Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երբ Ձեր Տան Բոյսերը Կը Մեռնին

Մայիս 4, 2017
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Կը զարմանա՞ք, որ ձեր տան բոյսերը կը մեռնին, հակառակ տրուած խնամքին: Յուսահատելու կամ յանցաւոր զգալու պատճառ չկայ, կարեւորը ճիշդ ախտաճանաչում կատարել եւ պատճառները գտնելն է:

Թերեւս Շատ Կը Ջրէք

Բոյսը յաճախ ջրելը յաւելեալ սիրոյ եւ գուրգուրանքի նշան չէ: Չափազանց ջուրը պատճառ կ՛ըլլայ, որ բոյսին արմատը փտի, ցօղունը կակուղնայ, տերեւները թօշնին, ապա դեղնին ու թափին:

Տան բոյսերը ջրեցէք երբ անոնց հողին մակերեսը չոր է, երբ մատով դպչելով հողը ձեր մատին չի փակչիր:

Թերեւս Թաղարի Սխալ Ընտրութիւն Ըրած Էք

Թաղարին ընտրութիւնը շատ կարեւոր է. անոր չափը պէտք է համապատասխանէ տուեալ բոյսին չափին, անոր յատակը պէտք է բազմաթիւ բացուածքներ ունենայ, որպէսզի յաւելեալ ջուրը դուրս ելլէ եւ արմատները չխեղդէ, կարեւոր է, որ թաղարին հողին ծաւալին 20 առ հարիւրը բաղկացած ըլլայ խիճէ կամ կիրի գնդիկներէ, որպէսզի հողը չխտանայ եւ բոյսը շնչէ:

Թերեւս Բոյսին Հողը Շատ Հին Է

Ձեր տան բոյսը երկու տարին անգամ մը պէտք է փոխադրել աւելի յարմարաւէտ թաղարի մը մէջ եւ անշուշտ նոր հողով փոխարինել` հինը: Առողջ հողը կ՛ապահովէ ձեր բոյսին առողջութիւնը:

Թերեւս Բոյսը Բաւարար Չէք Ջրեր

Եթէ ձեր բոյսին տերեւները կը ձեւափոխուին եւ կը չորնան, շատ հաւանաբար ձեր բոյսը բաւարար չէք ջրեր:

Եզրակացութիւն. որպէսզի ձեր բոյսը առողջ ապրի պէտք է, որ զայն չափաւոր ջրէք, անոր համապատասխան թաղար ընտրէք, հողի ճիշդ խառնուրդ ապահովէք, բայց նաեւ չմոռնաք լոյսին եւ պարարտացուցիչին կարեւորութիւնը:

 

Առողջապահական

Խնձորի Քացախի
Բուժիչ Յատկութիւնները

Խնձորի քացախը ո՛չ միայն կը բուժէ կարգ մը հիւանդութիւններ, այլ նաեւ կը կանխարգիլէ անոնցմէ շատերուն յայտնութիւնը:

Այս աժան եւ մատչելի սննդամթերքը անպակաս պէտք է ըլլայ մեր տուներէն: Չմոռնանք ընտրելու որակաւորը եւ բնական միջոցներով պատրաստուածը: Շուկայէն գնուած պատահական եւ անծանօթ տեսակները կրնան նոյնիսկ վնասակար դառնալ:

Ահա թէ ի՛նչ բաներու կ՛օգնէ խնձորի քացախը:

–  Կը դիւրացնէ մարսողութիւնը: Մէկ բաժակ ջուրի մէջ դգալ մը խնձորի քացախ, դգալ մըն ալ մեղր աւելցնել, լուծել եւ օրական մէկ բաժակ խմել:
–  Կը կարգաւորէ արեան բարձր ճնշումը: 150 միլիլիթր ջուրի մէջ 2 դգալ խնձորի քացախ աւելցնել եւ խմել օրական 1 անգամ:
–  Կը մեղմացնէ ստամոքսի ցաւը:
–  Կ՛օգնէ նիհարնալու:
–  Կը դարմանէ կոկորդի ցաւը:
–  Կը դարմանէ գերզգայնութիւնները:
–  Կը չէզոքացնէ բերնի անախորժ հոտերը եւ կը հականեխէ բերանը:
–  Կը նուազեցնէ քոլեսթերոլի բարձր տոկոսը:
–  Կը չէզոքացնէ մազին թեփը:
–  Կը դարմանէ դէմքին բշտիկները:
–  Կը ձերբազատէ գիշերային մկանի պրկումներէ:
–  Կը սպիտակեցնէ ակռաները:
–  Կը չափաւորէ շաքարի տոկոսը` արեան մէջ:

Բոլոր պարագաներուն ալ խնձորի քացախը պէտք է լուծել ջուրի մէջ եւ խմել կամ մորթին քսել առանց չափազանցելու:

 

 Նորաձեւութիւն

2017-ի Գարուն-Ամառ
Նորաձեւ Կօշիկները

2017-ի գարուն-ամառ նորաձեւութեան շաբաթի աստղն է «Սլինկպէք» կոչուած կօշիկը:

Քիթը գոց, իսկ կրունկին բաժինը բաց «Սլինկպէք» կօշիկները Գօգօ Շանէլին յղացումն են, անոնք առաջին անգամ շուկայ իջան 1957-ին: Շուրջ 60 տարի ետք «Սլինկպէք»-ը մեծ շուքով վերադարձած է Ք. Լակըրֆելտի, Տիորի, Հէրմէսի նորաձեւութեան հաւաքածոներուն ընդմէջէն:

Շատերու կողմէ հնաոճ եւ «մեծ մայրիկ» բուրող այս կօշիկները, ըլլան բարձրակրունկ, թէ տափակ, արդէն իսկ նուաճած են մեծ աստղերուն սիրտերը:

 

Հետաքրքրական

Անգլիոյ Թագուհին Եւ
Իր Սեւ Պայուսակը

Երբ Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին հանրութեան մէջ կը յայտնուի, ան երկու հիմնական աքսեսուարներ կը կրէ` գլխարկ մը եւ սեւ փոքրիկ պայուսակ մը:

Հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, թագուհին իր սեւ պայուսակին միջոցով կարճ եւ արագ պատուէրներ կը փոխանցէ իր անձնակազմին: Այսպէս` եթէ թագուհին ընթրիքի մըն է եւ իր սեւ պայուսակը սեղանին վրայ դրած է, կը նշանակէ որ ընթրիքը վերջ պիտի գտնէ յառաջիկայ 5 վայրկեաններուն ընթացքին: Իսկ եթէ պայուսակը գետին դրած է, կը նշանակէ, որ կ՛ուզէ վայրկեան առաջ վերջ տալ անախորժ խօսակցութեան մը:

Թագուհին իր սեւ պայուսակին մէջ կը կրէ փոքրիկ հայելի մը եւ շրթներկ մը, կարդալու ակնոցներ, անուանի համով փոքրիկ շաքարներ եւ ինքնահոս մը:

Էլիզապէթ թագուհին իր սեւ պայուսակին մէջ ունի նաեւ բջիջային հեռախօս մը` իր թոռնիկներուն հետ կապուելու համար: Նոյն լաւատեղեակ աղբիւրներուն համաձայն, սեւ պայուսակին մէջ կան ընտանեկան լուսանկարներ եւ թոռնիկներէն մնացած փոքրիկ արձանիկներ…

Հետաքրքրականը այն է, որ Անգլիոյ թագուհին իր սեւ պայուսակին մէջ ոչ անցագիր, ոչ բանալի եւ ոչ ալ դրամ կը պահէ… Այս ալ թագուհիին վերապահուած առաւելութիւն մըն է:

