Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԱՂԱՆԴԸ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՇՈՒՐՋ

December 24, 2011
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Եթէ Կաղանդը եւ Ս. Ծնունդը տօնէիր…

ՖԻՆԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ

Մաթիլտային նման պիտի շնչես տունը զարդարող ճերմակ սմբուլներու (Ժասենթ) նուրբ հոտը: Ս. Ծնունդին ան կը սիրէ աւանդական բրինձով կաթնապուրը ուտել:  Եթէ գտնէ անոր մէջ պահուած նուշը, ան ամբողջ տարին բախտաւոր պիտի ըլլայ: Այս տարի Մաթիլտա պիտի այցելէ Կաղանդ պապային գիւղը Ռովանիէյմի մէջ: Հոն ան պիտի կարենայ քշել եղջերուներու կողմէ քաշուած սահնակ մը եւ զմայլիլ սառոյցէ սքանչելի արձաններուն առջեւ: Վերադարձին ան ծնողներուն հետ շոգիի լոգանք մը պիտի առնէ իրենց սոնայի փայտէ տնակին մէջ: Մաթիլտա մինչեւ ուշ ժամանակ պիտի սպասէ Կաղանդ պապային: Ֆինլանտայի մէջ ան իւրաքանչիւր տան դուռը կը զարնէ` ուրախօրէն հարցնելով. «Հոս բարի մանուկ մը կա՞յ»:

ՍԼՈՎԱՔԻՈՅ ՄԷՋ

Մաթեժի նման, դուն 24 դեկտեմբերի կէսօրին բան մը պիտի չուտէիր, որովհետեւ Ս. Ծնունդի ծոմն է: Իր պզտիկ տարիքէն անոր ծնողները միշտ կը կրկնէին, որ եթէ մինչեւ գիշերուան ընթրիքը սպասէ. բերանը առանց բան մը դնելու, ան պիտի տեսնէ ոսկիէ պզտիկ խոզուկը: Սակայն Մաթեժ բնաւ բան մը չէ տեսած: Ինչպէ՞ս դիմանալ: Քանի օրէ ի վեր արդէն իր մայրը կասիայով, կիտրոնով  եւ ուրիշ համեմներով կիսալուսինի, սրտի եւ աստղի ձեւերով պզտիկ կարկանդակներ կը շինէ: Ընթրիքին Մաթեժ հացի փշուրներով ծածկուած տապկուած ծածան պիտի ուտէ: Ձուկը քանի մը օր անցուցած է տան լոգարանին մէջ` մինչեւ վերջին վայրկեանը կենդանի մնալու համար: Ասիկա շատ հաճելի կը թուի Մաթեժի…

ԵԹՈՎՊԻՈՅ ՄԷՋ

Էրմիասի նման, դուն վերէն վար ճերմակ պիտի հագնէիր եւ լուսածագին պիտի արթննայիր Ժեննայի` Ս. Ծնունդի յատուկ պատարագին ներկայ գտնուելու համար: Պատարագը կը սկսի առտուան ժամը 4:00-ին: Էրմիաս քիչ մը կը յօրանջէ: Մոմ մը ձեռքին` ան երեք անգամ հանդիսաւոր կերպով կը դառնայ եկեղեցիին շուրջ եւ ապա եկեղեցի կը մտնէ եւ կ՛երթայ այր մարդոց կողմը` նստելու: Կէսօրէ ետք, հակառակ տաքին, ան իր եղբայրներուն հետ պիտի խաղայ հոքիի նմանող եւ ժեննա կոչուած խաղ մը, պիտի ուտէ եթովպիական հացի տեսակ մը, թեֆով շինուած պզտիկ կարկանդակներ: Իբրեւ նուէր` ան պիտի ստանայ հագնելիք մը:

ՖԻԼԻՓՓԻՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Պայանի նման, դուն ալ դպրոցը շինած պիտի ըլլաս աստղի ձեւով թուղթէ եւ սատափէ լապտեր մը: Այս գունաւոր չինական լամբարները Ս. Ծնունդին ուրախ մթնոլորտ կը ստեղծեն բոլոր տուներուն մէջ: Ծնունդէն առաջ Պայանիի մեծ մայրը ներկայ գտնուած է ինը պատարագներուն, որոնք կը սկսին առտուան ժամը 4:00-ին: 25 դեկտեմբերին Պայանի կ՛այցելէ ընտանիքին տարիքոտ անձերուն: Անոնք իրենց ձեռքերը կը դնեն անոր ճակատին վրայ, ասիկա անոր բախտ պիտի բերէ ամբողջ տարուան ընթացքին: Ապա ամբողջ ընտանիքը միասին ժենժամպրով թէյ կը խմեն եւ կ՛ուտեն պամպուի եղէգներու մէջ եփած սեւ շաքարով կպչուն բրինձ:

ՃԱՓՈՆԻ ՄԷՋ

Աքեմիի նման, դուն տապկուած եւ կարմրցուած հաւ եւ ելակի մուսով կարկանդակ պիտի ուտես: Ասիկա մեծ փոփոխութիւն մըն է` սուշիներուն բաղդատուած: Աքեմիի համար Կաղանդը Եւրոպայէն եկած սովորութիւն մըն է, որ շատ հաճելի է: Ան շատ կը սիրէ իր նուէրները բանալ իր անկողինին վրայ, դպրոց երթալէ առաջ: Տարօրինակ եւ գունաւոր զարդէ լոյսերը տեսնելու` Աքեմի կ՛երազէ իր ապագայ սիրահարին մասին: Երբ ան մեծնայ, Ս. Ծնունդի գիշերը պիտի անցընէ անոր հետ: Թոքիոյի շքեղ ճաշարաններէն մէկուն մէջ, որովհետեւ Ճափոնի մէջ, 24 դեկտեմբերի գիշերը սիրահարներուն տօնն է:

ՄԵՔՍԻՔԱՅԻ ՄԷՋ

Էլիզէոյի նման, դուն պիտի զարնես ընկերներուդ դուռերը, ամէն գիշեր, Ս. Ծնունդէն մէկ շաբաթ առաջ, երգերով եւ աղօթքներով, ծպտուած անձերէ կազմուած թափօրով մը: «Թո՛ք, թո՛ք, թո՛ք»: Սակայն ոչ մէկը դուռը պիտի բանայ: Ճիշդ ինչ որ պատահած է Յովսէփի եւ Մարիամի, որոնք ամբողջ գիշերը իջեւան մը փնտռած են քնանալու համար եւ ստիպուած` պատսպարուած են ախոռի մը մէջ, ուր ծնած է Յիսուս մանուկը: 24 դեկտեմբերի գիշերը դուռերը կը բացուին ուրախ երաժշտութեան եղանակներով եւ հրախաղերով: Աչքերը գոց, Էլիզէօ կը զարնէ գունաւոր թուղթէ շինուած փինիաթային վրայ: Յանկարծ փինիաթան պիտի պատռուի եւ դուրս թափէ իր մէջի բոլոր պտուղները, անուշեղէնները եւ պոնպոնները:

ԿՐԻՆԼԱՆՏԻ ՄԷՋ

Փիփալուքի նման, դուն տունդ պիտի զարդարես փայլփլուն մոմերով եւ լուսաւոր աստղերով. դեկտեմբեր ամսուան ամբողջ օրը մութ կ՛ընէ ձիւնով ծածկուած լեռներուն եւ Նուուքի գունաւոր տուներուն վրայ: Փիփալուք կը դիտէ, թէ ինչպէ՛ս իր մայրը կը պատրաստէ Կաղանդի յատուկ ինուիթ ուտելիքները: Ան շատ կը սիրէ մաթթաքը` կէտի մորթով փաթթուած միս, եւ քիվիաքը` փոկի մորթով փաթթուած թռչունի միս: Տօնական իր վերարկուն հագած` Փիփալուք տունէ տուն կ՛երթայ` ինուիթ լեզուով «Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ» ըսելով, «Ժուուլլիմի ուքիորթաասամիլու փիլլուարիթ»:

1170

Ինչպէ՞ս մէկ գիշերուան մէջ Կաղանդ պապան կրնայ իր բոլոր նուէրները բաժնել աշխարհին շուրջ:

Մասնագէտներ հաշիւներ կատարած են եւ այն եզրակացութեան յանգած են, թէ Սփիտի Կաղանդ պապան կը ճամբորդէ երկվայրկեանը… 1170 քմ արագութեամբ:

Ուրեմն զարմանալի չէ, որ ոչ մէկը տակաւին անոր հանդիպած է:

 

ՁԵՌԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՆ ՃԱՄԲԱՅ ԵԼԱԾ Է

Զանգակներ հնչեցուցէք. Կաղանդ պապան կը հասնի: Անոր ժամանակ տանք, որ ան իր սահնակին բեռնաւորումը վերջացնէ, ապա ան կայծակի նման պիտի անցնի երկնքին մէջէն:

Կաղանդ պապային սահնակը եւ տնակը շինելու համար պէտք պիտի ունենաս պարզապէս տեսակաւոր շաքարեղէններու եւ մեծ երեւակայութեան: Երբ սահնակը վերջացնես, զայն լեցուր պոնպոններով եւ տուրմերով, ապա բոլոր տարրերը դիր Կաղանդի սեղանին վրայ:

Ինչպէ՞ս պատրաստել տնակը եւ սահնակը

ա.- Տնակին եւ սահնակին տարբեր «կտորները» իրարու «փակցնելու» համար պէտք ունիս յատուկ «խէժի» մը: Այս «խէժը» պատրաստէ փոշի շաքար խառնելով քիչ մը ջուրի հետ` ստանալու համար թանձր խմոր մը: Այս խմորը քսէ մակերեսին վրայ եւ անոր վրայ շարէ պիսքուիները:

բ.- Սահնակին յատակին համար պէտք ունիս հաստ խաւաքարտի քառանկիւն կտորի մը,  իսկ տնակին համար` պտուղի հիւթի խաւաքարտէ տուփի մը:

գ.- Սահնակը: Խաւաքարտի կտորին վրայ (1) քսէ շաքարէ խմորէն եւ ապա անոր վրայ շարէ քառանկիւն պիսքուիներ (2): Այս պիսքուիներու խաւին վրայ դարձեալ շաքարէն քսէ եւ վրան շարէ տուրմէ գաւազանիկներ (3): Սահնակին մէկ կողմը փակցուր տուրմի կտոր մը (4), իսկ միւս կողմը` կլորակ մանր կարկանդակ մը: Սահնակին երկու կողմերը փակցուր Կաղանդէ շաքարէ գաւազանիկներ (5): Իսկ ետեւի տուրմի կտորին վրայ կլորակ պիսքուիով եւ տուրմէ գաւազանիկներով պզտիկ աթոռ մը շինէ (6):

դ.- Տնակը: Չափահասէ մը խնդրէ, որ պտուղի հիւթի խաւաքարտէ տուփին վարի բաժինէն քիչ մը կտրէ, եթէ անիկա շատ բարձր է (1): Տուրմէ գաւազանիկներ փակցուր տուփին երեք կողմերուն վրայ` փայտէ պատերը ընելու համար (2): Նոյն ձեւով փակցուր նաեւ տանիքը:

Եթէ տանիքը կը սահի, տնակը սառնարանը դիր քանի մը վայրկեան, որպէսզի շաքարը չորնայ: Տնակին չորրորդ պատին վրայ քառակուսի բարակ պիսքուի մը փակցուր (3): Այս պատին վրայ կրնաս շաքարէ դուռ մը փակցնել եւ ապա զայն զարդարել գունաւոր պոնպոնի տեսակներով (4):

Ափսէի մը վրայ թուղթէ պզտիկ սփռոց մը դիր, վրան փոշի շաքար սրսկէ ձիւնի տպաւորութիւնը տալու համար եւ ապա անոր վրայ զետեղէ տնակը եւ Կաղանդ պապային սահնակը: Կրնաս նաեւ շուրջը շարել գունաւոր թուղթերով փաթթուած անհատական տուրմի կտորներ, խաւաքարտէ պզտիկ կաղանդի ծառեր եւ, անշուշտ, Կաղանդ պապան:

ԺԱՄԱՆՑ

 

Կէտերը իրարու միացուր 1-79` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս օգնել Կաղանդ պապային` գտնելու եղջերուին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել եղջերուին համապատասխանող շուքը:
Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (24 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

Յաջորդը

ՍԵԶԱՐԻԱ ԷՒՈՐԱ. ՆԱ ԱՅԴՊԷՍ ԷԼ ՉԴԱՐՁԱՒ ԱՅՍ ԵՐԿՐԻ ԲՆԱԿԻՉ

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.