Այլազան

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (16 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՅ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆՊԱՍՏԸ ՌՈՒՍ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ Հինէն ի վեր հայ գիտնականները կարեւոր նպաստ մը բերած են ռուս գիտութեան: Դեռ անցեալ դարու վերջերուն եւ մեր դարուն սկիզբը ռուս գիտութեան մէջ համբաւ վայելող անուններ էին, , ի շարս այլոց, գիտութիւններու համառուսական ակադեմիայի թղթակից - անդամ, երկրաբան Անդրէաս Արծրունի եւ ծանօթ հայ երգահան Ալ. Սպենդիարեանի եղբայրը` Լէոնիդ Սպենդիարեան: Արծրունիի գիտական գործունէութեան դափնեպսակը եղաւ...

ՄՐՑԱՆԻՇՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀ ՄԸ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ   Մրցանիշներու «Կինես ուըրլտ ռեքորտ» գիրքը առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1955 թուականին: Որսորդութեան մը ընթացքին կինես գարեջրատան պատասխանատուն` սըր Հիւկ Պիվըր իր բարեկամներուն հետ երկար վիճաբանութեան մը մէջ կը մտնէ` հարց տալով, թէ ո՞ր մէկն էր Եւրոպայի ամէնէն արագ որսը: Ան հետաքրքրական եւ հաճելի կը գտնէ նման հարցումներու պատասխանը տուող գիրքի մը ստեղծումը: Սըր Հիւկին...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (14 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ ՊՈԼՍՈՅ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՆՈՐՈԳՈՒԻ «ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՖՈՆՏԷՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ Է 98.000 ՈՍԿԻ Պոլսոյ պատրիարք Շնորհք սրբազան, ընկերակցութեամբ Սուրէն արք. Քեմհաճեանի, այցելած է Գանտիլլի, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին ու դպրեվանքը եւ նախագահած է եկեղեցական արարողութեանց դպրեվանքի մէջ: Երկու եպիսկոպոսներն ալ օգտակար խրատականներ տուած են սաներուն: Փորթուգալի հիւպատոսն ալ ներկայ գտնուած է դպրեվանքի արարողութեանց: Ամսոյս 23-ին որոշուած է սկսիլ Ս....

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹԱՏԵՐԱՍԷՐՆԵՐՈՒՆ 20-ԱՄԵԱԿԸ Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը այս տարի կը թեւակոխէ իր գործունէութեան քսաներորդ տարին: Այս հանդիսաւոր առիթով թատերախումբին վարչութիւնը գովելի գաղափարն ունեցած է անգամ մը եւս հասարակութեան ներկայացնելու անմահ թատերագիր Լ. Շանթի «Հին աստուածները», նախ` վստահաբար անոր համար, որ յարգանքի տուրք մը մատուցած կ՛ըլլայ այդպէսով յիշատակին մեծանուն գրագէտի մը, որ քսան տարի առաջ քաջալերողն ու հաւատացողը հանդիսացաւ...

ՍՆՆԴԱԳԻՏԱԿԱՆ-ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ. ՀԻՒԹԵՐ

Հիւթերը, շնորհիւ իրենց դիւրամարսութեան, կը նկատուին իսկական բուժական  կենսահեղուկ: Եթէ պտուղներու ու բանջարեղէններու մարմնի կողմէ իւրացման համար կը պահանջուի 1-3 ժամ, ապա անոնց հիւթերը կը մարսուին անմիջապէս: Հում բանջարեղէնէ եւ պտուղներէ ստացուած հիւթերը մեր օրկանիզմին համար ամէնէն կարեւոր եւ դիւրին իւրացուող կենսանիւթերու եւ հանքային աղերու հարուստ աղբիւր կը հանդիսանան: Անոնք օրկանիզմը կառուցող եւ վերակառուցողներն են, եթէ կը խմենք զանոնք թարմ,...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ ՊՈԼՍՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԻՐ ԱՊԱԳԱՅ ԾՐԱԳԻՐԸ Ծնունդի տօնակատարութիւնները տեղի ունեցած են Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիներուն եւ Կեսարիոյ եկեղեցիին մէջ: Պոլսոյ աթոռանիստ մայր եկեղեցիին մէջ իր անդրանիկ պատարագը մատուցած է նորընտիր պատրիարքը: Բազմահազար ժողովուրդ մօտաւոր եւ հեռաւոր թաղերէ հետեւած է արարողութեանց: Կէսօրէ վերջ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած է պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն ներկայ գտնուած են...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

