Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (13 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

September 13, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԳԻՏՆԱԿԱՆ ՄԸ
ԵԳԻՊՏԱՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ Կ՛ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ
ՊԸՐՔԼԷՅԻ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ

Գահիրէի «Իմաժ» թերթին մէջ Կապրիէլ Պիթար կը գրէ.-

Մասնաւոր արտօնութեամբ յաջողեցանք մտնել Պըրքլէյի հիւլէական հետազօտութեանց կեդրոնը, որ ենթակայ է Քալիֆորնիոյ համալսարանին: Բազմաթիւ քիլոմեթրի վրայ երկարող լեռնային տարածութեան մը վրայ ինքնաշարժը կը սուրայ ժամական հարիւր քսան քիլոմեթր արագութեամբ: Զինուորական կայանի մը զինուորները կը փակեն ճամբան: Մեզի նշան կ՛ընեն կանգ առնելու: Բացի հիւլէական կեդրոնին մէջ աշխատող գիտնականներէն եւ մասնագէտներէն, ուրիշ ոչ ոքի արտօնուած է մօտենալ հիւլէական հսկայական աշխատանոցին եւ ուսումնասիրել անոր բազմապիսի գործունէութիւնը: Չմոռնա՛նք, հո՛ն էր, որ պատրաստուած էր Հիրոշիմայի վրայ արձակուած նշանաւոր հիւլէական ռումբը: Այդ օրէն ի վեր ուրիշ բազմաթիւ հիւլէական ռումբեր պատրաստուեցան Պըրքլէյի եւ Մ. Նահանգներու այլ հիւլէական կեդրոններու մէջ:

Ատենէ մը ի վեր Պըրքլէյի կեդրոնը մասնագիտացած է բնութեան ամէնէն տարրական մասնիկներու տարանջատման եւ անոնց փոխազդեցութեան ուսումնասիրութեան մէջ: Երբ այս ուղղութեամբ գիտական պրպտումները աւարտին, մեծ յեղաշրջում մը տեղի պիտի ունենայ եւ մարդը, որ անջրպետին մէջ ճամբորդելու եւ մօտենալու վրայ է երկնային անհունօրէն մեծ մարմիններուն, զուգընթացաբար պիտի ծանօթանայ նիւթին կազմութեան գաղտնիքին, ուրիշ խօսքով` պիտի կարենայ վերստեղծել տիեզերքը:

Մեր ուղեկիցը` Զաւէն Կիրակոսեան, որ իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Կիզէի համալսարանին մէջ, եւ որ իր տոքթորան առած է Պըրքլէյի համալսարանէն, մասնագիտացած է հիւլէական բնագիտութեան մէջ եւ այժմ կը մասնակցի Մ. Նահանգներու հիւլէական մեծ գործարաններու ամէնէն գաղտնի գիտական պրպտումներուն: Այս պատճառով է, որ անոր միջամտութեան շնորհիւ` արտօնութիւն ստացանք իր ընկերակցութեամբ այցելելու Պըրքլէյի հիւլէական կեդրոնը:

Ցոյց տուինք արտօնագիրը եւ վաւերաթուղթերը, որոնք մանրակրկիտ կերպով քննուեցան: Ապա ճամբու արգելակը վերցուեցաւ եւ մեր ինքնաշարժը սկսաւ սուրալ դէպի հիւլէի «տաճար»ը: Մեզ տպաւորեցին տարածութեան անհունութիւնը եւ մեզ շրջապատող մեքենաները, մանաւանդ` բոլորաձեւ մեծ մեքենայ մը, որ շրջապատուած էր կրաղիւսի եւ կապարի հաստ պատով մը: Աշխարհի ամէնէն կարեւոր «Պեւաթրոն» է` բացատրեց մեր ընկերը:

