Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

December 17, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ԲԱԳԻՆ

ԱՄՍԱԳԻՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ

Անխառն ուրախութեամբ եւ յուզումով կ՛ղջունենք մեր գրական անդաստանէն ներս մուտքը աւետաբեր նորածինի մը, որ կենսունակութեան մը բոլոր նախանշաններով, նոր ճամբայ բանալու, գրական անտէր կալուածը ուռճացնելու խոստումներ կու տայ մեզի:

Այս վստահութիւնը, որ ընդհանրապէս կը դժուարանանք ունենալ գրական այլ երեւոյթներու պարագային, որոնք ասուպի պէս կու գան ու կ՛անցնին մեր երկնակամարին վրայէն, աւելի կամ պակաս չափով լուսաւոր հետք մը ձգելով իրենց ետին, կ՛ուզենք ցոյց տալ հանդէպ գրական այս նոր հանդէսին, որ ինքն իր մէջ կը թուի պարփակել յարատեւելու եւ բարձունքներ նուաճելու տուեալները:

«Բագին»-ի ծնունդը քմահաճ պերճանքի մը արդիւնքը չէ: Գրական այս ամսագիրը չի գար աւելնալու արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող այլ հրատարակութիւններու պատկառելի թիւի մը վրայ` իբրեւ արտայայտութիւնը անհատական նախաձեռնութեան մը: Անոր երեւումը բնական արդիւնքն է հրամայական պահանջի մը, որուն յարաճուն անհրաժեշտութիւնը կը զգային, տարիներէ ի վեր, մշակութային ընդհանրական մտահոգութիւններ ունեցող գրագէտներ եւ մտաւորականներ:

«Բագին» իր գլխաւոր ուժն ու կենսունակութիւնը կը ստանայ այս հրամայական պահանջէն, որ ամէնէն աւելի զգալի դարձած էր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր հայ գրականութիւնը սիրող ու փնտռող զանգուած մը կայ: Հայահոծ այս գաղութները, ուր բազմաթիւ երկրորդական վարժարաններ եւ բարձրագոյն նախակրթարաններ ամէն տարի գրասէրներու բազմութիւն մը կը նետեն կեանքի ճամբաներուն վրայ, պէտք ունէին գրական լուրջ ամսագրի մը, որ ըլլար բեմ մը` նոր խօսքի եւ շունչի, բեմ մը, ուրկէ կարողանային լսել մեր գրականութեան ամէնէն վաւերական մշակներու ձայնին հետ նաեւ` ձայնը անոնց, որոնք պիտի գան ճոխացնելու մեր մշակոյթի գանձարանը:

«Բագին» անշուշտ ճամբայ ելած է այս առաջադրութեամբ` ո՛չ միայն գրասէր հասարակութեան մը ծարաւը յագեցնելու, այլ գրական ամէն նուաճումի նախապայման հանդիսացող` իւրայատուկ մթնոլորտի մը ստեղծման հիմնական նպատակով: Անշուշտ այդ մթնոլորտը մէկ օրէն միւսը չի ստեղծուիր: Վերջին տասնամեակի պարապութիւնը դիւրաւ չի լեցուիր: Բայց ամսագրին առաջին թիւն իսկ, որ այսօր հրապարակ կը հանուի, այդ մթնոլորտի ստեղծման նախատարրերը կու տայ` թէ՛ բովանդակութեան եւ թէ՛ մօտեցման ձեւին մէջ:

Նման առաջադրութիւն մը արդիւնաւորելու համար «Բագին» իր շուրջ հաւաքած է բազմաթիւ վաւերական գրիչներ, որոնք հետզհետէ լաւագոյն գործերով պիտի երեւան անոր էջերուն մէջ: Ասիկա ամսագրի մը յաջողութեան պայմանն է, բայց ոչ` միակ: Որովհետեւ, նման հրատարակութիւններու նպատակը վաւերական ու նուիրագործուած արժէքներու վերահաստատումը ըլլալէ աւելի, նոր ձայներու, նոր տաղանդներու, հայ գրականութեան նոր սպասարկուներու յայտնաբերումն է գերազանցապէս: Նորեր, որոնք պիտի գային իրենց ժամանակին խօսքը ըսելու, իրենց նոր շունչով վարակելու մեզ, եւ իբրեւ հայ ստեղծագործ ժողովուրդի ընտրեալ զաւակները` կազմելու մէկ օղակը այն ոսկի շղթային, որ մեր գրականութիւնն է:

Եւ, ո՞վ գիտէ, հաւանաբար այդ նորերուն մէջէն յայտնուի դէմք մը, դէմքեր, որոնք պիտի գան անակնկալօրէն, ինչպէս կը յայտնուին բոլոր իրաւ տաղանդները` նոր բարձունքներ նուաճելու խոստումով:

«Բագին»-ի առաջին թիւը այս բոլոր ակնկալութիւններուն վկայութիւնը չի կրնար ըլլալ անշուշտ, բայց ոչ մէկ կասկած, թէ աստիճանական վերելքով մը, անոր շուրջ պիտի բոլորուին հինն ու նորը, մեր գրական անդաստանէն ներս տարիներէ ի վեր հաստատ քայլերով յառաջացողն ու ան, որ իր առաջին քայլերը կը նետէ, բայց բոլորն ալ երկիւղածութեամբը մեր մշակոյթի սպասարկուներուն, որոնք կը մտնեն գրական տաճարէ մը ներս, տալու համար իրենց նուիրական տուրքը:

Այդ տաճարէն ներս սիրով պիտի ընդունուին բոլորը, որոնք կը հաւատան ազատ մարդու ազատ ստեղծագործութեան իտէալին, որովհետեւ հոն տիրապետողը պիտի ըլլայ ազատութեան ոգին, որ նախապայմանն է բոլոր մշակոյթներու ծաղկումին:

Վստահ ենք, թէ «Բագին»-ի առիթով, մեր այս ուրախութիւնն ու յուզումը այսօր կը բաժնեն բոլոր անոնք, որ հայութեան յաւիտենական արժէքներուն մտասեւեռումն ունին եւ կը հաւատան մեր ժողովուրդի ստեղծագործ ուժին:

Նախորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 944 15/12/2011-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

ԿԱՂԱՆԴԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՇՈՒՐՋ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.