Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (10 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

September 10, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՄԲԱՒԱՒՈՐ ԲԵՄԱԴՐԻՉ
ՌՈՒԲԷՆ ՄԱՄՈՒԼԵԱՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Ռուբէն Մամուլեան, մեծահամբաւ բեմադրիչը, Անգլիայէն դարձին հանդիպեցաւ նաեւ Ուաշինկթըն, որպէսզի խօսի Քոնկրեսին եւ ջանայ համոզել զանոնք, որ ամերիկեան ժապաւէններու վրայ դրուած տուրքի սակը պակսեցնեն, որովհետեւ տուրքերը ժապաւէններու  արտադրութիւնը այնքան կը սուղցնեն, որ ժապաւէնի  արտադրիչ ընկերութիւնները ստիպուած` արտասահմանի մէջ ասպարէզ կը փնտռեն իրենց արտադրութեանց համար:

Մամուլեան գունաւոր ժապաւէններու արտադրութեան նախակարապետը եղած է: Առաջին գունաւոր ժապաւէնը` «Պեքի Շարփ» ինքն էր բեմադրիչը: Ատոր հետեւեցաւ «Պլըտ էնտ սենտ» ժապաւէնը: Պիտի արտադրէ յառաջիկային «Քարմեն»ը:

Մամուլեան հրաժարեցաւ «Կղէոպատրայ»ի ժապաւէնի բեմադրութեան յանձնառութենէն, որովհետեւ գլխաւոր դերակատարը` Էլիզապէթ Թէյլըր ծանրապէս հիւանդացաւ: Ինք նախապէս յանձնառու եղած էր բեմադրելու այդ ժապաւէնը, պայմանաւ որ Է. Թէյլըր ըլլար առաջնորդող դերակատարը:

ԿԵՍԱՐԻԱ ԾՆԱԾ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՄԸ
ԻՆՉԵ՜Ր ԸՍԵՐ Է ԹՈՒՐՔ ԹԵՐԹԻ ՄԸ…

Պոլսոյ «Հիւրրիյէթ» թերթը 9 սեպտեմբերի թիւին մէջ կը գրէ.-

61-ամեայ կեսարացի Փիթըր (Պետրոս) Թորոսեան, որ 41 տարի ետք իբրեւ միլիոնատէր ճարտարարուեստական մը Թուրքիա կու գայ, երէկ առաւօտ, իր կնոջ հետ, երբ «Հիլթըն» պանդոկը եկաւ, առաջին գործը եղաւ սպասեակը կանչել եւ անոր ըսել.

– Շուտ, շիշ մը օղի բեր ինծի, սառ եւ ջուր ալ միասին…

Միջահասակ, համակրելի, խնդումերես այս կեսարացի նախկին հայրենակիցը Ամերիկա հաստատուելէն 20 տարի ետք ամուսնացեր է եւ 41 տարի ետք ալ առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիա կը վերադառնայ: Ան շատ մեծ փոփոխութիւն մը կը տեսնէ իր երկրին մէջ` բաղդատմամբ անցեալին, եւ հիացած է երիտասարդ սերունդին:

– Կը զարմանամ,- կ՛ըսէ,- ցարդ իմ շրջած վայրերս այսքան ազատ, իրարու բարեկամաբար կապուած եւ երջանիկ երիտասարդութիւն չտեսայ: Հպարտ եմ թուրք ըլլալով:

Թորոսեան, հակառակ որ 41 տարի չէ խօսեր թրքերէնը, չէ մոռցեր սակայն զայն, ասո՛վ ալ կը պարծենայ:

– Ինչպէ՞ս կը մոռնամ, բարեկա՛մ, մենք կեսարացի ենք, մեր առածը ետ կու տա՞նք երբեք… Երբ նոր գացի Ամերիկա, գիշեր ցերեկ աշխատեցայ, որովհետեւ դրամ չունէի: Տարիներէ ետք հիմնեցի առաջին գործարանս: Զիս շատ շորթել ուզեցին, բայց կեսարացիութիւնը մեռա՞ծ է: Հիմա 50-60 միլիոն ունինք:

Կեսարացի Թորոսեան ըսաւ, թէ գործի շատ կարելիութիւններ կան Պոլսոյ եւ Անատոլուի մէջ, երիտասարդութեան յանձնարարեց օգտուիլ այդ կարելիութիւններէն:

ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
ՀՌՈԴՈՍԻ ՄԷՋ
ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԵՐԿՈՒ ԴԷՏԵՐՈՎ
ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ

Պոլսոյ թերթերուն ստացած տեղեկութիւններու համաձայն դէտերով սեպտեմբեր 24-էն 1 հոկտեմբերին միջեւ Հռոդոսի մէջ Ֆեների Տիեզերական ուղղափառ պատրիարքարանի նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ Ուղղափառ եկեղեցիներու համագումարը:

Մօտ երկու հարիւր տարիէ ի վեր տեղի չէ ունեցած եկեղեցական նման համագումար մը:

Աթենակորաս պատրիարք անձամբ ղրկած է հրաւիրագրերը եւ այժմէն իսկ ստացուած են կարգ մը պատասխանները:

Ուղղափառ եկեղեցիներու այս համաժողովին պիտի մասնակցին Ալեքսանտրէթի, Անտիոքի, Երուսաղէմի, Ռուսիոյ, Եուկոսլաւիոյ, Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ պատրիարքարաններու ներկայացուցիչները ինչպէս նաեւ` Կիպրոսի, Յունաստանի, Լեհաստանի ինքնավար եկեղեցիները եւ զանազան ուղղափառ թեմեր:

Այս համաժողովին մասնակցելու հրաւէր ուղղած է նաեւ արեւելեան քրիստոնեայ եկեղեցիներուն, որոնց կարգին նաեւ` Ս. Էջմիածինին:

Անցած երեքշաբթի օր Ֆեների յունաց Տիեզերական պատրիարքարանի սինոդին առջեւ կարդացուած է Ս. Էջմիածնի կաթողիկոսին հեռագիրը, որ կը յայտնէ, թէ միջ ուղղափառ եկեղեցւոյ համագումար-ժողովին համար կատարուած հրաւէրին ընդառաջելով` որոշած են երկու կղերական ներկայացուցիչներով իբրեւ դիտող ներկայ ըլլալ Հռոդոսի այդ ժողովին:

Նոյն ժողովին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Անկլիքան եկեղեցւոյ, Ամերիկեան եպիսկոպոսական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները եւ Ժընեւի եկեղեցիներու միութենէն դէտ մը :

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄՔԱՐԻՆ

Յաջորդը

ԵԹԷ ԼՈՒՍԻՆԸ ԿՐԻՒՅԷՐ ՊԱՆԻՐԻ ԿՏՈՐ ՄԸ ԸԼԼԱՐ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.