Կնոջական

Ֆրանսիս Քիւրքճեանին Վերջին Անուշահոտը

Ֆրանսիս Քիւրքճեանին Վերջին Անուշահոտը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Անուշահոտի անուանի մասնագէտ Ֆրանսիս Քիւրքճեանը «Պըրպըրի» ընկերութեան համար ստեղծած է նոր անուշահոտ մը` «Մայ Պըրպըրի պլաշ»-ը: Անուշահոտին տիրական բոյրերը կիտրոնը եւ նուռն են. կան նաեւ վարդի, կանաչ խնձորի, յասմիկի եւ այլ ծաղիկներու երանգներ: Քիւրքճեանի նախնիները արմատով Արեւմտեան Հայաստանէն են: Ցեղասպանութեան տարիներուն ապաստանած են Հալէպ, ուրկէ տեղափոխուած են Ֆրանսա: Ֆրանսիս Քիւրքճեանը հեղինակ է աւելի քան հարիւր օծանելիքի, անոնցմէ...

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ուշադիր դիտեցէք նկարը եւ ըսէք, թէ ի՛նչ տեսաք առաջին հերթին: Ձեր պատասխանը հետաքրքրական բաներ պիտի բացայայտէ ձեր անձին մասին: Սեւ Կաթիլ... Եթէ առաջին հերթին սեւ կաթիլ տեսաք, աշխարհի երեսին դուք կարծէք կաթիլ մը ըլլաք, բոլորը ձեր կարիքը կը զգան, որպէսզի բաժակը լեցուն տեսնեն: Դուք շրջապատին հոգին էք, դուք բոլոր հաւաքոյթներուն պակսող մասնիկն էք, բոլորը կը ցանկան ձեր...

Կին Դէմքեր.  Մարիամ Միրզախանի

Կին Դէմքեր. Մարիամ Միրզախանի

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 15 յուլիսին Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ իրանցի յայտնի մաթեմաթիկոս «Ֆիլտց» մրցանակի դափնեկիր Մարիամ Միրզախանին: Միրզախանին առաջին կինն է եւ առհասարակ առաջին իրանցին, որ արժանացած է «Ֆիլտց» մետալին, որ համազօր է ուսողութեան Նոպելեան մրցանակին: Մինչեւ օրս աս մետալին արժանացած են 54 տղամարդ եւ 1 կին: Անիկա կը տրուի 40 տարեկանէն վար մաթեմաթիկոսներու, որոնք ուսողութեան ոլորտին մէջ կարեւոր նուաճում...

Կին Դէմքեր.  Իզապել Սատոյեան

Կին Դէմքեր. Իզապել Սատոյեան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Քանի մը օր առաջ մահացած է Իզապել Սատոյեանը,  որ հայ հանդիսատեսին ծանօթ է Հանրի Վեռնէօյի «Մայրիկ» ժապաւէնին մէջ Աննայի դերով: Դերասանուհին ֆրանսացի դերասան Ժան Պուիզի կինն էր: Ան աշխատած է ֆրանսացի մեծագոյն բեմադրիչներուն հետ, ինչպէս` Քլոտ Սոթէ, Քլոտ Լըլուշ, Ժան-Լիւք Կոտար եւ ուրիշներ: 2014-ին ան արժանացած է «Մոլիեր» մրցանակին` «Լ՛օրիժին տիւ մոնտ» (աշխարհի ծագումը) ժապաւէնին մէջ իր...

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Պատրաստեց ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ «Ի՞նչ տեսաք առաջին հերթին». պատասխանեցէք այս շատ պարզ հարցումին եւ իմացէք, թէ ո՛վ էք դուք... - Եթէ  առաջին հերթին պայթում տեսաք, կը նշանակէ, որ ձեր երեւակայութիւնը չափազանց զարգացած է: Դուք շատ ստեղծագործ անձ էք. մեծ յաջողութիւն կրնաք գտնել նորաձեւութեան աշխարհին մէջ` որպէս ոճաբան: Արուեստները եւս ձեր սրտին կը խօսին. ժամանակն է, որ ձեր մէջէն դուրս հանէք այս...

