Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (18 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

October 18, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀՄԸՄ Պէյրութի սկաուտական խորհուրդս պարտք կը զգայ յայտարարելու սկաուտներու ծնողներուն, թէ 1961-1962 տարեշրջանի սկաուտական հաւաքոյթները սկսան կիրակի, 15 հոկտեմբեր 1961-ին:

Սկաուտական շարժումը միջազգային գետնի վրայ նուաճումներ կ՛արձանագրէ ներկայիս: Նկատի ունենալով անոր ազգօգուտ դերը պատանիներու հոգիներու մէջ` Սկաուտական խորհուրդս իր կարելի բոլոր միջոցներով պիտի աշխատի սկաուտական իր շարժումը որակով թէ քանակով հասցնել իր գագաթնակէտին:

Ծնողներէն կը խնդրենք աջակցիլ մեզի` յարաբերութեան մէջ մտնելով խումբերու վարիչներու կամ Սկաուտական խորհուրդիս անդամներուն հետ, որպէսզի սկաուտները առաւելագոյնս օգտուին սկաուտական աշխատանքներէն:

Պէյրութի մասնաճիւղը ունի սկաուտական 4 խումբեր, 1 երէցներու փաղանգ, 1 արենուշներու խումբ եւ 4 վոհմակներ` բաժնուած  4 շրջաններու մէջ (Քաղաք, Էշրեֆիէ, Քարանթինա, Հայաշէն) որոնց ընդհանուր պատասխանատու խմբապետն է եղբ. Հայկ Պէյլերեան:

Սկաուտական խորհուրդը տարին անգամ մը կը նշանակուի վարչութեան կողմէ: Այս տարուան խորհուրդիս դիւանը կազմուած է հետեւեալներէ.

Ատենապետ` եղբ. հայկ Պէյլերեան
Ա. դպիր` եղբ. Յակոբ Մանուկեան
Գանձապահուհի` քոյր Մարի Սարեան
Գոյքապահ` եղբ. Պատրիկ Կիւլպենկեան
Գոյքապահ` եղբ. Յակոբ Համամճեան

Խորհուրդիս մաս կը կազմեն նաեւ խումբերու վարիչները.

Ա. խումբի (քաղաք) վարիչ պատասխանատու` եղբ. Ստեփան Չաքմաքճեան
Բ. խումբի (Էշրեֆիէ) վարիչ պատասխանատու` եղբ. Անդրիկ Աղաբէկեան:
Գ. խումբի (Քարանթինա) վարիչ պատասխանատու` եղբ. Սարգիս Հաճի Նազարեան:
Դ. խումբի (Հայաշէն) վարիչ պատասխանատու` եղբ. Կարօ Փապուճեան:

Իւրաքանչիւր շրջան ունի գայլիկներու վոհմակներ` աքելայութեամբ եղբ. Յակոբ Կարապետեանի:

Արենուշները ունին քաղաքի շրջանը 1 խումբ: Վարիչ-պատասխանատուն է քոյր Մարի Սարեան:

Երէցներու փաղանգը, որ միայն քաղաքի շրջանը ունէր 1 խումբ, խորհուրդիս կարգադրութեամբ 4 շրջաններու երէցներով պիտի վերակազմուի` եղբ. Սուրէն Մուրատեանի պատասխանատուութեամբ:

ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

ԶԱՐԵՀ Ա. ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ
ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՅԱՆՈՒՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ`
ԽՈՐԷՆ ԵՒ ՂԵՒՈՆԴ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ
ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՔՈՒԶՊԱՐԻԻ

Երէկ` չորեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր, Լիբանանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան, ընկերակցութեամբ Ազգային ընդհանուր ժողովի ատենապետ Վահէ Սէթեանի եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մինասեանի, մեկնեցաւ Դամասկոս, ուր ժամադրուած էր Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արք. Չէպէեանի հետ` միասին այցելելու համար Սուրիոյ վարչապետ Մաամուն Քուզպարիի:

Կէսօրէ առաջ ժամ 11:30-ին, Լիբանանի եւ Բերիոյ առաջնորդները, ընկերակցութեամբ Վ. Սէթեանի, Գ. Մինասեանի, մեթր Ֆ. Արսլանեանի ու Գ. Էպլիղաթեանի, այցելեցին վարչապետին ու յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի` շնորհաւորեցին Սուրիոյ նոր կառավարութիւնը, յաջողութեան ջերմ մաղթանքներով: Վեհափառին ներկայացուցիչները արժանացան ջերմ ընդունելութեան ու սիրալիր խօսակցութիւններ ունեցան:

Այնուհետեւ այցելեցին ելեւմուտքի նախարար Լէոն Զամարիայի, իսկ կէսօրէ ետք` Սուրիոյ նախկին նախագահ Շիւքրի Քուաթլիի:

**

ԱՖՓ Ֆրանսական գործակալութիւնը այս առթիւ կը հեռագրէ Դամասկոսէն.-

Զարեհ Ա. Կիլիկիոյ կաթողիկոսը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, նախագահութեամբ Պէյրութի առաջնորդ Խորէն Բարոյեանի, չորեքշաբթի օր ժամանեց Դամասկոս եւ այցելեց Մաամուն Քուզպարիի եւ յեղափոխութեան վարիչներուն` զանոնք շնորհաւորելու համար նոր վարչակարգի հաստատման եւ Սուրիական Արաբ Հանրապետութեան հիմնադրութեան առթիւ:

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ԻՐ ԵՐԿՐՈՐԴ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Յաջորդը

ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ. ՇԱՆԱՁՈՒԿԵՐՈՒՆ ՄԱՐՄՆԻՆ ՄԷՋ ԿԱԶՄՈՒՈՂ ՔԻՄԻԱԿԱՆ ՆԻՒԹ ՄԸ Կ՛ՈՉՆՉԱՑՆԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՄԱՐՄՆԻՆ ՎՆԱՍՈՂ ԺԱՀՐԵՐԸ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.