Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

December 14, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

 ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ

Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան կարգադրութեամբ շինարարութեան նախարար նշանակուեցաւ Կոնստանդին Մարութեան: Նախկին նախարարը` Մ. Սարուխանեան, իր «պարտականութենէն ազատուած է այլ աշխատանքի անցնելու կապակցութեամբ»:

– Նոյեմբեր 15-ի հրամանագրով Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահութիւնը Հայաստանի նախարարներու խորհուրդին կից կեդրոնական վիճակագրական վարչութեան պետ նշանակեց` Գուրգէն Փահլեւանեանը:

ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ`
Ի ՊԱՏԻՒ Ա. ԱՐՄԷՆԵԱՆԻ

Յոբելենական երեկոյթով մը նոյեմբեր 16-ին Լենինականի պետական թատրոնին մէջ տօնուեցաւ Արմէն Արմէնեանի ծննդեան 90-ամեակը եւ թատերական գործունէութեան 70-ամեակը:

Հայաստանի մշակոյթի  նախարարին տեղակալին` Անդրանիկ Շահինեանի բացման հակիրճ խօսքէն ետք, բազմավաստակ արուեստագէտին կեանքին եւ գործունէութեան մասին խօսեցաւ թատերագէտ Լեւոն Խալաթեան:

– Արուեստագէտ Արմէն Արմէնեանի անունին հետ կապուած են հայ թատրոնի կեանքին եւ պատմութեան հետ կապուած բազմաթիւ իրողութիւններ: Ինչպէս արտասահմանի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ անգնահատելի աշխատանքներ կատարած է թատերական արուեստին զարգացման եւ երիտասարդ արուեստագէտներու դաստիարակման համար: Մեծ դեր խաղաց Լենինականի թատրոնը կազմակերպելու գործին մէջ: Արդարեւ, 1922 յուլիսին Լենինականի մօտերը երկու անգամ բեմադրեց «Սասունցի Դաւիթ»ը, որուն մասնակցեցան մօտ տասը հազար անխօս դերակատարներ (Ֆիկիւրան), հեծեալներ եւ երկու փողային նուագախումբեր:

Իր բեմական գործունէութեան տարիներուն ներկայացուցած է 110 թատրերգութիւններ:

Լեւոն Խալաթեանի խօսքէն ետք ամպիոն բարձրացան եւ յոբելեարին կեանքն ու գործը դրուատեցին բազմաթիւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ:

Երեւանի եւ Լենինականի արուեստագէտներուն միացեալ ուժերով գործադրուեցաւ գեղարուեստական բաժինը:

ԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Նոյեմբեր 16-20 Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ գիտական համագումար մը, նուիրուած շատ կարեւոր եւ այժմէական հարցի մը քննութեան` «տնտեսական հետազօտութիւնները եւ ժողովրդային տնտեսութիւնը կազմակերպելու ատեն ուսողական եւ վիճակագրական մեթոտներուն, ինչպէս նաեւ արդի հաշուական թեքնիքին գործադրութեան միջոցները»: Համագումարը հրաւիրած էր Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիային տնտեսագիտութեան հիմնարկութիւնը եւ Մոսկուայի Աշխատանքի գիտահետազօտական հիմնարկութիւնը:

Համագումարին մասնակցեցան հայ, ռուս, վրացի, ուքրանացի տնտեսագէտներ, ուսողագէտներ եւ այլն:

ՊԱՅՔԱՐ ԳԻՆՈՎՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

Հայաստանի մամուլը երկար զբաղեցաւ գինով շարժավարներու հարցով:  Հրատարակուեցան զգաստութեան եւ հակաալքոլամոլութեան կոչեր, յօդուածներ, մինչեւ իսկ սեպտեմբեր ամիսը, նշանակուեցաւ «անվտանգ երթեւեկութեան» ամիս:

Այժմ փոխադրակառքերու  եւ հանրակառքերու երթեւեկութիւնը կանոնաւորելու համար կառավարութիւնը պատիժներ սահմանեց, բոլոր անոնց, որոնք գինով վիճակի մէջ կ՛ըլլան:

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՏՂԱՔԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ՉՈՐՐՈՐԴ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։