Իրի Մը Պատմութիւնը.  Չարենցի Վերջին Նուէրը

Իրի Մը Պատմութիւնը. Չարենցի Վերջին Նուէրը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանը պահուող ցուցանմուշներուն մէջ առանձին տեղ կը գրաւեն այն բազմաթիւ իրերը, որոնք բանաստեղծը տարբեր առիթներով նուէր ստացած է իր ընկերներէն եւ մտերիմներէն: Այդ նուէրներու շարքին կայ հատ մը, որ իր մէջ իւրայատուկ խորհուրդ մը ունի: Չինական օճառաքարէ արձանիկը, որ կը ներկայացնէ չին ականաւոր փիլիսոփայ Լաօ Ցզին: Այս քանդակին մեծագոյն գաղտնիքը տեսանելի չէ այցելուներուն համար, քանի...

Իրի Մը Պատմութիւնը.  Մօր Նուէրը` Մեծարենցին

Իրի Մը Պատմութիւնը. Մօր Նուէրը` Մեծարենցին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ «Հիւա՜նդ եմ, բարի՜ արեւ, շողա՜, շողա՜... Հոգիս թռչնիկ մըն է, օդ ու լոյսի, երգ ու ծիծաղի կարօտ...» Թէեւ բարի արեւին դիմող Մեծարենցը օրէ-օր կը սպառէր, սակայն ան չէր կորսնցներ ապաքինելու յոյսը: Մտածումի պահերուն անոր օգնութեան կու գային հայերէն եւ անգլերէն, թրքերէն եւ պարսկերէն գիրքերը, որոնք տրցակներով զետեղուած էին մահճակալին մօտ: Այդ գիրքերուն մէջ, Աստուածաշունչին կողքին, Միսաք Մեծարենցին...

Մարլեն Տիթրիչի Խօսքերէն

Մարլեն Տիթրիչի Խօսքերէն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Գերմանացի երգչուհի եւ դերասանուհի Մարլեն Տիթրիչ ծնած է 1901-ին, Պերլին եւ մահացած է 1992-ին, Փարիզ: Ան կը համարուի ամերիկեան շարժապատկերի առասպելական դերասանուհիներէն մէկը: 1930-ական թուականներուն կեցուածք կը ճշդէ նացիականութեան դէմ եւ գործնապէս կը մասնակցի Բ. Համաշխարհային պատերազմին եւ նշանաւոր կը դառնայ «Լիլի Մարլին» երգով եւ կ՛արժանանայ «Մետըլ աֆ ֆրիտամ»-ին: Տիթրիչ խաղացած է աւելի քան 60 ժապաւէններու մէջ...

Փորձ-Հարցարան.  Որու Կ՛օգնէիք Առաջին Հերթին

Փորձ-Հարցարան. Որու Կ՛օգնէիք Առաջին Հերթին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մեր ընտրութիւնը կրնայ շատ բան բացայայտել մեր մասին: Յաճախ ընտրութեան վրայ կ՛ազդեն բնաւորութեան գիծերը, խառնուածքն ու անհատականութիւնը: Ուշադիր նայեցէք նկարին եւ ըսէք, թէ որո՞ւ կ՛օգնէիք առաջին հերթին. ձեր պատասխանը կրնայ շատ բան բացայայտել ձեր մասին: - 1 - Եթէ ընտրեցիք մեծ մայրիկը, դուք բարձր արժէքներու տէր մարդ էք, որ կը գնահատէ պատմութիւնն ու անցեալի աւանդութիւնները: Դուք երկար...

Կին Դէմքեր.  Քարոլին Ռաֆայէլեան

Կին Դէմքեր. Քարոլին Ռաֆայէլեան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ամերիկեան «Ֆորպս» թերթի յունիսի թիւին կողքը նուիրուած է «Ալեքս էնտ Անի» ոսկերչական ընկերութեան հիմնադիր Քարոլին Ռաֆայէլեանին: Նշենք, որ «Ֆորպս»-ի վերոյիշեալ թիւը յատկացուած է ինքնուրոյն կայացած ամենահարուստ կիներուն, իսկ Ռաֆայէլեանը ցուցակին 2-րդ դիրքը կը գրաւէ: «Ալեքս էնտ Անի» ոսկերչական ընկերութիւնը Քարոլինը հիմնած է 2004-ին, Ռոտ Այլընտի մէջ, իր հօր հիմնադրած ոսկերչական գործարանը զարգացնելով: Ընկերութիւնը նշանաւոր է առաւելաբար իր...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Հեքիաթին Ազդեցութիւնը Երեխայի Զարգացման Վրայ

