Այլազան

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յարութիւն Սարգիսեանի մահուան առիթով` Հրեշտակեան ընտանիք (Հալէպ) 100,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Արամ Թորոսեան (Հալէպ) 15,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին տոքթ. Համազասպ Շահինեան (Հալէպ) 15,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Գարեգին Մուրատեան (Հալէպ) 15,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Մելքոն Շուշանեան (Հալէպ) 15,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ (2 մարտ 1962)

Սուրէն Խանամիրեանի Իշխանական Նուէրը Լիբանանի Հայութեան Ս. Նշանի Հողին Վրայ Պիտի Կառուցուի Արդիական Վարժարան Մը` Մանկապարտէզի, Նախակրթարանի, Միջնակարգի Եւ Քոլեճի Բաժիններով Բարեդէպ զուգադիպութեամբ մը, Վարդանանցի տօնին առիթով, հայապահպանման պայքարի ճակատին վրայ նոր վէմ մը եւս դրուեցաւ: Երէկ` հինգշաբթի, լիբանանահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան մեծ աւետիս մը տուաւ` ծանուցանելով Պէյրութի պետական երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի իշխանական նուիրատուութիւնը Լիբանանի հայութեան: Պէյրութահայութեան այս արժանաւոր...

Փորձ-Հարցարան. Խի՞ստ, Թո՞յլ, Թէ՞ Ըմբռնող Մայր Էք

1 Դպրոցէն վերադարձին, ձեր զաւակը կը մերժէ ուտել ձեր պատրաստած կերակուրը: ա.- Կը յանդիմանէք եւ ուրիշ ընտրանք չէք տար: բ.- Անմիջապէս պնակ մը գետնախնձոր կը տապկէք եւ կը դնէք առջեւը: գ.- Կը համոզէք, որպէսզի քիչ մը ուտէ, խոստանալով ընթրիքին իր սիրած մէկ բանը պատրաստել: 2 Ձեր զաւակը ձախող վիճակացոյցով մը տուն կը մտնէ: ա.- Վիրաւորական խօսքերով կ՛անարգէք զայն եւ կ՛արգիլէք...

50 Տարի Առաջ (1 մարտ, 1962)

Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան Զ. Տարեդարձը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր գահակալ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան Զ. տարեդարձին առթիւ, 20 փետրուար 1962, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ կաթողիկոսարանի վեհարանի դահլիճին մէջ, ի ներկայութեան Տաճատ արքեպիսկոպոսին եւ միաբանութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ` դպրեվանուց ուսուցչական կազմին եւ ուսանողութեան: Հանդիսութիւնը սկսաւ վեհափառին ձօնուած «Ի վեհ բարձանց» երգով, որմէ ետք յանուն դպրեվանուց ուսանողութեան` Յարութիւն...

50 Տարի Առաջ (29 փետրուար 1962)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ  ՎԱՐԴԱՆԻ ՈԳԻՆ Բազմադարեան իր պատմութեան ընթացքին հայութիւնը ապրած է վերիվայրումներու ամբողջական շարք մը: Մերթ պայծառ երկինք, մերթ մթամած ամպեր հորիզոն կազմած են մեր ժողովուրդին վերեւ, որ սակայն ամէնէն սեւ օրերուն իսկ չէ վհատած, չէ յուսալքուած` իր առհաւական զօրութիւնը քաղելով հոգեկան ուժերէ, որոնք անկորնչելի մնացած են դարերու ընթացքին: Հայկական հորիզոնը պայծառացնող խոյանքներուն շքեղագոյնը, անկասկած, Վարդանանց աքթն է, որ աւելի քան...

50 Տարի Առաջ (28 փետրուար 1962)

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ ՏՈՔԹ. Բ. ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ Հինգշաբթի, 22 փետրուար, ժամը 9:00-ին, Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ հրապարակային դասախօսութիւն մը` մտաւորականներու եւ գրասէրներու ընտիր ու հոծ հասարակութեան մը առջեւ: Բացումը կատարեց միութեան ատենապետ Ե. Փամպուքեան, որ հրաւիրեց օրուան դասախօս տոքթ. Բաբգէն Փափազեանը` անցնելու իր նիւթին: Յարգելի տոքթորը ընտրած էր շատ շահեկան եւ այժմէական նիւթ մը` «Հին աստուածներ»-ի թատերական կառոյցը եւ...

