«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ
Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով քաջալերելով «Ազդակ»-ի աշխատանքները` Տիկին Անահիտ Գրիգոր Էպլիղաթեան եւ ընտանիք (Հալէպ) 200$
Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով քաջալերելով «Ազդակ»-ի աշխատանքները` Տիկին Անահիտ Գրիգոր Էպլիղաթեան եւ ընտանիք (Հալէպ) 200$
ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԸ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ (ՍԵՓԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի) ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ.- Տեղւոյս Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ կառուցման բարդ աշխատանքները, գրեթէ իրենց լրումին հասած են: Ի պատիւ եւ ի պարծանս մեր կրօնասէր եւ եկեղեցասէր ազգայիններուն` կու գանք յայտնել, թէ եկեղեցւոյ կմախքը, իր ամբողջութեանը մէջ կերտուած է` շնորհիւ իրենց բարոյական ու նիւթական օժանդակութիւններուն: Երկնասլաց մայր գմբէթին վրայ կանգնած է հայկական խաչը` քրիստոնէութեան զինանշանը, որ 2,50...
Երանուհի Ճանճանեանի մահուան առիթով` Կեպենլեան ընտանիք 100,000 լ. ո.
Նոր տարուան առաջին օրը, զոր Կաղանդ կը կոչենք, սովորութիւն է մաղթանքներ բանաձեւել. մաղթանքներ` առողջութեան եւ բարօրութեան, լաւագոյն կաղանդչէքը բոլոր նուէրներուն մէջ, որոնք կ՛ընկերանան ամանորեայ մեր իղձերուն: Ի՞նչ իմաստ ունին այդ աւանդութիւններն ու մաղթանքները: Հինէն ի վեր մարդիկ կը հաւատան, թէ տարուան առաջին օրը արտասանուած մաղթանքը կը կատարուի կամ ի զօրու կը մնայ ամբողջ տարուան մէջ: Այդ մաղթանքը տեսակ մը աղօթք...
ՏՈՄՍԵՐ ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՍՐՏԵՐ Անվարան կարելի է յայտարարել, թէ քսաներորդ դարը զարմանքի եւ հրաշքներու դարն է: Ամբողջ աշխարհ դէպի արուեստականացում թեքած է, եւ ո՛ւր որ դառնաս, արուեստականացած այրեր, կիներ, օրիորդներ, արբանեակներ եւ բազում այլ բաներ կը գտնես: Անշուշտ կիներուն, օրիորդներուն եւ այրերուն արուեստականացումը արտաքին է առայժմ, սակայն գիտնականներ, որոնք միշտ կ՛ուզեն ամէն բան ճեղքել եւ ներս թափանցել, կ՛ուզեն մարդոց ներսիդին ալ...
ՏՈՄՍԵՐ ԳԵՂԵՑԻԿ ԾՐԱԳՐԻ ՄԸ ՍԵՄԻՆ Անիմաստ պիտի ըլլար այս տողերով վերարծարծել, դպրոցներու կարեւորութեան հարցը` ժողովուրդի մը գոյատեւման համար տարուած պայքարին մէջ, սակայն կրկնութիւն մը, իմաստէ զուրկ կրկնութիւն մը պիտի չըլլար յիշատակել այն մեծ դերը, զոր խաղացին հայ գիրն ու դպրոցը ափ մը ժողովուրդի ճակատագրին մէջ, որ հայունն է: Կա՞յ աւելի զօրաւոր ազդակ մը, քան` գիրն ու դպրոցը, որոնց շնորհիւ այսօր...
Լեւոն Աւետիս Սեմերճեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Գաբրիէլ Չեմպերճեան կը ստանձնեն «Ազդակ»-ի 1 օրուան տպագրութեան թուղթի ծախսը 250 ամ.