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Հեքիաթին Ազդեցութիւնը Երեխայի Զարգացման Վրայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հեքիաթը երեւակայական ուրախ աւարտով պատմութիւն մըն է` բարի եւ չար հերոսներու մասնակցութեամբ: Հոգեբաններու եւ մանկավարժներու կարծիքով, հեքիաթներու շնորհիւ երեխաները կը ստեղծեն իրենց երեւակայական աշխարհը, իրենք զիրենք կը պատկերացնեն այդ հերոսներու դերին մէջ եւ անոնցմէ օրինակ առնելով` կը սորվին բարին: Բժշկութեան մէջ շատոնց գոյութիւն ունի հեքիաթի ճամբով դարմանումը, որուն միջոցով ծնողներն ու մասնագէտները կը փորձեն լուծել երեխային հոգեբանական...

Մազերուն Կապուած 3 Տարածուած Սխալներ

Մազերուն Կապուած 3 Տարածուած Սխալներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Շատեր քնանալէ առաջ կը լուացուին, ակռաները կը խոզանակեն, դէմքին շպարը կը մաքրեն... Սակայն ոչ բոլորը ուշադրութիւն կը դարձնեն իրենց մազերուն: Ոմանք կը գործեն այնպիսի սխալներ, որոնք կը վնասեն մազերուն առողջութեան եւ կը փճացնեն զանոնք: Ահաւասիկ մազերու կապուած ընթացիկ 3 սխալներ, որոնցմէ պէտք է խուսափիլ, - 1 - Քնանալ Թաց Մազերով Շատ սխալ է թաց մազերով քնանալը, թաց...

Երբ Ձեր Տան Բոյսերը Կը Մեռնին

Երբ Ձեր Տան Բոյսերը Կը Մեռնին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Կը զարմանա՞ք, որ ձեր տան բոյսերը կը մեռնին, հակառակ տրուած խնամքին: Յուսահատելու կամ յանցաւոր զգալու պատճառ չկայ, կարեւորը ճիշդ ախտաճանաչում կատարել եւ պատճառները գտնելն է: Թերեւս Շատ Կը Ջրէք Բոյսը յաճախ ջրելը յաւելեալ սիրոյ եւ գուրգուրանքի նշան չէ: Չափազանց ջուրը պատճառ կ՛ըլլայ, որ բոյսին արմատը փտի, ցօղունը կակուղնայ, տերեւները թօշնին, ապա դեղնին ու թափին: Տան բոյսերը ջրեցէք...

Զատկուան Յարդարանք .  Զատկուան Մթնոլորտ

Զատկուան Յարդարանք . Զատկուան Մթնոլորտ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Քանի մը օրէն Ս. Զատիկ է. վստահաբար շատ մը տուներ արդէն զատկուան մթնոլորտի մէջ են, իսկ բոլոր անոնք, որոնք տակաւին առիթը չեն ունեցած իրենց տունը յարդարելու, ահաւասիկ` քանի մը հետաքրքրական գաղափարներ, որոնց իրականացումը քիչ մը ճարտարութիւն եւ համբերութիւն կ՛ենթադրէ: Տան դրան յարդարանք Հովանոց մը, փունջ մը ծաղիկ, ժապաւէն մը եւ քանի մը արհեստական հաւկիթ եւ ահա կը...

50-ը Անց Գեղեցիկ Կիներու Խորհուրդները

50-ը Անց Գեղեցիկ Կիներու Խորհուրդները

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ճուլիա Ռոպըրց, Սալմա Հայեք, Սինտի Քրաուֆորտ, Հալի Պերի 50-ը թեւակոխած, բայց տակաւին իրենց հմայքը պահող կիներ են... Այն տեսքը, որ ունի կինը 20 տարեկանին, բնութեան պարգեւն է, իսկ 40 տարեկանին` անոր ջանքերու պտուղն է: Ասիկա կը նշանակէ, որ հետեւիլ կազմուածքին եւ արտաքինին, զբաղիլ սիրած աշխատանքով, հոպի ունենալ, նոր բան մը ուսումնասիրել` անհրաժեշտ են ոչ միայն երիտասարդ տարիքին,...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Վարքի Հիմնական Կանոններ` Երեխաներուն Համար

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Վարքի Հիմնական Կանոններ` Երեխաներուն Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԳԼԵԱՆ Յաճախ կը պատահի, որ երեխաները իրենց կոպիտ կամ անքաղաքավար ընթացքով նեղ կացութեան մատնեն իրենց ծնողները: Պէտք չէ զանոնք մեղադրել, եթէ փոքր տարիքէն անոնք չեն սորված կենցաղավարութեան հիմնական կանոնները: Ստորեւ` վարքականոնի պարտադիր կէտեր` միշտ ի մտի ունենալով, որ երեխաներուն լաւագոյն օրինակը ծնողներն են: . Երեխային սորվեցնել «խնդրեմ» ըսել, երբ ան որեւէ բան պիտի ուզէ: . Երբ ան բան...

