Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ

July 30, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ

ՍՈՎԵՏԱԿԱՆ ՄԵԹՈՏ

Մոսկուայի ձայնասփիւռի կայանը, մէկ քանի օր առաջ, փոքրիկներու համար սկսած է նոր հեռարձակումի մը, ուր անոնց կը նկարագրէ աշխարհի զանազան երկիրները եւ այդ երկիրներու տեսարժան վայրերը:

Ահա թէ փոքրիկներուն ինչպէս ներկայացուցած է Լոնտոնի Պիկ-Պէն հսկայ ժամացոյցը, որ նշանաւոր է ամբողջ աշխարհի մէջ.- «Ամէն առտու, անգլիացիք իրենց ժամացոյցները կը լարեն այս մեծ ժամացոյցին վրայ: Բայց, Պիկ-Պէնի զարկերը բոլորին համար ալ նոյն կերպով չեն հնչեր: Անոր զարկերը կապիտալիստներուն, դրամատէրներուն եւ ընդհանրապէս ժողովուրդը շահագործողներուն կը յիշեցնեն, թէ` կը սկսի ուրիշ օր մը, որու ընթացքին նոր շահեր պիտի ապահովեն: Անոր զարկերը գործաւորներուն ալ կը յիշեցնեն, թէ` կը սկսի յոգնութեան եւ տքնութեան նոր օր մը, որուն ընթացքին պիտի աշխատին` որպէսզի իրենց գործատէրերը հարստութիւն դիզեն»:

ՆԻՒ ԵՈՐՔ 25 ՏԱՐԻ ԵՏՔ

Կ՛ըսեն, թէ Նիւ Եորք, իբրեւ քաղաք, ներկայիս անտանելի է իր բնակիչներուն համար, բայց, քսանհինգ տարի յետոյ, այսօրուընէ շատ աւելի գէշ պիտի ըլլայ:

Այսօր, Նիւ Եորք ամբողջ աշխարհի մէջ ինքնաշարժային ամէնէն մեծ խճողումը ունեցող քաղաքն է: Նիւ Եորքի շրջանին մէջ կը բնակին տասնվեց միլիոն մարդիկ եւ շրջանին մէջ կան 1467 Քաղաքապետական խորհուրդներ, որոնք սովորաբար իրարու հակասող որոշումներ կու տան:

Աշխարհի ուրիշ ոչ մէկ քաղաքի մէջ բնակարանի տագնապը սուր է այնքան, որքան Նիւ Եորքի մէջ: Եւ սակայն, այս ամէնը ոչինչ են բաղդատմամբ այն կացութեան` որ ամերիկեան այդ մեծ քաղաքին մէջ պիտի տիրէ քսանհինգ տարի ետք:

Խելքը գլուխը եղող որեւէ մէկը պիտի չկարենայ ապրիլ Նիւ Եորքի մէջ, կամ` եթէ որոշէ ապրիլ, կարճ ժամանակի մը ընթացքին խելքը գլուխը պիտի չմնայ:

ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Ծանօթ գրագէտ Կոստան Զարեան եւ աղջիկը` Նուարդ Հայաստան կը գտնուին քանի մը շաբաթներէ ի վեր: Յուլիս 6-ին Կ. Զարեան շահեկան դասախօսութիւն մը տուաւ «Լէօնարտօ տա Վինչին եւ Հայաստանը» նիւթին մասին:

«Նաւը լերան վրայ» եւ այլ արժէքաւոր գործերու հեղինակը քննութեան առած է իտալական Վերածնունդի մեծ դէմքերէն նկարիչ, քանդակագործ եւ միեւնոյն ատեն գիտնական Լէօնարտօ տա Վինչիի «Ատլանտեան մատեանը» եւ փաստելով ցոյց տուած, թէ 1482-ին մեծ արուեստագէտը գտնուած է Միջին Արեւելք (Կիպրոս, Կիլիկիա Հայաստան), ուր ուսումնասիրած է տեղական բարքերը, հետաքրքրուած է հայկական ճարտարապետութեամբ, կատարած է չափագրութիւններ եւ իրեն հետ Իտալիա տարած է գծագրութիւնները:

Դասախօսութենէն ետք տեղի ունեցած է մտքերու փոխանակում:

ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ

Զանգեզուրը հռչակաւոր է իր երկնամերձ լեռներով, կոյս անտառներով, անդնդախոր կիրճերով եւ արագահոս գետերով: Ներկայիս այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ իր ընդերքի անսպառ գանձերը` մոլիպդէն, պղինձ, երկաթ, բազմատեսակ շինանիւթեր:

Տարիներէ ի վեր ստեղծուած են արդիւնաբերական մեծ ձեռնարկութիւններ եւ աւաններ: Ներկայիս արագ թափով կը շինուի նոր գործարան մը եւս, Ագարակի պղինձի եւ մոլիպդենի գործարանը:

Նախորդը

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ

Յաջորդը

ՈՒՐԱԽ ՔՈՍԹԱ ՌԻՔԱՆ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.