոյթ: Այս քայլով Իսրայէլ կը փորձէ ցոյց տալ, որ թրքական նոր յենակէտեր տրամադրելու Դամասկոսի որոշումին կտրուկ դէմ է: Պաշտօնական Թել Աւիւը...

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի.  Թրամփ Իր Աւագ Բանագնացներէն Պահանջած Է  Իրանի Հետ Բանակցութիւնները Դադրեցնել

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի. Թրամփ Իր Աւագ Բանագնացներէն Պահանջած Է Իրանի Հետ Բանակցութիւնները Դադրեցնել

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր աւագ բանագնացներէն պահանջած է Իրանի հետ իրենց բանակցութիւնները դադրեցնել: Աղբիւրը աւելցուցած է, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ իրենց դաշնակիցներուն յայտնած են, թէ իրենց ռազմավարութիւնը փոխելով Իրանը աստիճանաբար խեղդելու անցնելու ընթացքի մէջ են: Պաշտօնատարներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են, թէ Թրամփ դժգոհ է, որ Թեհրան պատրաստ չէ իր պահանջներուն ընդառաջելու, եւ կը սպասուի,...

Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»

Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Իսրայէլն ու Սուրիան համաձայնած են ապահովական հարցերու մէջ ներկայ կացութիւնը պահպանել, եւ Սուրիան թրքական ուժերուն Հալէպի մօտ օդուժի ռազմակայանի մը մէջ տեղակայուիլ արտօնելով այդ համաձայնութիւնը խախտելու եզրին էր: Իսրայէլ Սուրիան իրերայաջորդ կերպով զգուշացուց, թէ այդ տեղակայումը իր անվտանգութեան սպառնալիք պիտի ներկայացնէ, սակայն Սուրիան նախընտրեց այդ զգուշացումները անտեսել: Նեթանիահուի գրասենեակը շեշտեց, թէ...

Աուն Ստանձնեց Ժապալ Ամելի Ամրոցները  Վտանգուած Համաշխարհային Ժառանգութեան  Ցուցակի Մէջ Ներառելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Որոշումը

Աուն Ստանձնեց Ժապալ Ամելի Ամրոցները Վտանգուած Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցուցակի Մէջ Ներառելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Որոշումը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Խալետ Անանին` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէի: Նախագահը Անանիէն ստանձնեց Ժապալ Ամելի ամրոցները վտանգուած համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ ներառելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի որոշումի վկայագիրը: Նշեալ ցուցակին վրայ ներառուած ամրոցներն են Շքիֆի, Թըպնինի, Շաքրայի, Տէյր Քիֆայի եւ Շամահի ամրոցները: Հանրապետութեան նախագահը նաեւ ընդունեց փոխվարչապետ Թարեք Մըթրին եւ անոր հետ քննարկեց քաղաքական ներկայ զարգացումները...

էրտողան թրամփին իրանի հետ բանակցութիւնները  շարունակելու կարեւորութիւնը կը յայտնէ

էրտողան թրամփին իրանի հետ բանակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը կը յայտնէ

Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւնները, Իրանի եւ Կազայի մէջ պատերազմները, ինչպէս նաեւ Մեքքայի համաձայնագիրը: Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտած է Իրանի հետ բանակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ Թուրքիան պատրաստ է այդ հոլովոյթին նպաստելու: Թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ...

«Համաս Խոստացաւ Զինաթափուիլ, Իսկ Իսրայէլ`  Նախկին Խոստումներ Կատարել»  Կ՛ըսէ Խաղաղութեան Խորհուրդը

«Համաս Խոստացաւ Զինաթափուիլ, Իսկ Իսրայէլ` Նախկին Խոստումներ Կատարել» Կ՛ըսէ Խաղաղութեան Խորհուրդը

Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդը յայտարարեց, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ խորհուրդի պաշտօնատարները «Միացեալ Նահանգներու նախագահի 20 կէտերէ բաղկացած ծրագիրի ամբողջական գործադրութեան ուղղութեամբ ընթանալը շարունակելու շուրջ խոր ու շինիչ բանակցութիւններ» վարած են: Համաձայնութիւն գոյացած է, որ իսրայէլեան ուժերը Համասի ամբողջական զինաթափումէն եւ Կազայի ամբողջական, ներառեալ թեթեւ ու ծանր զէնքերէն եւ փապուղիներէն, ապազինումէն առաջ Կազայէն դուրս չվերատեղակայուին: Խաղաղութեան խորհուրդը իր հրապարակած հաղորդագրութեան...

