Գլխաւոր լուրեր

Հաճիեւ. «Երբ Հայաստանի Սահմանադրութեան  Փոփոխութեան Հարցը Լուծուի, Մենք Կը Կարծենք,  Որ Վերջնական Խաղաղութեան Համաձայնագիրի  Ստորագրման Համար Ոչ Մէկ Խոչընդոտ Կը Մնայ»

Հաճիեւ. «Երբ Հայաստանի Սահմանադրութեան Փոփոխութեան Հարցը Լուծուի, Մենք Կը Կարծենք, Որ Վերջնական Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ստորագրման Համար Ոչ Մէկ Խոչընդոտ Կը Մնայ»

Երբ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը լուծուի, մենք կը կարծենք, որ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման համար ոչ մէկ խոչընդոտ կը մնայ: Այս մասին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ: Այս շաբաթ բռնագրաւուած Շուշի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ֆորումի ծիրին մէջ «Ռոյթըրզ»-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահի օգնական, նախագահի արտաքին քաղաքականութեան բաժինի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ բարձր գնահատած...

Ակնարկ. Մագլցում Եւ Գոյավիճակ (Սթաթիւս Քօ)

Ակնարկ. Մագլցում Եւ Գոյավիճակ (Սթաթիւս Քօ)

Ամերիկեան անպաշտօն  խօսափող նկատուող լրատուամիջոցներ կը յայտնեն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը անվտանգային համապատասխան կառոյցի պատասխանատուներուն հետ  կայացած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին քննարկած է Իրանի դէմ լայնածաւալ ռազմական գործողութեան նախապատրաստումը, որ, զգալիօրէն պիտի գերազանցէ նախորդ  հարուածներու տարողութիւնը: Ըստ հաղորդուող տեղեկութիւններու, Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը պատրաստ է մագլցումի` Իրանին այնպիսի ծանր վնաս հասցնելու նպատակով, որ կը ստիպէ երկրի ղեկավարութիւնը ապաշրջափակել Հորմուզի նեղուցը եւ ընդունիլ Ուաշինկթընի...

Թրամփ. «Եթէ Ստիպուինք, Կրնանք  Իրանի Քարիւղը Թիրախաւորել»

Թրամփ. «Եթէ Ստիպուինք, Կրնանք Իրանի Քարիւղը Թիրախաւորել»

Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը երէկ շարունակեցին փոխադարձ հարուածները: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, որ Քուէյթի Մինա-Ապտալլա շրջանին մէջ ամերիկեան զինեալ ուժերու թիկունքային ապահովման եւ աջակցութեան կեդրոնը հրթիռով հարուածած եւ ոչնչացուցած է: Պահակագունդի հրապարակած յայտարարութեան համաձայն, Հորմուզի նեղուցը փակ պիտի ըլլայ, քանի տակաւին Միացեալ Նահանգներ չեն դադրեցուցած Իրանի դէմ թշնամական գործողութիւնները: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը նաեւ նշեց, որ Պահրէյնի մէջ Միացեալ Նահանգներու 5-րդ...

Հռոմի Մէջ Լիբանան-Իսրայէլ  Բանակցութիւններու 6-րդ Փուլը Աւարտեցաւ

Հռոմի Մէջ Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւններու 6-րդ Փուլը Աւարտեցաւ

Լիբանանեան աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Հռոմի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ ժողովին համաձայնութիւն գոյացած է փորձառական երկու շրջաններու շուրջ, որոնցմէ մէկը Իսրայէլ բռնագրաւած է, իսկ միւսը անոր դիրքերուն սահմանակից է: Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ լիբանանեան եւ իսրայէլեան զինուորական պատուիրակութիւններուն միջեւ ամերիկեան հովանաւորութեամբ տեղի պիտի ունենայ ժողով մը` Հռոմի բանակցութիւններուն ամբողջացման համար: Աղբիւրը նշեց, որ հետագայ հանդիպումին թուականն ու վայրը չեն...