 

Խոհագիր

Կրկնեփը Նոր Տարազով

Բոլորիս ծանօթ են ֆրանսական «փըթի պէօր» կրկնեփները. ահաւասիկ հետաքրքրական ու նոր ձեւ մը զանոնք թէյի կամ սուրճի կողքին հրամցնելու համար:

Բաղադրութիւն

– 12 հատ «փըթի պէօր» կրկնեփ
– 100 կր. սեւ տուրմ
– 50 կր. ընկոյզի, պիստակի, չամիչի, կաղինի խառնուրդ
– 50 կր. շաքար

Պատրաստութիւն

Շաքարը տապակին մէջ դնել եւ թեթեւ կրակի վրայ քարամէլի վերածել:

Աւելցնել վերը յիշուած խառնուրդը, խառնել, ապա ոչ կպչուն թուղթի մը վրայ տարածել` պատառաքաղով մը զանոնք իրարմէ հեռացնելով:

«Պէն մարի»-ի միջոցաւ հալեցնել տուրմը, ապա մէկ կողմ դնել, որպէսզի պաղի:

Հրամցնելու պահուն կրկնեփներուն մէկ մասը թաթխել հալած տուրմին մէջ, վրան զետեղել չամիչ, կաղին, պիստակ, ընկոյզ եւ անմիջապէս հիւրասիրել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ձեռքեր

Դուք` քրտնաթոր, տանջուած ձեռքեր,
Արեգակից խանձուած ձեռքեր,
Ձեռքեր` բքից, շոգից ճաքած,
Դո՛ւք, որ հողից քամում բերքեր,
Ցաւն էք անգամ դարձնում երգեր`
Վհատութեան դուռը փակած:
Դո՛ւք, որ հանքից քար էք հանում,
Որ ծակծըկւում` կար էք անում,
Տապակւում էք` հալում մետաղ,
Եւ, յոգնատանջ, դառնալով տուն,
Մէկով թոռին, մէկով որդուն
Պինդ գրկելով` ասում «մատա՜ղ»:
Դո՛ւք, որ երէկ բռնել էք զէնք,
Դո՛ւք, որ այսօր շինում էք շէնք,
Կամուրջ գցում, կապում կամար.
Որ քիչ վերցնում, շատ էք դնում,
Շատ էք տալիս, քիչ ստանում`
Հասկանալով ինչի համար:
Դո՛ւք, որ մթնում լոյս էք փռում,
Որ խրախոյս, յոյս էք փռում,
Ձեռքե՛ր, ձեռքե՜ր ժողովրդի,
Դուք` ստեղծո՛ղ, ճարտա՜ր ձեռքեր,
Դուք` չկեղծո՛ղ, արդա՜ր ձեռքեր,
Ձեզ է երգում ձեր խորթ որդին`
Ակնածանքո՜վ` ձեռքը սրտին,
Մեծարանքո՜վ` երգը շրթին…

Պ. ՍԵՒԱԿ

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Մայիս 1967օ

Յաջորդը

Համազգայինի «Արեգ» Թատերական Դպրոցի Իւրօրինակ Դասերը «Վանայ Ձայն»-ի Եւ «Լ. Թիւթիւնճեան» Պատկերասրահին Մէջ

RelatedPosts

Ինքնուրոյն Երեխայ Դաստիարակելու 7 Կանոններ
Կնոջական

Ինքնուրոյն Երեխայ Դաստիարակելու 7 Կանոններ

Օգոստոս 11, 2022
Առողջապահական.  Մաշկաբանին Կարծիքով
Կնոջական

Առողջապահական. Մաշկաբանին Կարծիքով

Օգոստոս 4, 2022
Խնկունիի Օգտագործման Հետաքրքրական Տարբերակներ
Կնոջական

Խնկունիի Օգտագործման Հետաքրքրական Տարբերակներ

Յուլիս 28, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In