Գալստեան Մարդու Իրաւունքներու Հարցով  Խստիւ Կը Քննադատէ Հայաստանի Իշխանութիւնները

Գալստեան Մարդու Իրաւունքներու Հարցով Խստիւ Կը Քննադատէ Հայաստանի Իշխանութիւնները

Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ 18 օգոստոսին քննարկուեցաւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահի թեկնածութեան հարցը: Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը այդ պաշտօնին համար առաջադրած է Լիլիթ Գալստեանը, որ այս առիթով ունեցած իր ելոյթին հիմնական մասը նուիրեց Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու պարզած կացութեան` խստօրէն քննադատելով իշխանութիւնները: Ան խօսեցաւ քաղաքական հետապնդումներու, քաղաքական բանտարկեալներու, դատական համակարգի անկախութեան եւ ոստիկանութեան գործողութիւններուն մասին: Ան...

Նախագահ Աուն. «Իսրայէլի Հեռացումէն Ետք  Պետութիւնը Պիտի Ստանձնէ  Վերաշինութեան Աշխատանքը»

Նախագահ Աուն. «Իսրայէլի Հեռացումէն Ետք Պետութիւնը Պիտի Ստանձնէ Վերաշինութեան Աշխատանքը»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Քանատայի միջազգային բարգաւաճման հարցով պետական նախարար Ռանտիփ Սարայը եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանան-Քանատա յարաբերութիւններն ու բոլոր ոլորտներուն մէջ զանոնք զարգացնելու կարելիութիւնները: Հանդիպումին ներկայ էր Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Կրեկըրի Կալիկըն: Քանատացի նախարարը վերահաստատեց իր երկրին աջակցութիւնը Լիբանանին անոր դիմագրաւած պայմաններուն մէջ եւ պատրաստակամութիւնը` օգնելու մարդասիրական ու զարգացման ոլորտներուն մէջ` հիմնուելով Լիբանանի եւ Քանատայի միջեւ բարեկամական...

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ  Հաստատուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան  Անդրադարձող Դասընթացք Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Եունեսքօ-ին Յղեց Հատրութի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Սրբապղծման Հարցով Նամակ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մշակոյթ եւ շտապ հարցեր բաժինի տնօրէն Քրիսթա Փիքքաթին յղեց նամակ մը` անոր ուշադրութեան յանձնելով բռնագրաւուած Հատրութի 17-րդ դարուն կառուցուած Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ սրբապղծման պարագան: Հայ դատի մարմինը հաղորդեց, թէ 1621-ին կառուցուած եկեղեցին սրբապղծուած է, անոր ներքին պատերուն վրայ կատարուած են գրառումներ, այդ պատերը նաեւ վնասուած են, իսկ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայէն խաչը վերցուած է:...

Ակնարկ.  «Իրական Սփիւռք»-ի Հրամցուող  Ապագաղափարախօսութիւը

Ակնարկ. «Իրական Սփիւռք»-ի Հրամցուող Ապագաղափարախօսութիւը

Գործող իշխանութիւններու խորհրդարանական մէկ ներկայացուցիչին սփիւռքի մասին կատարած յայտարարութիւնը ըստ էութեան հետեւեալ  հիմնական միտքը ներառած է: Սփիւռքը ունի երկու գործառոյթ: Կա՛մ սփիւռքահայը պէտք է վերադառնայ Հայաստան, կա՛մ ալ կապ հաստատէ կառավարութեան հետ ըսելու համար, թէ ինչպէ՞ս կրնայ օգտակար դառնալ Հայաստանին: Այս միտքերու հիմնաւորումներուն ընթացքին ներկայացուած են նաեւ տեսակէտներ, թէ առեղծուած է յայտարարելը, թէ հզօր սփիւռք կ՛ենթադրէ հզօր Հայաստան, եւ թէ...

Page 20 of 885 1 … 19 20 21 … 885