Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (26 ՅՈՒԼԻՍ 1961)

July 26, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՎԱԶԳԷՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՏԵՍԱԿՑԻ
ԱՒՍՏՐԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Վիեննայէն 22 յուլիս թուականով կը գրեն Պոլսոյ «Մարմարա»ին.-

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Վազգէն Ա. երէկ Աւստրիոյ վարչապետին այցելեց եւ ունեցաւ սիրալիր տեսակցութիւն մը անոր հետ:

Վարչապետի հետ այս տեսակցութենէն յետոյ վեհափառը իր հետեւորդներով եւ վիեննահայ գաղութի վարչութեան անդամներու հետ այցելեց մօտակայ բլուր մը, ուր տեղի ունեցաւ մտերմիկ ճաշ մը, յետոյ վեհափառ հայրապետը այցելեց Վիեննայի տեսարժան վայրերը, այս առիթով այցելեց Շէօնպրուն պալատի շրջանակը եւ երեկոյեան ճաշեց Սարգիս Կարապետեանի տան մէջ: Ճաշին ներկայ էին բազմաթիւ ազգայիններ եւ մեր բարեկամ Վահան Իսպէչէրեան:

Այսօր վեհափառ հայրապետը հրաւիրուած է Մխիթարեաններուն, ուր պիտի ճաշէ, պիտի շրջի վանքի զանազան բաժանումները եւ մասնաւոր գրադարանը:

Վաղը առաւօտ ան պիտի նախագահէ Վիեննայի հայոց մատրան մէջ տեղի ունենալիք պատարագին: Ս. պատարագը պիտի մատուցանէ Կոմիտաս եպիսկոպոս: Եկեղեցական արարողութիւնները պիտի սկսին վաղն առաւօտ ժամը 10.30ին:

ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Եօթներորդ տարին է, որ յունիսի վերջերուն Երեւան կը հաւաքուին Հայաստանի բոլոր շրջաններէն եկած արիներն ու արենոյշները, ու հինգ օր անընդհատ կը պտտին, կը տեսակցին ու վերջապէս «Իրենց շնորհները կը ցուցադրեն»:

Այս տարի եւս այցելած են թանգարաններ եւ տեսարժան վայրեր, հանդիպումներ ունեցած են երգահաններու հետ: Վերջապէս յունիս 30-ին, «Յաղթանակ» հանրային պարտէզին եւ հայֆիլհարմոնիայի դահլիճին մէջ ներկայացուցած են պարեր, երգեր եւ արտասանութիւններ:

Սեւանայ լիճին մօտերը պիտի շինուի պիոներներու, այսինքն արիներու եւ արենոյշներու քաղաք մը` «Արեւիկ» անունով:

13 ՆՈՐ ԸՆԿԵՐՆԵՐ
ՇԱՐՔԵՐԸ Կ՛ԱՆՑՆԻՆ

Հայ երիտասարդական դաշնակցութեան 13 նախկին անդամներ անցան ՀՅԴաշնակցութեան Մետֆըրտի կոմիտէին, Ուոթըրթաունի ակումբին մէջ կատարուած հաւաքոյթով մը, հինգշաբթի իրիկուն:

Յովհաննէս Տէր Յովհաննէսեան, մեր ղեկավար ընկերներէն, խօսեցաւ նորագիր ընկերներուն, հայ երիտասարդութեան հայրենասիրական պարտականութեան մասին:

Ատենապետեց ընկ. Խաչատուր Եղիազարեան, որ «Մետֆըրտի ՀՅԴ կոմիտէին ատենապետն է: Եգիպտոսէն, ծանօթ Սարգիս Փիլաւեան ողջունեց հաւաքոյթը, Միջին Արեւելքի ընկերներուն կողմէ խմբագիր, Վարդան Մնակեան` բանաստեղծ, օրդ. Շաքէ Էրմետեան` Շուշան, Զաւէն Քրտոյեան` Լուսանկարիչ: Հրայր` քահանայ, Զոհրապ Գասպարեան, Զոհրապ Թորոսեան, Զոհրապ Մարգարեան` բեռնակիրներ:

Համարձակ ու ուշագրաւ խաղարկութիւն ունեցան Մանուկ Աղային կինը, բանաստեղծը եւ տիկին Շուշանը մարմնաւորողները:

Տարազները յարմար էին, բայց առանց պեխի Աբիսողոմ աղան անյարմար:

Այս սկզբնական փորձէն ետք Զաւարեանի պատանիներէն ակնկալելի են աւելի յաջող ներկայացումներ:

Կ. Խ.

ՄԱԶՈՒԹԻ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒ
ԳՈՐԾԱԴՈՒԼԸ ՎԵՐՋ ԳՏԱՒ

ՊԷՆԶԻՆԻ ԳԻՆԸ ՆՈՒԱԶՈ՞ՒՄ ՊԻՏԻ ԿՐԷ

Մազութի ինքնաշարժներու գործադուլը տեւեց միայն երեսուն ժամ: Երկուշաբթի առտու սկսաւ ու երէկ կէսօրին կանգ առաւ: Բանթող շարժավարներու սենտիքաներու նախագահները կէսօրին հրատարակեցին կարճ զեկոյց մը, որուն մէջ յայտարարեցին, թէ յօժարած են աշխատանքի վերսկսիլ` նկատի ունենալով, որ իշխանութիւնները լաւ տրամադրուած են` քննելու համար մազութի ինքնաշարժներու պարագան:

Բուն պատճառը սակայն պարզուեցաւ վարչապետին կողմէ: Կէսօրին իր գրասենեակէն ելլելու պահուն, Սաեպ Սալամ յայտարարեց, թէ «Գործադուլը ամբողջովին ձախողած է»: Ս. Սալամ ընդգծեց, թէ օրէնքը (մազութի ինքնաշարժներու հրապարակէն վերցուելու մասին) տառացիօրէն պիտի գործադրուի». ու աւելցուց. «Առաջին  իսկ վայրկեանին, ըսած էի, թէ կառավարութիւնը պատրաստ էր քննելու ամէն վնաս եւ կանխելու հետեւանքները»:

Մինչ այդ Էմիլ Նատի` նախագահը այն սենտիքային, որուն անդամները շարժումին չէին միացած, այցելեց ներքին նախարար Ապտալլա Մաշնուքի` անոր հետ քննելու համար պենզինի գինին նուազման հարցը: Պր. Նատի նոյն հարցի մասին խօսած էր Ելեւմտական նախարար Փիեռ Ժեմայէլի հետ:

Նախորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 903 25/07/2011-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՈՂՆԱՅԱՐԻ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄ ՄԸ ԿՐՆԱՅ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵԼ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՈՂՆԱՅԱՐԻ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՇՆՉԱՌՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑ ՈՒՆԵՑՈՂ ՀԻՒԱՆԴՆԵՐՈՒՆ ՇՆՉԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.