Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԵՒՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ` ԷՆՔԱՆԵՐԸ (Բ. ՄԱՍ)

October 8, 2011
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԷՆՔԱ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿԵԱՆՔԸ

Բազմաթիւ էնքաներ կ՛ապրէին լեռնային պզտիկ գիւղերու մէջ: Անոնք հնարած էին զարմանալի դրութիւններ` տեղափոխուելու, հաղորդակցելու եւ շատ տոկուն կառոյցներ շինելու համար:

ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐԻՆ ԲԱԺԻՆԸ

Իւրաքանչիւր գիւղացի պէտք էր իր հունձքերը երեքի բաժնէր. մէկ բաժինը պիտի ծառայէր իբրեւ նուիրատուութիւն արեւ-աստուծոյ, միւս բաժինը կը պատկանէր Սափա Էնքային, իսկ վերջինը կը բաժնուէր բոլորին միջեւ: Հիւանդները եւ ծերերը ապրուստ մը կը ստանային`, առանց աշխատիլ ստիպուած ըլլալու…

ԼԱՄԱՆ` ԷՆՔԱՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵԿԱՄԸ

Էնքաները կ՛ապրէին լամաներուն եւ անոնց «զարմիկ» անասուններուն հետ: Ուղտերու ընտանիքին պատկանող այս անասունները անոնց կը հայթայթէին կաթ, միս եւ բուրդ: Անոնք կը գործածէին նաեւ ապրանքներ կամ շինութեան նիւթեր փոխադրելու համար:

ՅԱՐՄԱՐՑՈՒԱԾ ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Էնքաները իրենց դաշտերը կը շինէին դարատափի ձեւով: Լեռներուն բարձունքներուն վրայ անոնք կը ցանէին գետնախնձոր եւ քինօա, որ շատ դիմացկուն ընդեղէն մըն է, միջին բարձունքներուն վրայ` եգիպտացորեն եւ լուբիա, իսկ աւելի տաք դաշտերուն մէջ` լոլիկ, պղպեղ  եւ քաքաօ: Անոնք գետերուն հունը կը փոխէին եւ յատուկ ջրանցքներ կը շինէին իրենց դաշտերը ջրելու համար:

ՊԱՐԶ ԿԵԱՆՔ ՄԸ

Էնքաներուն մեծ մասը անասնաբոյծ, երկրագործ կամ արհեստագործ էր: Անոնք կ՛ապրէին չոր խոտերով տանիքներով քարէ տուներու մէջ: Անոնք իրենց հագուստները կը հիւսէին եւ թրծուած կաւէ առարկաներ ու փայտէ գործիքներ կը շինէին:

ՃԱՄԲԱՆԵՐ` ԱՄԷՆ ՏԵՂ

Աւելի արագ եւ աւելի դիւրութեամբ տեղափոխուելու համար կայսրութեան մէկ կողմէն միւսը էնքաները շինած էին աւելի քան 29000 քմ սալաքարէ ճամբաներ: Սակայն, հակառակ ասոր, անոնք ծանօթ չէին անիւին: Հետեւաբար անոնք քալելով կը տեղափոխուէին:

ԱՆՀԱՏԱՒԱՏԱԼԻ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԵՐ

Էնքա ճարտարապետերը հնարած էին շինութեան յատուկ թեքնիք մը, որպէսզի կառոյցները կարենան տոկալ շրջանի երկրաշարժերուն: Պատերը կազմուած էին իրարու մէջ մտած քարերէ, որոնք կրնային իրարու վրայ սահիլ առանց փուլ գալու: Պատուհաններուն եւ դռներուն ձեւը զանոնք աւելի դիմացկուն կը դարձնէին:

ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՀԱՇՈՒԻՉ ՄԵՔԵՆԱՅ

Էնքաները ո՛չ կարդալ, ո՛չ ալ գրել գիտէին. սակայն անոնք կը գործածէին «Քուիփի» կոչուած շատ հնարամիտ առարկայ մը: Այս «գործիքը» կազմուած էր իրարու կապուած պարաններէ: Այս պարաններէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէր առարկայի տեսակ մը եւ իւրաքանչիւր հանգոյց` թիւ մը:

Այս գործիքը կարելիութիւնը կու տար հաշուելու, օրինակի համար, հունձքերուն, ոսկիին քանակը, բնակչութեան թիւը…

ՈՍԿԻԷՆ ԱՒԵԼԻ ՅԱՐԳԻ ԿԵՐՊԱՍՆԵՐ

Կիները սքանչելի կերպասներ կը հիւսէին: Անոնք բնական ներկեր կը գործածէին բուրդը ներկելու` զայն հիւսելէ առաջ: Ապա անոնք կ՛ասեղնագործէին երկրաչափական ձեւեր եւ նշաններ, որոնք կը պատմէին էնքաներուն առասպելները:

Ի՞ՆՉ ՊԱՏԱՀԵՑԱՒ ԷՆՔԱՆԵՐՈՒՆ

Քրիստափոր Քոլոմպոսը Ամերիկան գտնելէն ետք, սպանացի նուաճողներ գրաւեցին էնքաներուն հողերը` ոսկի փնտռելով: Անոնք էնքաներուն փոխանցեցին մինչեւ այդ ժամանակները Հարաւային Ամերիկայի մէջ անծանօթ հիւանդութիւններ, իսկ վերապրողները ստրուկներու վերածեցին:

1570 թուականին էնքաներուն քաղաքակրթութիւնը վերջնականապէս կ՛անհետանայ…

 

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱ՛Ւ

  • Մեղուները կրնան կանաչ, կապոյտ կամ կարմիր ըլլալ:
  • Չափահասները կրնան տարեկան մինչեւ 1500 երազ տեսնել:
  • Լոյսը արեւէն մինչեւ երկրագունդ կը հասնի 8 վայրկեան եւ 19 երկվայրկեանէն:
  • Ոտքիդ երկայնքը հաւասար է արմուկէդ մինչեւ դաստակիդ հեռաւորութեան:
  • Կապիկներն ալ կրնան ծեր տարիքին ճաղատ դառնալ, ինչպէս` մարդ արարածները:
  • Ձիւնի փաթիլ մը կրնայ մինչեւ երկու ժամ դնել ամպէն գետին հասնելու համար:
  • Ջայլամին աչքը աւելի մեծ է, քան` անոր ուղեղը:
  • Իւրանիոս մոլորակին վրայ ձմեռը կը տեւէ 21 տարի:
  • Բոլոր հրաբուխներուն մօտաւորապէս 75 առ հարիւրը կը գտնուի ջուրին տակ:

 

ՄՏԱԾԵՆՔ

Ա.- Նաւավարը, գայլը, այծը եւ կաղամբը

Նաւավար մը կ՛ուզէ գետը կտրել գայլի մը, այծի մը եւ կաղամբի մը հետ: Անոր նաւակը կրնայ ընդունիլ միայն երկու անցորդ մէկ անգամէն, իսկ եթէ նաւավարը բացակայի գայլը այծը կ՛ուտէ, իսկ այծը` կաղամբը:

Ի՞նչ պիտի ընէ նաւավարը:

 

Բ.- Խնձորներուն գաղտնիքը

Երկու ընկերներ` Դաւիթ եւ Րաֆֆի, բնութեան մէջ պտոյտի գացած են քանի մը օրուան համար. անոնք իրենց պայուսակներուն մէջ խնձորի պզտիկ պահեստ մը առած են իրենց հետ: Եթէ Դաւիթ իր խնձորներէն մէկը րաֆֆիին տայ, երկուքն ալ նոյնքան խնձոր պիտի ունենան: Իսկ եթէ Րաֆֆի երկու խնձոր տար Դաւիթին, ան Րաֆֆիէն երեք անգամ աւելի խնձոր պիտի ունենայ:

Իւրաքանչիւրը քանի՞ խնձոր ունի իր պայուսակին մէջ:

 

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

ԺԱՄԱՆՑ

 

Կրնա՞ս գտնել ծառին տակ հանդարտ վայրը հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել վերի ձախ անկիւնի նկարին եւ իւրաքանչիւր նկարի միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել ակնոցներուն հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Ա.- Նաւավարը նախ միւս կողմ կ՛անցընէ այծը. ապա կը վերադառնայ եւ կ՛անցնէ գայլը: Գայլը ափին կը ձգէ եւ կը վերադառնայ այծին հետ: Այծը կը ձգէ ափին, կաղամբը կ՛անցընէ միւս ափ, եւ վերջապէս, կը վերադառնայ այծը առնելու:

Բ.- Դաւիթ քովը ունի եօթը խնձոր, իսկ Րաֆֆի` հինգ խնձոր: Եթէ Դաւիթ իր խնձորներէն մէկը Րաֆֆիին տայ, անոնք երկուքն ալ վեց խնձոր պիտի ունենան: Իսկ եթէ Րաֆֆի երկու խնձոր տայ Դաւիթին, այս վերջինը ինը խնձոր պիտի ունենայ, մինչ Րաֆֆին` միայն երեք:

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (8 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

Յաջորդը

ԳՈՎԱԶԴԸ` ՀՆՈՒՄ

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.