ՄԱՀԱԶԴ
Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութեան պաշտօնաթերթ «Բագին» գրական գեղարուեստական պարբերաթերթի խմբագրութիւնը կը գուժէ իր խմբագրական խորհուրդի անդամներէն, «Բագին»-ի երկարամեայ աշխատակից, սփիւռքահայ վաստակաշատ մտաւորական եւ կրթական մշակ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 9 օգոստոս 2024-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Փալանճեան- Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 1963-ի շրջանաւարտներէն
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 9 օգոստոս 2024-ին
—————————————
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութիւնը կը գուժէ խոհուն մտաւորական, հրապարակագիր, գրագէտ, մանկավարժ եւ դասագիրքերու հեղինակ`
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 9 օգոստոս 2024-ին:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՆՈՒՇ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 11 օգոստոս 2024-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՅԱԿՈԲ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆի մահուան Բ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 11 օգոստոս 2024-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱՒՕ ԶԱՐՄԷՆԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 11 օգոստոս 2024-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Պաղտասարեան, Աբրահամեան եւ Գարակէօզեան ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեանին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով եւ առցանց միջոցներով մասնակից եղան իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին` ԱՆՈՒՇ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ մահուան սուգին: