Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (28 ՅՈՒԼԻՍ 2011)

July 28, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԵՍԱՅ ԵՐԵՒԱՆԸ

(ԽԱՊՐԻԿՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ)

Այս տարի բախտը ունեցայ երթալու, տեսնելու մեր ներկայ եւ արդիական Հայաստանը: Իսկապէս բախտ մըն էր այդ, բախտ մը` գուցէ քիչերուն վիճակուած: Նախապէս միտք չունէի գրել տպաւորութիւններս այդ առթիւ, բայց հայրենակարօտ մէկ բարեկամիս (Ֆրանսա) հետեւեալ տողերը ստիպեցին զիս գոնէ մասամբ գրի առել այն, ինչ որ տեսայ եւ ապրեցայ: Բարեկամս, որուն երկտողով մը իմացուցած էի Հայաստանէն վերադարձս, կը գրէ. «Շնորհակալութիւններ Հայաստանէն բերուած անուշ յիշատակներէն գոնէ փոքրիկ բաժին մը ինծի տրուելուն. սակայն այդքանով գոհանալ կարելի չէ, վասնզի սրտի եւ հոգեկան աչքերու եւ ականջներու պահանջը չափազանց կարեւոր է: Տարիներու զրկանքը, կարօտն ու պապակը հալումաշ ընող, մեր կեանքը մրրկավարող է… Հայրենական յուշ ու յիշատակ խամրելու եւ մեռնելու ենթակայ են հեռաւոր հայ տարագիրներու համար: Հայաստանի նորագոյն կենդանի պատկերը միայն կրնայ վերապրեցնել մեզ, շունչ ու հոգի տալ, անոր կապուիլ ու վերակազմուիլ: Ուստի ո՛վ որ բաց աչօք կը տեսնէ մեր հայրենիքը, հարկ է որ նա վերաներշնչէ, ամբողջական էութեամբ խորաթափանցէ բոլոր հայ հոգիներուն մէջ` ներմուծելով գիտակցական հայութիւն: Հետեւաբար կը խնդրուի գրել, շատ գրել, ամէն ինչ տեղեկագրել, ինչ որ դուք տեսաք, լսեցիք: դատեցիք եւ համոզում գոյացուցիք մեր երկիրի մասին ընդհանուր առմամբ եւ բաց սրտով:

Այո, «բաց սրտով» եւ անկեղծութեամբ պիտի գրեմ. բայց թող ներէ բարեկամս, եթէ ստիպուած ըլլամ համառօտել ըսելիքներս:

Ուրեմն այս տարի, մայիս 6-ի առտուն հասայ Երեւան` Խորհրդային Հայաստանի մայրաքաղաքը: Նորապսակ հարսի մը պէս պճնուած էր ան` տօնելու համար խորհրդայնացման 40-ամեակը: Բացի պետական մեծամեծ հիւրերէ` հոն եկած էին նաեւ արտասահմանի հայեր` Ամերիկայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Հապեշիստանէն եւ այլն, եւ այլն: Վերջիններս մեծ մասով հրաւիրուած էին հայ կառավարութենէն եւ անոր պատուոյ հիւրերն էին: Արտասահմանէն եկողներու բնակարան յատկացուած էր «Արմենիա» պանդոկը, հինգ յարկանի շքեղ շէնք մը` ամէն յարմարութիւններով, դիւրութիւններով ու հանգստաւէտ սենեակներով: Սա կառուցուած է Երեւանի կեդրոնը, հսկայ բոլորշի հրապարակի մը վրայ` Լենինի անունով, որուն շուրջը շարուած են կառավարական շէնքեր, եւ ասոնց առջեւը գեղեցիկ ջրաւազան մը` ցայտաղբիւրներով, որուն մէջէն դուրս ցցուած 40 կարգի լեզուակներ, որոնք հրավառ ջահեր կը դառնային իրիկունները` սիրուն տեսարան մը պարզելով մինչեւ առաւօտ:

Առաջին օրէն ազատ էի քաղաքը պտտելու եւ տեսարժան վայրերը այցելելու: Աչքի զարնող առաջին տպաւորութիւնս էր քաղաքին զուտ հայկական նկարագիրը. ամէն բան եւ ամէն կողմդ միայն հայերէն կը լսես` միայն հայերէն կը կարդաս: Փողոցի եւ խանութներու անունները հայերէն գրուած են, ոստիկան եւ պետական պաշտօնեաներ հայերէն կը խօսին, պարտէզներու մէջ, տուներու առջեւ խաղացող տղաք հայ լեզուով կը ճռուողեն: Ասիկա այնքան տպաւորիչ է օտար երկինքներու տակ ապրողներուս համար, որ հոգեկան հրճուանք եւ ցեղային խայտանք կը պատճառէ: Պէտք է յիշել նաեւ, որ Երեւանի հայերէնը ինքնայատուկ քաղցրութիւն մը ունի: Ժամը վեցուկէսն է ըսելու տեղ կ՛ըսեն. վեցանցկէս, հինգը 10 անցած է` տասանցհինգ եւ այլն:

Երեւան, զոր առաջին անգամ կը տեսնէի` բոլորովին նոր քաղաքի մը տպաւորութիւն կ՛ընէ իր կեդրոնական եւ մեծանիստ շէնքերովը, որոնք կարմիր տուֆի լուսաւէտ եւ ծիծղուն քարերով շինուած են: Տուֆը միայն կարմիր չէ սակայն, կայ նաեւ մոխրագոյն եւ սեւ տուֆ` Հայաստանի հարստութեան եւ արտածումի նիւթերէն մին: Փողոցները մաքուր եւ ծառազարդ են ընդհանրապէս: Մեծագոյն պողոտան «Ստալին» անունը կը կրէ` մեծապէս գերազանցելով նախկին մեծագոյնը` Աբովեան` իր լայնատարած ընդարձակութեամբ, փառաւոր ծառուղիովը եւ ծաղկազարդ մայթերովը:

Երեւան մասամբ շրջանակուած է կանաչազարդ եւ անտառախիտ բլուրներով, որոնց հեռաւոր տեսքն իսկ սրտապարար եւ յանկուցիչ է:

Քաղաքը ունի մարդատար ինքնաշարժներու եւ հանրակառքերու կանոնաւոր երթեւեկ` չափազանց աժան գիներով. երեք կոպեկ, որ հազիւ մէկ աւստրիական շիլինկ կ՛ընէ (Վիեննայի հանրակառքը երեք շիլինկ է):

Եկեղեցիները երեքն են` Ս. Սարգիս, Ս. Յովհաննէս եւ Ս. Զինաւոր. կարծեմ կիրակի մը տեսայ Ս. Սարգիսը, ուր ձայնաւոր պատարագ կար եւ ժողովուրդը լեցուցած էր զայն բերնէ բերան: Երեւանի առաջնորդն է Վահան վարդապետ Տէրեան, քեսապցի:

Ժողովուրդին հագուստ-կապուստը եւրոպական է, մաքուր, ճաշակաւոր եւ զերծ` պոռոտ շռայլութենէ: Երեւանցին ուրախ է, շէնշող եւ առատաձեռն, հաճոյք կը զգայ ճաշի հրաւիրելէն եւ ճաշի ժամանակ չի խմեր` առանց բաժակաճառի: Բացի ծանօթ քոնեաքէն եւ օղիէն` կան գինիներու տեսակներ` «Վերնաշէն», «Հրազդան», «Էջմիածին», «Ոսկեվազ» եւ այլն: Ճոխ է նոյնպէս ճաշացուցակը ինքնուրոյն տեսակներով, ինչպէս` «Երեւանի պոզպաշ», «Ուքրանական պորշ», «Սեւանի Իշխան» եւ այլն:

Երեւան քաղաքը ներկայիս ունի 600 հազար բնակիչ, որմէ 500,000-ը զուտ հայ է:

Հ. Ե. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Նախորդը

Օդերեւոյթ (28 յուլիս 2011)

Յաջորդը

ՏՕՆԵՐ-ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՎԱՐԴԱՎԱՌ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.