– «Պեւաթրոն»ը փրոթոնին (ժխտական ելեկտրականութեամբ հիւլէ) համար այն է, ինչ որ «Սինքրոթոն»ը ելեկտրոնին համար է,- ճշդեց Զաւէն Կիրակոսեան:- Անոր զանգուածը կազմուած է տասը հազար թոն պողպատէ եւ 350 թոն պղինձէ:

Հազար ժամացոյցի երեսներով եւ հազար անագայթաչափերով հակակշռի սենեակին մէջ մասնագէտները շարունակ զննութեանց մէջ են: Սենեակին մէկ անկիւնը անկողին մը կայ, ուր կրնան հանգչիլ փոխն ի փոխ: Ամէն վայրկեան կ՛արձանագրեն «Պեւաթրոն»ին մէջ հիւլէին կատարած շարժումներուն զանազան երեսները: Միլիոնաւոր լուսանկարներ առնուած են ուսումնասիրելու համար արագութեան ազդեցութեան տակ նիւթին տեւական կերպարանափոխութիւնները, փրոթոններու շարժումը, ելեկտրական հոսանքները եւ այլն:

– Տիեզերական ճառագայթներու մասին պրպտումները եւ տեսական ուսումնասիրութիւնները,- կ՛ըսէ Կիրակոսեան,- ցոյց կու տան, թէ շատ մեծ ուժ ունեցող մեքենաները կրնան թէ՛ մեծ թիւով եւ թէ՛ այլազան մեծութեամբ հիւլէի մասնիկներ արտադրել: Այս հաստատումը ստուգուեցաւ, երբ «Սինքրոսիքլոթրոն»ը արուեստականօրէն արտադրեց մեզոններ (ելեկտրոնէն 200 անգամ զօրաւոր մասնիկ): Այս շատ ուժեղ մասնիկները կատարելապէս կարենալ ուսումնասիրելու համար էր, որ շինուեցաւ «Պեւաթրոն»ը: Ծրագիրը վաւերացուեցաւ 1948 փետրուարին եւ անոր առաջին արդիւնքները երեւան եկան 1954-ին:

– Ի՞նչ են այս գիտական պրպտումներուն գործնական հետեւանքները խաղաղութեան մարզին մէջ,- հարցուցինք մեր խօսակցին:

– «Փրոթոն»ներու եւ «հակափրոթոն»ներու միջգործունէութեամբ կ՛արտադրուին «լամտա» ծանր մասնիկներ «հակալամտաներ»ով: «Հակալամտա»ի ստեղծումին առաջին լուսանկարը առած ենք հիւլէական բնագիտութեան պատմութեան մէջ: Այս գիւտին շնորհիւ` մենք պիտի ծանօթանանք բնութեան ամէնէն պարզ ու տարրական մասնիկներու միջգործունէութեան: Եւ թափանցելով անոնց կազմութեան գաղտնիքին` կարելի պիտի ըլլայ պարզապէս վերստեղծել տիեզերքը: Կը տեսնէք, որ ասիկա աննշան գործ մը չէ:

Պըրքլէյի համալսարանին մէջ արաբ երիտասարդուհի մըն ալ մասնագիտանալու վրայ է հիւլէական  գիտութեանց մէջ: Նատիա Սուքա Մուսթաֆան է ան: Չենք տարակուսիր, որ այս երկու երիտասարդ գիտնականները, որոնք ծնած են ԱՄՀ-ի հարաւային նահանգին մէջ, շուտով նշանաւոր պիտի դառնան գիտութեան այս հետաքրքրական մարզին մէջ, որ կ՛ընդգրկէ հիւլէական բնագիտութիւնը եւ տարրալուծութիւնը` ի սպաս խաղաղութեան:

Նախորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 917 12/09/2011-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

«ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ, ՈՐ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ ՄԸ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՈՒԺ ՈՒՆԻ, ՔԱՆ` 300 ԷՋՆՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ԱՏՈՐ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆԵՑԻ ԱՅՍ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ՊԱՂՏԻԿ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.