ԲԵԹՂԵՀԵՄԻ ՄԷՋ, ՀԱԿԱՌԱԿ ՍԱՍՏԻԿ ՑՈՒՐՏԻՆ 20,000 ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՆ Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ Համայն աշխարհէն հազարաւոր ուխտաւորներ եւ զբօսաշրջիկներ Բեթղեհեմ եկան Ս. Ծնունդի առիթով: Հակառակ բացառիկ ցուրտի մը (զերոյէն նուազ մէկ) եւ ժամական 130 քմ արագութեամբ փչող հովի մը, ժամը երեք օդանաւեր իջան Երուսաղէմի օդակայանը: Աւելի քան 20,000 ուխտաւորներ մասնակցեցան Ս. Ծնունդի աւանդական թափորին: ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՒԱՆԻ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՓՈՒԹԱՑՈՒԻ Ընթացիկ տարուան...
Յակոբ Պալապանեանի եւ Թրվանտա Չիֆթելեանի մահուանց քառասունքին, ինչպէս նաեւ Յակոբ Սարգիսի մահուան Ա. տարելիցին առիթով` Տէր եւ տիկին Յակոբ Լոշխաճեան եւ զաւակունք 300,000 լ. ո. Յակոբ Պալապանեանի մահուան քառասունքին առիթով` Թիւթէլեան ընտանիք 50,000 լ. ո.
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Եթէ Կաղանդը եւ Ս. Ծնունդը տօնէիր... ՖԻՆԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ Մաթիլտային նման պիտի շնչես տունը զարդարող ճերմակ սմբուլներու (Ժասենթ) նուրբ հոտը: Ս. Ծնունդին ան կը սիրէ աւանդական բրինձով կաթնապուրը ուտել: Եթէ գտնէ անոր մէջ պահուած նուշը, ան ամբողջ տարին բախտաւոր պիտի ըլլայ: Այս տարի Մաթիլտա պիտի այցելէ Կաղանդ պապային գիւղը Ռովանիէյմի մէջ: Հոն ան պիտի կարենայ քշել եղջերուներու...
ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ԴԱՐԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԻՍ Հայկազեան քոլեճին կազմակերպած դասախօսութիւնները կը շարունակուին կանոնաւորաբար: Վերջին դասախօսն էր Հայկազեանի հայկական ամպիոնի վարիչ վեր. Տիգրան Խրլոբեան: Վերնագիրը ինքնին շատ բան կը յայտնէ նիւթին շահեկանութեան մասին: Յարգելի դասախօսը նկարագրեց, թէ ինչպէ՛ս ազգերը կը կազմուին, կը զարգանան, կը տկարանան, ապա կ՛անյայտանան: Ազգայնականութիւնը բնազդ մըն է եւ համաշխարհային յատուկ բան մըն է: Ազգ մը ջնջելով` հարց...
Բարունակ Աշճեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Կարապետ եւ Ովսաննա Զէյթունեան 50,000 լ. ո. Պօղոս Ճելալեանի մահուան առիթով` Տիկին Սեդա Մեսրոպեան եւ զաւակունք 50,000 լ. ո.
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՄԵԾԱՆՈՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 75-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ Պոլսոյ աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ ամսոյս 17-ին կրօնական փայլուն հանդիսութեամբ մը ոգեկոչուած է մեծանուն պատրիարք եւ ընտրեալ կաթողիկոս Ներսէս արք. Վարժապետեանի մահուան 75-րդ տարեդարձը: Հանդիսութեանց նախագահած է Պոլսոյ պատրիարքը: Շքեղ ծաղկեպսակ մը դրուած է եկեղեցիին ձախակողմը: Պատրիարքը «Հայր մեր»-էն առաջ քարոզ մը խօսելով` ոգեկոչած է մեծանուն պատրիարքին յիշատակը: «ՀԱՅ...
Բարունակ Աշճեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Միշել եւ Շաքէ Խորոզեան 100,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Դաւիթ եւ Ռոզի Աւագեան 50,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Յովհաննէս եւ Օրոր Գարապաճաքեան 50,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Ալեքս եւ Միշլին Տանձիկեան 50,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Էլի եւ Լիտիա Էլմայեան 50,000 լ. ո. Հռիփսիմէ Նազարէթեանի մահուան քառասունքին առիթով` Տէր...
