Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (20 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

December 20, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԶԳ. ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԸ

Հինգշաբթի, 14 դեկտեմբեր 1961, երեկոյեան ժամը 6:30-ին գումարուեցաւ Լիբանանի հայոց Ազգային գաւառական ժողովը, Ս. Նշան Ազգային բարձրագոյն վարժարանի ընդարձակ սրահին մէջ:

Ժողովին կը նախագահէր թեմակալ առաջնորդ Խորէն արքեպիսկոպոս:

Սրբազան հօր աղօթքով ու բարի գալուստի մաղթանքով բացուեցաւ ժողովը:

Կարդացուեցան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրները 24 եւ 26 նոյեմբեր 1961-ին տեղի ունեցող Ազգ. գաւառական ժողովոյ մէկ հինգերորդի վիճակով դադարեալ եւ յաւելեալ 14 աշխարհական եւ եկեղեցական երեսփոխաններու ընտրութեան մասին եւ  յետ ընտրական թղթածրարի քննութեան` վաւերացուեցան համաձայն Ազգ. սահմանադրութեան: Այս ձեւով Ազգ. գաւառական ժողովոյ երեսփոխաններուն թիւը 28-էն բարձրացաւ 42-ի:

Ապա, տասը վայրկեանի դադարէ մը վերջ,  գաղտնի քուէարկութեամբ կատարուեցաւ մայր դիւանի ընտրութիւնը:

Մայր դիւանը կազմուեցաւ հետեւեալ կերպով.-
Տեարք Վահէ Սէթեան` ատենապետ, Ղազար Չարըգ` փոխատենապետ, Գառնիկ Բանեան` ատենադպիր, Վարդգէս Շամլեան` փոխատենադպիր:

Առաջնորդ սրբազանը ջերմ խօսքերով շնորհաւորեց նորընտիր դիւանը եւ բեղուն գործունէութիւն մաղթեց Ազգ. գաւառական ժողովոյ:

Ատենապետ Վահէ Սէթեան, յանուն դիւանին շնորհակալութիւն յայտնեց յարգելի երեսփոխաններուն` իրենց հանդէպ ցոյց տրուած այս վստահութեան համար:

Ժողովը փակուեցաւ ժամը 8:15-ին:

 

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ

ԼՈՆՏՈՆԻ ՄՇՈՒՇԸ

Լոնտոնի… հռչակաւոր մշուշը ոչ միայն անհանգիստ կ՛ընէ Նորին վեհափառութեան հպատակները, այլ նաեւ ահագին ծախքի դուռ կը բանայ: Մշուշը ամէն օր Լոնտոնի բնակիչներուն մէկ միլիառ տրախմի կ՛արժէ, մասնաւորաբար երբ գործատուներու ծուխերուն հետ խառնուած կ՛ըլլայ: Ահաւասիկ հաշիւը:

– Ամէն օր, շապիկներու եւ հագուստներու լուացքի եւ մաքրութեան համար յաւելեալ ծախք` հարիւր միլիոն:
– Ինքնաշարժներու մետաղեայ մասնիկներու եւ տուներու փտումի վնաս` հարիւր միլիոն:
– Խոնաւութեան հետեւանքով անշարժ կալուածներու ծեփերու վնասներուն համար` երկու հարիւր միլիոն:
– Կրիփի եւ այլ հիւանդութեանց պատճառած վնասը ճարտարարուեստական արտադրութեան` երկու հարիւր միլիոն:
– Փոխադրութեանց անկանոնութեանց վնասները` երկու հարիւր միլիոն:
– Խոնաւութեան հետեւանքով ապրանքներու վնասները` երկու հարիւր միլիոն:

 

ԱՉՔԵՐԸ Ի՞ՆՉ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ

Աչքերը ո՛չ միայն հայելին են հոգիին, այլ նաեւ` առողջութեան:

Հոլանտացի ակնաբուժ մը, վերջերս կարգ մը դիտարկութիւններ հրատարակած է առողջութեան հետ աչքերու ձեւին ունեցած կապին մասին:

Հոլանտացի ակնաբուժին համաձայն, եթէ ձեր աչքերը կլոր են, զգայուն երիկամունք ունիք:
Նշաձեւ աչքերը` յօդացաւի (ռոմաթիզմ) հակամէտութիւն ցոյց կու տան:
Խոշոր աչքերը` գլխացաւի:
Աչքերու գոյներն ալ կ՛արտայայտեն ո՛չ միայն մարդու մը նկարագիրը` այլ նաեւ` օրկանական տկարութիւնները:
Կապոյտ աչքերը` զգայուն լեարդի նշան են:
Շագանակագոյն աչքերը` աղիքային անկանոնութեանց:
Սեւ աչքերը` վահանագեղձի արտակարգ գործունէութեան:
Ոսկեգոյն աչքերը` ստոծանիի բորբոքումի:
Կանանչ աչքերը` զգայուն ստամոքսի:

Նախորդը

Օդերեւոյթ (20 դեկտեմբեր 2011)

Յաջորդը

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 121-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.