ՏՈՄՍԵՐ «ՄԻՀՐԱՆԱԿԱՆ» ԿՈՉ ՄԸ Ո՞վ չի գիտեր ստախօս հովիւ Միհրանին պատմութիւնը: Այն, որ քանի՜ քանի՛ անգամ խաբած էր գիւղացիները` «գայլ կա՛յ» պոռալով: Եւ օր մըն ալ, երբ իրապէս եկած էին գայլերը, ոչ ոք հաւատացած էր անոր, ու գազանները յօշոտած էին զայն` իր հօտին հետ միասին: Այս օրերուն, ռամկավար եւ միւս «հայաստանասէր» խմբագիրները «միհրանական» այդ կացութեան մէջ կը գտնուին` պատմութեան հակառակ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

ԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱԼԽԱՍԻ Երէկ` երեքշաբթի, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Մարաշի Քառասուն Մանկանց եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ թաղմանական կարգն ու յուղարկաւորութիւնը գրագէտ Մալխասի: Շատ կանուխէն եկեղեցին եւ շրջակաները լեցուած էին խուռն բազմութեամբ մը: Ժամը ճիշդ 2:00-ին Ամերիկեան հիւանդանոցէն դագաղը բերուեցաւ եկեղեցի: Ժամը ճիշդ 3:00-ին սկսաւ արարողութիւնը: Արարողութեանց կը նախագահէր Լիբանանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան` շրջապատուած վարդապետներով եւ տասնեակ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (9 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՄԱԼԽԱՍԸ «Հին պահակագունդ»-ի վերջին նուիրեալներէն մէկն ալ անդարձ բաժնուեցաւ մեզմէ: Մահը տարաւ ինչ որ կորնչելի էր Մալխասէն` մեզի ձգելով այն, որ բաժինն է անմահութեան, հայ ժողովուրդի սրտին մէջ: Շատոնց հաշտուած մահուան գաղափարին հետ, այս զուարթամիտ ու զուարթախօս ծերունին, արդէն ատենէ մը ի վեր կը շրջէր «երկնքի փողոցներուն մէջ»` ապրելու համար իր վաղեմի ընկերներու կողքին, որոնց հետ շրջագայած էր ամբողջ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (6 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԾՆՈՒՆԴ Աշխարհի գլխուն ծանրացող ահաւոր տագնապի այս օրերուն տառապակոծ մարդկութեան փրկութեան յոյսն է դարձեալ, որ մշտանորոգ երազ ինչպէս, կը յաճախէ քրիստոնեայ մարդու հոգին: Ծնունդի տօներու խորհուրդին մէջ իյնա՞լ յոռետեսութեան գիրկը, թէ՞ բոլոր փորձութիւններէն վեր, հասնիլ երազային բարձունքներուն` որոնելու համար մարդ մնալու մեծութիւնը: - Որո՞ւ համար կը ղօղանջեն զանգերը: Հին ու գեղեցիկ հեքիաթի մը խորագիրն է այս, որ յամառող հարցումի...

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

Հրանդ Գալեմքերեանի մահուան քառասունքին առիթով` Գալեմքերեան ընտանիք 100,000 լ. ո. Սմբատ Գումրույեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Հրայր Ծերունեան 50,000 լ. ո. Լեւոն Սեմերճեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Կարպիս Մարգարեան 50,000 լ. ո.

ՔՈՒՆԸ ԵՒ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ

Քունը կենսաբանական անհրաժեշտութիւն է, իսկ խոր եւ բաւարար քունը անհրաժեշտ է նոր օր սկսելէ առաջ` լաւ տրամադրութիւն ապահովելու համար: Ժողովրդական առածը կ՛ըսէ` «Որքան քունը խոր ըլլայ, այդքան միտքերը պարզ կ՛ըլլան»: Արտաքինէն պարզ թուացող, սակայն շատ կարեւոր պայման մըն է նոյն ժամուն քնանալը եւ նոյն ժամուն արթննալը: Անիկա կարեւոր է մարմինի կենսաբանական, ներքին բնական կշռոյթը չխանգարելու համար: Շատերը քնանալէ առաջ կամ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (5 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