Թումանեանի Կեանքը Պատմող Խօսուն Իրեր

Թումանեանի Կեանքը Պատմող Խօսուն Իրեր

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Թումանեանի արձանը Օփերայի շրջափակէն ներս 94 տարի առաջ այս օրը Մոսկուայի մէջ մահացաւ Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը: 1953-ին  Թումանեանի Թիֆլիսի տունէն 9 մեծ բեռնակառքերով Երեւան փոխադրուեցան գրագէտին բոլոր իրերը: Անոր կնոջ եւ աղջիկներուն ջանքերով վերստեղծուեցաւ թիֆլիսեան տունը` Յովհաննէս Թումանեան թանգարան անունին տակ: Թանգարանը հիմնադրուեցաւ 1953-ի ապրիլին` նուիրուած Ամենայն Հայոց բանաստեղծի մահուան 30-ամեակին: Թանգարանին ճարտարապետն էր Գրիգոր...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Երեխան Դաստիարակելու Ոսկի Կանոններ` Մայր Թերեզայէն

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխան Դաստիարակելու Ոսկի Կանոններ` Մայր Թերեզայէն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ուշադի՛ր եղէք ձեր գործածած բառերուն, երբ երեխային հետ կը խօսիք: «Անխելք», «ծոյլ», «բթամիտ» եւ նմանօրինակ ածականներ վիրաւորական եւ նուաստացնող են. այս խօսքերը կը կործանեն երեխան եւ ժամանակի ընթացքին ան կը դառնայ անհետաքրքրասէր, անկարող եւ ծոյլ: *** Երեխան մի՛ վախցնէք հրէշներով, գայլերով, ոստիկանով: Ասոնք աւելի բարի եւ հնազանդ չեն դարձներ երեխան: *** Ձեր երեխան դաստիարակեցէք` ցոյց տալով անոր...

Փորձ Հարցարան.  Ծանօ՞թ Էք Հայկական Աւանդական Կերակուրներուն

Փորձ Հարցարան. Ծանօ՞թ Էք Հայկական Աւանդական Կերակուրներուն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Իմանալու համար, թէ որքանո՛վ ծանօթ էք հայկական աւանդական կերակրատեսակներուն, պատասխանեցէք ստորեւ տրուած հարցումներուն` ընտրելով 2 հաւանական պատասխաններէն ճիշդը: -1- Խրիմեան հայրիկը իր «Պապիկ եւ թոռնիկ» գիրքին մէջ, աւանդազրոյց մը պատմելով` բացատրած է, որ այս կերակուրը յառաջացած է «Հարէք զսա» նախադասութենէն: Այս կերակուրին արմատները շատ հին են, անիկա նաեւ կոչուած է քաշիկա եւ եղած է տօնածիսական ճաշ: ա.-...

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքները.  Կիտրոնը Օգտագործելու 10 Հետաքրքրական Տարբերակներ

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքները. Կիտրոնը Օգտագործելու 10 Հետաքրքրական Տարբերակներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ -1- Կիտրոնը` որպէս մաքրող հեղուկ: Կիտրոնը կեղուել, կտրտել, վրան 150 մլ. քացախ աւելցնել եւ ամբողջ գիշեր մը պահել: Յաջորդ օրը քամոցէ անցընել եւ փոխադրել սփռիչ շիշի մէջ, աւելցնել 150 մլ. ջուր, կիտրոնին կեղեւները եւ անանուխի մէկ-երկու տերեւ: Այս հեղուկով կարելի է մաքրել սառնարանը, մանրալիքը, խոհանոցի սեղանը, ծորակները, ապակին... -2- Խոհանոցի աշխատանքի տախտակը մաքրելու եւ հականեխելու լաւագոյն միջոցը,...

Page 20 of 25 1 … 19 20 21 … 25

Արխիւներ