«Ազրպէյճանի Մէջ Հայ Քաղաքական Բանտարկեալները  Եւ Եւրոպական Միութեան Ներգրաւուածութեան  Հրամայականը» Խորագիրով Խորհրդաժողով

Եւրոպական Խորհրդարանը Կը Վերահաստատէ Հայ Գերիներու Հարցին Մէջ Իր Յստակ Դիրքորոշումը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին աջակցութեամբ եւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ Քոսթաս Մաւրիտեսի եւ Միրիամ Լեքսմանի հիւրընկալութեամբ 14 յուլիսին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ քաղաքական բանտարկեալները Ազրպէյճանի մէջ եւ Եւրոպական Միութեան ներգրաւուածութեան հրամայականը» խորագիրով քննարկում, որուն կը մասնակցէին Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ, իրաւաբաններ, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ եւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատանդառուածներու ընտանիքներու անդամներ: Քննարկումը կեդրոնացած էր Ազրպէյճանի մէջ շարունակուող հայ...

Ֆրանսա Իր Պատմութեան Մէջ Մեծագոյն  Զինուորական Տողանցքով Նշեց  Պասթիյի Գրաւման Օրը

Ֆրանսա Իր Պատմութեան Մէջ Մեծագոյն Զինուորական Տողանցքով Նշեց Պասթիյի Գրաւման Օրը

Յուլիս 14-ին Ֆրանսան կը նշէ Ազգային տօնը` Պասթիյի գրաւման օրը: Այս տարի տարեկան զինուորական տողանցքին կը մասնակցէին եւրոպական 11 երկրի պատերազմական օդանաւեր եւ Ուքրանիոյ աջակցող «Կամեցողներու դաշինք»-ի երկիրներու մօտ 500 զինուոր: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանս 24» պարբերականը` յիշեցնելով, որ Էմանուէլ Մաքրոն վերջին անգամն է, որ յուլիս 14-ը կը նշէ նախագահի պաշտօնին մէջ: Ըստ հրապարակումին, այս տարուան Պասթիյի օրուան տօնակատարութիւնները...

Մինչ Փոխադարձ Յարձակումները  Կը Շարունակուին.  Թրամփ. «Կը Կարծեմ, Որ Իրանի Հետ  Համաձայնութեան Գոյացումը Կարելի Է»

Մինչ Փոխադարձ Յարձակումները Կը Շարունակուին. Թրամփ. «Կը Կարծեմ, Որ Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացումը Կարելի Է»

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 4:45-ին Իրանի վրայ երրորդ իրերայաջորդ յարձակումը շղթայազերծած է: Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ յարձակումները կը թիրախաւորեն իրանեան զինուորական դիրքեր, որոնք ծովային հսկողութեան համակարգեր, անօդաչու թռչող սարքեր ու հրթիռներ կը պարունակեն: Մինչ այդ, իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Պանտար Ապպասի, Քիշ, Քաշմ եւ Ապու Մուսա կղզիներուն, ինչպէս նաեւ...

Իսրայէլի Կառավարութիւնը Կասեցուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Նախաձեռնութիւնը

Իսրայէլի Կառավարութիւնը Կասեցուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Նախաձեռնութիւնը

Իսրայէլի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ նախատեսուած քուէարկութիւնը կասեցուած է կառավարութեան կողմէ, կը հաղորդեն իսրայէլեան լրատուամիջոցներ: Քուէարկութեան յետաձգումը տեղի կ՛ունենայ այն միջոցին, երբ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ գոյացած զինադադարը խախտուած է: Անիկա նաեւ կը յաջորդէ Թուրքիոյ մէջ անցեալ շաբաթ կայացած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին, որուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ խոստացած էր ամերիկեան արդիական «Էֆ-35» ռազմական օդանաւեր ծախել Անգարային:...

Սահեր Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիբանանի Օրինակով  Բոլոր Երկիրներէն Վտարելու Իրանի Դեսպանները

Սահեր. «Իսրայէլ Պատրաստ Է Հարաւային Լիբանանի Մէջ Փորձառական Երկու Շրջաններու Հարցով Յառաջ Ընթանալու»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտարարեց, թէ կը նախատեսէ, որ Հռոմի մէջ Լիբանանի հետ բանակցութիւնները օգնեն իր երկրի ուժերուն հարաւային Լիբանանի մէջ փորձառական երկու շրջաններէն հեռացման հարցով յառաջընթացի արձանագրման: Սահեր Երուսաղէմի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Մենք պատրաստ ենք փորձառական այդ երկու շրջաններուն հարցով յառաջ ընթանալու: Կը յուսամ եւ կը կարծեմ, թէ Հռոմի մէջ քննարկումներու այս փուլը ատոր իրագործման...