ՀԱՅԿՈՒՀԻ ԽՏԸՇԵԱՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԲԵՄԻ ՎՐԱՅ Դերասանուհի Հայկուհի Խտըշեան-Լա Շասանեը ծանօթ է փարիզահայութեան իր բեմական փայլուն գործունէութեամբ: Արդարեւ, երիտասարդ դերասանուհին ամէն անգամ ալ իր մասնակցութեամբ յաջողած է բարձրացնել որակը փարիզահայ բեմին վրայ տրուած ներկայացումներուն: Հաճոյքով կը տեղեկանանք, թէ մեր տաղանդաւոր հայրենակցուհին, որ մուտք գործած է արդէն ֆրանսական թատրոն` Նաթալի Քերժան անունով, այս անգամ, վերջին անցնող ամիսներուն ֆրանսական «Պարէ» թատերական խումբին հետ,...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (4 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

ՔՈՒԼԻՍԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՆ Պէյրութահայ «Քուլիս»-ականներու նորակազմ թատերախումբը իր առաջին ձեռնարկը ունեցաւ կիրակի, 17 դեկտեմբեր 1961 երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ամերիկեան համալսարանի «Ուէսթ հոլ» սրահին մէջ, տալով գեղարուեստական երեկոյ մը: Քեմանչայի անզուգական վարպետը` Ռուբէն նուագեց «Յուշեր Երուսաղէմէն». ապա հանդիսականներու ծափերուն ընդառաջելով` Սայաթ Նովայի «Չիս ասում, թէ լաց ես էլի»-ն: Բանախօսեց Ա. Տէր Գէորգեան` նիւթ ունենալով «Քուլիս» կիսամսեայի հայրը` Յ. Այվազ: Յարգելի բանախօսը...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (3 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԱՅ (ԿԱՂԱՆԴԻ ԱՌԹԻՒ) Ուրախութիւն մը կայ ձմեռը, երբ օրերը մութ են ու տխուր: Ուրախութեան տօներ կան` Ծնունդն ու Կաղանդը: Ձմեռը, երբ տերեւաթափ ծառերը խաչեցեալին պէս են պողոտաներուն վրայ, կապարագոյն երկնքին տակ կան ծառեր, որոնք կը մտնեն տուներուն եւ խանութներուն ցուցափեղկերուն մէջ, հրապարակներուն վրայ եւ դպրոցներուն մէջ կը տեսնենք զանոնք: Պզտիկ ու մեծ եղեւիններ, կանաչ տակաւին: Սեղաններուն վրայ են,...

ԻՍԿ ԴՈ՞ՒՆ ԻՆՉ ՈՒԶԵՑԻՐ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՅԷՆ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Նուէր մը ընծայելը կը յիշեցնէ երեք մոգերուն բերած նուէրները Յիսուսին, ոսկին, խունկը եւ զմուռսը: Ոսկին արժէքաւոր մետաղ մըն էր, որ թագաւորներուն յատուկ էր: Ծառէ մը առնուած խունկը աստուածներուն նուիրուած ձօն մըն էր: Դարձեալ ծառէ մը հաւաքուած զմուռսը կը գործածուէր իբրեւ դարման եւ անուշահոտ` մարդոց համար:  *** Այժմ նուէր մը տալը սիրոյ նշան է: Երկար ժամանակ նարինջը...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (31 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ 1962-Ի ՍԵՄԻՆ Տարին հասաւ իր վախճանին: Քանի մը ժամ եւս` ու հինցած քուրձի մը պէս մեր վրայէն պիտի նետենք 1961-ը, որ խաղաղ ու անդորր օր մը չպարգեւեց մարդկութեան այլ, ընդհակառակն, իր տագնապներով եւ վէճերով հրաբուխի վրայ պահեց աշխարհը միջկորիզային բախումի մը ահաւոր սարսափով: Հորիզոնը կը շարունակէ մթագնած մնալ, գրեթէ ամէն կողմ: 1961-ը չլուծեց իր ստեղծած հարցերէն որեւէ մէկը եւ...

Page 460 of 482 1 … 459 460 461 … 482