Հայ Կին Շեֆերու Յաջողութիւնները. «Վոկ» Ամսաթերթը Յօդուած Նուիրած Է Հայ Կին Շեֆ Խոհարարուհիներուն
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ամերիկեան «Վոկ» ամսաթերթը յօդուած տրամադրած է հայ կին շեֆ խոհարարուհիներու, որոնք վերաիմաստաւորած են ազգային խոհանոցը` անոր մէջ ժամանակակից շեշտադրումներ մտցնելով: Խօսքը կը վերաբերի Արեւիկ Մարտիրոսեանին, Վարդա Աւետիսեանին եւ Անի Յարութիւնեանին` խոհարարական կալուածէն ներս, Մարիամ Սաղաթելեանին` գինեգործութեան եւ Մարինա Շաքարեան-Միքայէլեանին` պանրագործութեան կալուածներէն ներս իրենց ձեռքբերումներուն, հմտութեան եւ նորարարական մօտեցման համար: Ստորեւ յօդուածէն կը մէջբերենք բաժիններ, որոնք կը վերաբերին Հայաստանին...