Ակնարկ.  «Վերջապէս»

Ակնարկ. «Վերջապէս»

Թուրքիոյ նախագահին հրաւէրին ընդառաջումով Լիբանանի վարչապետին Թուրքիա կատարած այցելութիւնը արարողակարգային բնոյթ չունի: Նախագահի կողմէ նախագահին յղուած հրաւէրը կրնար աւելի օրինաչափ նկատուէր: Յարաբերութիւններու աշխուժացման ընթացքի մը նախադրեալները կ՛երեւին այսպիսով, աստիճաններէ հերթաբար բարձրանալու առումով: Կայ անշուշտ այլ հանգամանք այս պարագային, որ կը վերաբերի թէ՛ նախագահ Էրտողանի եւ թէ՛ վարչապետ Սալամի կրօնական-դաւանական պատկանելիութեան: «Սալամի Պոլիս այցելութիւնը կարեւոր էր, եւ Լիբանան վերջապէս գիտակցեցաւ շրջանին...

Ցաւակցագիր

Ցաւակցագիր

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հետեւեալ ցաւակցագիրը յղեց Քաթարի իշխանին` նախկին իշխանին մահուան առիթով. Քաթարի պետութեան վսեմաշո՛ւք իշխան շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խոր վիշտով ստացաւ ձեր հօր` իշխան շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանիի մահուան լուրը: Լիբանանցիները մեծ գնահատանքով կը յիշեն ի նպաստ Լիբանանի հանգուցեալ իշխանին արտայայտած դիրքորոշումները, ինչպէս նաեւ քաղաքական, մարդասիրական ու բարգաւաճման...

Թեհրան. «Ամերիկեան Վերջին Հարուածները  Վիժեցուցին Անցնող Ամիսներու  Դիւանագիտական Բոլոր Ջանքերը»

Թեհրան. «Ամերիկեան Վերջին Հարուածները Վիժեցուցին Անցնող Ամիսներու Դիւանագիտական Բոլոր Ջանքերը»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց իրանեան հողերու դէմ ամերիկեան վերջին հարուածները` Միացեալ Նահանգները ամբաստանելով վերջին ամիսներու ընթացքին շրջանին մէջ լարուածութեան թուլացման համար թափուած դիւանագիտական բոլոր ջանքերը «վիժեցնելու» յանցանքով: «Այս վայրագ յարձակումները ոչ միայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքներուն բացայայտ խախտում են, այլ նաեւ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վտանգաւոր սպառնալիք», նշեց նախարարութիւնը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ աւելցուց,...

Աուն. «Խաղաղութեան Հաստատման Համար  Հարցերը Միայն Բանակցութիւններու  Ճամբով Կրնան Լուծուիլ»

Աուն. «Խաղաղութեան Հաստատման Համար Հարցերը Միայն Բանակցութիւններու Ճամբով Կրնան Լուծուիլ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան գործողութիւններու նախկին յատուկ յանձնակատար Սիկրիտ Քաակն ու Պալամանտ համալսարանի նախագահ Էլիաս Ուարաքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, եւ անոնց հետ անդրադարձաւ Լիբանանի կացութեան եւ շրջանին ու աշխարհի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ «Լիբանանի եւ աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատման համար ՄԱԿ-ի կատարած ջանքերուն եւ աջակցութեան, որ միջազգային կազմակերպութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ...

Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Կտրուկ Կերպով Կը Դատապարտէ Վրաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դերին Վերաբերեալ Ապատեղեկատուութիւնը»

Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի Մէջ Խառնածին Սպառնալիքներու Դէմ Պայքարի Առաքելութիւն Պիտի Տեղակայէ»

Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումի ժամանակ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները պիտի հաստատեն Հայաստանի համար Եւրոպական Միութեան նոր առաքելութեան ստեղծումը` խառնածին սպառնալիքներու դէմ պայքարելու նպատակով: Այս մասին յայտարարեց Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս: «Մենք նաեւ համաձայնութեան պիտի գանք Հայաստանի համար նոր գործընկերային առաքելութեան շուրջ` պայքարելու խառնածին սպառնալիքներու եւ արտասահմանեան տեղեկատուութեան շահագործման ու միջամտութեան դէմ,...

Իրան-Միացեալ Նահանգներ  Փոխադարձ Յարձակումներ

Իրան-Միացեալ Նահանգներ Փոխադարձ Յարձակումներ

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը նշեց. «Այսօր առաւօտեան Իրանի վրայ հարուածներու նոր փուլի ձեռնարկեցինք, երբ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յարձակում գործեց բեռնարկղներ փոխադրող եւ Կիպրոսի դրօշը բարձրացուցած նաւու մը վրայ»: Հրամանատարաութիւնը յայտնեց, ուր երէկ Իրանի մէջ զինուորական շուրջ 140 թիրախներ հարուածած է` հակադարձելով Իրանի կողմէ Հորմուզի նեղուցին մէջ առեւտրական նաւերու վրայ յարձակումի մը: «Թիրախները ներառեցին իրանեան հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերու...

Քաթարի Նախկին Իշխան Համատ  Պըն Խալիֆա Ալ Թանի Մահացաւ

Քաթարի Նախկին Իշխան Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանի Մահացաւ

Քաթարի իշխանական արքունիքը երէկ յայտարարեց, թէ Քաթարի նախկին իշխան շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանի մահացած է: Ան 74 տարեկան էր: Արքունիքը նշեց, որ շէյխ Համատ մահացած է կիրակի, 12 յուլիս 2026-ի առաւօտեան: Շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանի ծնած է 1952 թուականին եւ երկրի իշխանութիւնը ստանձնած 1995 թուականին: Ան կը նկատուի արդի Քաթարի ճարտարապետներէն մէկը: Ան երկիրը առաջնորդած է...

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի Արցախի  Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան  Դատավարութեան Զաւեշտը

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Դատավարութեան Զաւեշտը

Պաքուի վերաքննիչ դատարանին մէջ 10 յուլիսին շարունակուած է Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ պատանդներու` Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեանի, Բակօ Սահակեանի, Արկադի Ղուկասեանի, ինչպէս նաեւ նախկին բարձրաստիճան զինուորական եւ պետական գործիչներ Դաւիթ Իշխանեանի, Դաւիթ Բաբայեանի, Լեւոն Մնացականեանի եւ միւսներու բողոքներու քննութիւնը: Այդ մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները հայ առաջնորդները կը մեղադրեն շինծու մեղադրանքներու թղթածրարով, ներառեալ` «ահաբեկչութիւն», «ցեղասպանութիւն»...

Սալամ-Էրտողան Հանդիպում

Սալամ-Էրտողան Հանդիպում

Վարչապետ Սալամ ուրբաթ օր այցելեց Պոլիս, ուր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Սալամ յայտարարեց. «Բարեկամ պետութիւններու հետ բարձրագոյն աստիճանի խորհրդակցութիւն եւ համակարգում պահանջող շրջանային զգայուն փուլի ընթացքին, Թուրքիոյ հանրապետութիւն պաշտօնական այցելութեանս ծիրին մէջ ընդառաջեցի Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Պոլսոյ մէջ իր կեցութեան վայրին մէջ աշխատանքային ընթրիքի հրաւէրին»: Վարչապետը նշեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան...

Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Մէջ  Ընդունեց Հոգեւոր Տէրը

Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Մէջ Ընդունեց Հոգեւոր Տէրը

Ուրբաթ, 10 յուլիս 2026-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ այցելութիւնը: Երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ քննարկումները ընդգրկեցին երկու եկեղեցիներու գործակցութեան, վեհափառ հայրապետին Վատիկան կատարած այցելութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին հետ առնչուած հարցեր:

Page 16 of 795 1 … 15 16 17 … 795

Արխիւներ