Անցեալ շաբթուան կնոջական էջով մենք ծանօթացանք տօնածառ յարդարելու զանազան կարելիութիւններու: Սակայն տօնածառը առանձին բաւարար չէ տան մէջ Կաղանդի մթնոլորտ ստեղծելու համար, այս պատճառով ալ այսօրուան էջով պիտի ծանօթանանք Կաղանդի յարդարանքի ճոխ տեսականիի մը, որմէ կրնաք ընտրել ձեր ճաշակին յարմարողը: Ժամանակ, համբերութիւն, պզտիկ պիւտճէ մը եւ քիչ մը ճարտարութիւն բաւարար են գեղեցիկ արդիւնքի հասնելու համար: Սեղանի յարդարանք Ամարիլիս ծաղիկով յարդարանքները շատ...
ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ (ՔԱՂՈՒԱԾ ԵՐԵՒԱՆԻ ԹԵՐԹԵՐԷՆ) ԿԻՐՈՎԱԿԱՆ Կ՛ԱՐԴԻԱԿԱՆԱՆԱՅ Օրէ օր կը փոխուի եւ կը գեղեցկանայ Կիրովականի համայնապատկերը: Արդարեւ, մեծ թափով յառաջ կը տարուին բնակելի տուներու, դպրոցներու, ակումբներու եւ այլ շէնքերու շինութիւնները: Վերջին ամիսներուն աւարտած շինութիւններէն է քաղաքին նոր պանդոկը, որուն պահանջը զգալի էր տարիներէ ի վեր: Նոր աւարտած պանդոկը ունի ամէն յարմարութիւն: Տասնեակ տարիներէ ի վեր թատրոնի համար կը գործածուէր յարմարութիւններէ...
«Ազդակ»-ի վերանորոգուած տպարանի բացումին առիթով` Տէր եւ տիկին Զոհրապ եւ Քարլա Գըվըրեաններ (Աւստրալիա) 500 աւստ. տոլար Սիրվարդ Հաննէսեանի մահուան առիթով` Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի վարչութիւնը 20$
ՏՈՄՍԵՐ ՄԱՐԴ ԿԱ՞Յ ԵՐԿՆՔԻ ՄԷՋ Մինչ Դիոգինէս իր լապտերով տակաւին մարդ կը փնտռէ այս աշխարհին վրայ, գիտնականներ լրջօրէն հարց կու տան, թէ մարդ կա՞յ ուրիշ աշխարհներու, երկնքի մէջ: Եւ կարծէք` իրենց տեսակէտը բաւական մօտ է «կա՛յ» պատասխանին: Խումբ մը ականաւոր գիտնականներ, անգլիական եւ ամերիկեան համալսարաններէ, քննած են երկինքէն ինկած չորս քարեր, որոնց մէջ գտած են կեանքի բջիջներ` բրածոյ վիճակի մէջ:...
ԱԶԳ. ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԸ Հինգշաբթի, 14 դեկտեմբեր 1961, երեկոյեան ժամը 6:30-ին գումարուեցաւ Լիբանանի հայոց Ազգային գաւառական ժողովը, Ս. Նշան Ազգային բարձրագոյն վարժարանի ընդարձակ սրահին մէջ: Ժողովին կը նախագահէր թեմակալ առաջնորդ Խորէն արքեպիսկոպոս: Սրբազան հօր աղօթքով ու բարի գալուստի մաղթանքով բացուեցաւ ժողովը: Կարդացուեցան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրները 24 եւ 26 նոյեմբեր 1961-ին տեղի ունեցող Ազգ. գաւառական ժողովոյ մէկ հինգերորդի վիճակով...
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ (ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ) Լեւոն Շանթի մահուան տասնամեակին առիթով Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան վարչութիւնը կազմակերպած էր յիշատակի հանդէս մը, որ տեղի ունեցաւ 12 դեկտեմբեր 1961, երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ: Ժամանակէն առաջ սրահին մէջ ներկայ էին` «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները, Ճեմարանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցիչներ, շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներ, ինչպէս նաեւ` այլ հանդիսականներ: Շրջանաւարտից միութեան ատենապետ Եփրեմ...