Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԹԷ ԼՈՒՍԻՆԸ ԿՐԻՒՅԷՐ ՊԱՆԻՐԻ ԿՏՈՐ ՄԸ ԸԼԼԱՐ

September 10, 2011
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

… Հետեւաբար անջրպետի մուկ մը պիտի յայտնուէր եւ պիտի գար ու զայն կրծէր: Եթէ անիկա պանիրին վրայ յարձակէր անոր պահուած կողմէն, մենք երկար ժամանակ բան մը պիտի չնշմարէինք: Բացի եթէ տեսնէինք անոր դուրս մնացած պոչը:

* * *

Սակայն ինչո՞ւ լուսինը բաղդատել պանիրի մը: Որովհետեւ անոր մակերեսը ծածկուած է հարուածներու կլորակ հետքերով,  որոնք յառաջացած են երբ երկնաքարեր ինկած են լուսինի մակերեսին վրայ. այս փոսերը կը յիշեցնեն կրիւյէր պանիրի մը ծակերը: Այս փոսերէն իւրաքանչիւրը ունի անուն մը: Այս անունները յաճախ գիտնականի մը` աստղագէտի մը անունն է:

* * *

Լուսինի ամէնէն մեծ փոսը կը գտնուի անոր պահուած երեսին վրայ, հարաւային բեւեռին: Անիկա ունի մօտաւորապէս 2500 քմ տրամագիծ եւ 13 քմ խորութիւն:Խորհրդային տիեզերանաւ մըն է, որ զայն ուսումնասիրած է առաջին անգամ,1965 թուականին:

Այդ ժամանակաշրջանին մուկեր չէինք տեսած անջրպետին մէջ: Ամերիկեան արդի տիեզերանաւերն ալ, որոնք ջուրի հետքեր գտած էին կարգ մը փոսերու խորերը, չեն տեսած մուկը:

* * *

Սակայն մենք ուշադրութիւն պէտք է ընենք, որովհետեւ, եթէ մուկը կրծէր մեր գեղեցիկ արբանեակը, հետեւաբար մենք հրաժեշտ պիտի տայինք երկրագունդին շուրջ լուսինին շարժումէն յառաջացած մակընթացութիւններուն: Կրնայ ըլլալ նաեւ, որ երկրագունդին թեքումը քիչ մը փոխուէր, որովհետեւ լուսինը, որ իբրեւ հակակշիռ կը ծառայէ, մեր մոլորակը կը կայունացնէ: Այս աղէտէն խուսափելու միակ լուծումը` մուկերու հսկայ թակարդ մը դնել անոր պահուած երեսին վրայ եւ սպասել:

 

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱ՛Ւ

  • Ատլանտեան ովկիանոսին մակերեսը աւելի աղի է, քան` Խաղաղական ովկիանոսին մակերեսը:
  • Աշխարհի 50 ամէնէն բարձր լեռները կը գտնուին Ասիոյ մէջ:
  • Աչքերդ կրնան տեսնել մօտաւորապէս տասը միլիոն տարբեր գոյներ:
  • Աշխարհի վրայ ծանօթ ամէնէն ցած ջերմաստիճանը (- 89,2) արձանագրուած է Անթարքթիքայի մէջ:
  • Չինաստանի Մեծ պարիսպին երկարութիւնը մօտաւորապէս 7,240 քմ է: Անիկա գրեթէ ափրիկեան ցամաքամասին երկարութիւնը ունի:
  • Սեպտեմբեր եւ դեկտեմբեր ամիսները միշտ շաբթուան նոյն օրը կը սկսին ամէն տարի:
  • Միացեալ Նահանգներու մէջ, Քալիֆորնիայէն կին մը կը յիշէ իր կեանքին գրեթէ իւրաքանչիւր օրը… 11 տարեկանէն ի վեր:
  • Ամէնէն տաք աստղերը կապոյտ են:
  • Գիտնականները կը հաւատան, թէ Երեւակին օղակները ժամանակի ընթացքին պիտի անհետանան:
  • Ամէն օր միջին հաշուով 371 հազար երեխայ կը ծնի:

 

ՀԱՐՑԱՐԱՆ

1.- Ի՞նչ կ՛ընեն առիւծները ամբողջ օրը:
ա – Կ՛որսան, բ – Կը քնանան, գ – Կ՛ուտեն:

2.- Ի՞նչ է ճերմակ գնդիկներուն պաշտօնը մեր մարմնին մէջ:
ա – Արիւնը հեղուկ վիճակի մէջ պահել, բ – Ժահրերուն դէմ պայքարող բջիջներ (անթիպատի) արտադրել, գ – մեր արեան խումբը նշել:

3.- Ի՞նչ է կարմիր գնդիկներուն պաշտօնը մեր մարմինին մէջ:
ա – Արիւնը բջիջներուն հասցնել,
բ – Արիւնը հեղուկ վիճակի մէջ պահել,
գ – Ժահրերուն դէմ պայքարող բջիջներ (անթիպատի) արտադրել:

4.- Ինչո՞ւ աչքերնիս կը թարթենք:
ա – Մեր աչքերը պաշտպանելու համար,
բ – Որպէսզի մեր կոպերը իրենց ճկունութիւնը պահեն:

5.- Ո՞րն է ամէնէն բարձր ծառը:
ա – Սեքոան (Ռետուուտ):
բ – Հարաւափրիկեան ռաֆիայի ծառը:
գ – Աւստրալիական սմիղակը:

6.- Ի՞նչ խորութեան կը հասնի Հարաւային Ափրիկէի մէջ Օրեկսթատի մօտ գտնուած թզենիի մը ամէնէն երկար արմատը:
ա – 25 մեթր, բ – 75 մեթր, գ – 120 մեթր

7.- Ո՞ր բոյսը ամէնէն արագը կ՛աճի:
ա – Հսկայ նունուֆարը, բ – ռաֆիան, գ – Հսկայ պամպուն:

8.- Ծառի մը ո՞ր բաժինները կը ծծեն արեւուն լոյսը եւ ծառին սնունդը կը շինեն:
ա- Կոճղը, բ – Ծաղիկները, գ – Տերեւները:

9.- Երկրագունդին մակերեսէն որքա՞նը ծածկուած է ծովերով եւ ովկիանոսներով:
ա – 30 առ հարիւրը, բ -50 առ հարիւրը, գ – 70 առ հարիւրը:

10.- Ինչո՞ւ անապատին մէջ ապրող կարգ մը բոյսեր շատ երկար արմատներ ունին:
ա – Ջուրի խաւերուն հասնելու համար, բ – Չսառելու համար, գ – Լաւ կառչած մնալու` մրրիկներուն ընթացքին:

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՐԵՒԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ՄԵԾ
ՊՏՈՒՏԱՀՈՂՄԵՐԸ ԱՆՈՒՆՆԵՐ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ

Օդերեւութաբանները սովորութիւն դարձուցած են անուններ տալու արեւադարձային պտուտահողմերուն, որպէսզի պատասխանատուներն ու բնակիչները դիւրութեամբ զանոնք ճանչնան, եւ պատրաստուին անոնց ժամանումին:

Արեւադարձային պտուտահողմերուն անուններ տալու սովորութիւնը հաւանաբար 20-րդ դարու սկիզբը սկսած է: Ըստ ժամանակաշրջաններուն,  օդերեւութաբանական այս երեւոյթները ստացած են քաղաքական դէմքի մը անունը, առասպելական կերպարի մը անունը եւ այլն:

1953 թուականէն սկսեալ կրկնուող ցանկ մը հաստատուեցաւ, սակայն անիկա կը պարունակէր միայն  իգական անուններ: 1979 թուականին պտուտահողմերը կրցան ունենալ նաեւ արական անուններ: Հուկօ պտուտահողմը աւերեց Անթիլեան կղզիները, 1989 թուականին, իսկ Քաթրինան` Միացեալ Նահանգներու հարաւը, 2005 թուականին:

 

ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԵՐ ՅԱՃԱԽ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ
ԽԱՂԱՂԱԿԱՆ ՈՎԿԻԱՆՈՍԻՆ ՇՈՒՐՋ

Խաղաղական ովկիանոսը շրջապատուած է երեւակայական գիծով մը, որ կոչուած է «Խաղաղականի կրակէ գօտի»: Այս գիծին վրայ գտնուող շրջաններուն մէջ յաճախ երկրաշարժեր տեղի կ՛ունենան: Ասոր կողքին, այդ շրջաններուն մէջ է, որ կը գտնուի հրաբուխներուն մեծ մասը:

Խաղաղականի կրակէ գօտին ունի մօտաւորապէս հայերէն «Ո» տարին ձեւը: Մօտաւորապէս 40 հազար քմ երկարութեան մը վրայ, ան կը շրջապատէ Խաղաղական հողաշերտը, որ երկրագունդին մակերեսը ծածկող միւս հողաշերտերուն քսուելով` երկրաշարժեր կը յառաջացնէ:

Ասոր կողքին, Խաղաղականի գօտիին վրայ համախմբուած են մօտաւորապէս 450 հրաբուխներ, այսինքն աշխարհի հրաբուխներուն մօտաւորապէս երեք չորրորդը: Հոն է, որ տեղի կ՛ունենան ամէնէն զօրաւոր երկրաշարժերը եւ աշխարհի երկրաշարժերուն 90 առ հարիւրը:

 

ԻՆՉՈ՞Ւ ՇԱՏ ՇՈՒՏ ՇՆՉԱՍՊԱՌ Կ՛ԸԼԼԱՆՔ,
ՊՈԼԻՎԻՈՅ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ ԼԱ ՓԱԶԻ ՄԷՋ

Պոլիվիոյ վարչական մայրաքաղաքը` Լա Փազ, կառուցուած է Անտեան լեռնաշղթային լանջին վրայ: Անիկա կը գտնուի աւելի քան 1000 մեթր բարձրութեան վրայ, եւ աշխարհի ամէնէն բարձր  մայրաքաղաքն է:

Լա Փազի (սպաներէն` խաղաղութիւն) ամէնէն աղքատ թաղամասերը կը գտնուին Անտեան բարձրաւանդակին` 4000 մեթր բարձրութեան վրայ: Հոն է, որ կը գտնուի նաեւ օդակայանը: Հոն թթուածինը աւելի քիչ է, հետեւաբար մեր. շունչը շատ երկար չ՛ըլլար. նաեւ ջերմաստիճանը աւելի ցած հոն. աւելի ցածը` 3000 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող աւելի հարուստ թաղամասերուն մէջ:

Քաղաքին կեդրոնը` պաշտօնական շէնքերով, առեւտրական թաղամասերով, թանգարաններով, կը գտնուի քաղաքին երկու մասերուն մէջտեղը, մօտաւորապէս 3600 մեթր բարձրութեան վրայ:

 

ԺԱՄԱՆՑ

 

Կրնա՞ս օգնել ոստիկաններուն` գտնելու համար գողին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել վերի պատկերին եւ պատկերներ 1 եւ 2-ի միջեւ գոյութիւն ունեցող երեք տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել բուրգը, գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր կլորակի մէջ գտնուող թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու կլորակներու մէջի թիւերուն գումարումին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՀԱՐՑԱՐԱՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

1.- Ընտանի կատուներուն նման, առիւծներն ալ իրենց օրուան մեծ մասը կ՛անցընեն քնանալով: Անոնք օրական մօտաւորապէս 22 ժամ կը տրամադրեն քունին եւ իրենց մաքրութեան:
2.- Ճերմակ գնդիկները ժահրերուն դէմ պայքարող բջիջներ կ՛արտադրեն: Այս նիւթերը կը փճացնեն ժահրերը: Անոնք կը պայքարին բորբոքումներուն դէմ:
3.- Կարմիր գնդիկները թթուածինը կը փոխադրեն դէպի մարմինին բջիջները:
4.- Մեր աչքերը շատ զգայուն են եւ անդադար պահպանութեան եւ մաքրութեան կը կարօտին: Թարթումի ընթացքին արցունքներուն հեղուկը կը թրջէ մեր աչքը:
5.- Քալիֆորնիոյ մէջ աճող սեքոան կրնայ 112 մեթրի հասանիլ. հետեւաբար ան աշխարհի ամէնէն բարձր ծառն է:
6.- Ըստ «Կինես» մրցանիշներու գիրքին, Հարաւային Ափրիկէի Օրիկսթատ քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի թզենի մը, որուն ամէնէն երկար արմատը գետինին մէջ մինչեւ 120 մեթր մխրճուած է:
7.- Հսկայ պամպուն կրնայ օրական 46 սմ. աճիլ. հետեւաբար անիկա աշխարհի ամէնէն արագ աճ ունեցող բոյսերէն մէկն է:
8.- Տերեւները. այս երեւոյթը կը կոչուի ֆոթոսենթեզ:
9.- Երկրագունդին 70 առ հարիւրը:
10.- Որպէսզի անոնք կարենան հասնիլ գետինին տակը գտնուող անուշ ջուրի բնական պահեստներու խաւերուն:

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (10 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

Յաջորդը

ՄԱՐԻԱՄ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.