50 Տարի Առաջ (27 փետրուար 1962)

ՏՈՄՍԵՐ ՄՈՒՐԱԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ Քսաներորդ դարը, որ յառաջդիմութեանց եւ մեքենաներու դարն է, չէ մոռցած նաեւ զարգացնելու մուրալու արուեստը: Արդ, որքան աշխարհը կը զարգանայ, այնքան անգործութիւնն ո՛ւ մուրացկանութիւնը կ՛աճին ու կը զարգանան` Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով: Օր ըստ օրէ զարգացող մուրացկանութիւնը օրուան պայմաններուն համեմատ ստեղծած է մուրալու զանազան ճիւղեր, ինչպէս որ գիտութիւնը ստեղծած է զանազան տեսակի բժշկութեանց ճիւղեր` ակնաբուժութիւն, վիրաբուժութիւն, մանկաբուժութիւն...

Սառած Ցամաքամաս Մը

Հարաւային բեւեռին շրջանին մէջ գտնուող Անթարքթիքը Եւրոպայէն աւելի մեծ է: Քիլոմեթրերով սառոյցով ծածկուած այս ցամաքամասին մօտէն ծանօթանալու համար մսկոտ պէտք չէ ըլլալ... Զարմանալի չէ, որ մարդ արարածը Անթարքթիքը գտած է միայն 1840 թուականին: Անիկա կը գտնուի աշխարհին միւս ծայրը. հոն հասնելու համար պէտք է կտրել սանձարձակ ովկիանոս մը եւ տոկալ կլիմայական ծայրայեղ պայմաններու: Հոն, բացի ծովափի երկայնքին գտնուող քանի մը...

50 Տարի Առաջ (24 փետրուար 1962)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՔԱՌԱՍՆԱՄԵԱԿԸ Կիրակի, 25 փետրուարին Պուրճ Համուտի «Գարմանիկ» սրահին մէջ հանդիսաւորապէս պիտի տօնուի Ժիպէյլի դանիական «Թռչնոց բոյն»-ի քառասնամեայ յոբելեանը: Հանդէսին համազգային հանգամանքը առաւելագոյն չափով կը շեշտուի ներկայութեամբը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի, որ ստանձնած է անոր հովանաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ` երեք յարանուանութեանց պետերուն, որոնք կը նախագահեն տօնակատարութեան: Շատ քիչ առիթներով համազգային նման յարգանք կը մատուցուի ազգին բարձրագոյն...

ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՀԱՃՈՅՔԸ

Տօներ, տարեդարձներ, անուանակոչութիւն... Ահաւասիկ հաճելի եւ ուրախ առիթներ` նուէրներ փոխանակելու, հաճոյք պատճառելու եւ, ինչո՛ւ չէ, նուէրի մը ճամբով պատգամ մը փոխանցելու: Ձեզի համար նուէր մը ընտրելն ու գնելը հաճո՞յք, տաղտո՞ւկ, թէ՞ պարտականութիւն է: Նուէրի գաղափարը ձեւակա՞ն կը գտնենք, թէ՞ մարդկային կապերը աւելի եւս ամրապնդող միջոց: Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը: 1 Ձեր կարծիքով, նուէր մը պէտք է ըլլայ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (23 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

«ԲԱԳԻՆ»-Ի ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ Հինգշաբթի գիշեր, 15 փետրուար, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի ամսագրին կազմակերպած դասախօսութիւններու շարքին առաջինը` յատկացուած «Սփիւռքի 40 տարուան պարբերական մամուլ»-ին: Խմբագրութիւնը լաւագոյն ընտրութիւնը կատարած էր այս նիւթով, որ հետաքրքրական էր թէ՛ իր բովանդակութեամբ եւ թէ՛ ներկայացման ձեւով: Մտաւորականներու եւ գրասէր հասարակութեան ընտիր բազմութիւն մը ներկայ եղաւ դասախօսութեան, որուն...

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յարութիւն Քեպապճեանի (ընկեր Կայծակ) մահուան առիթով` Թիւթէլեան ընտանիք 50,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Արա Քենտիրճեան 100,000 լ. ո.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

ԽՄԲԱԳ­ՐԱ­ԿԱՆ ՀԱՅ ԺՈ­ՂՈ­ՎՈՒՐ­ԴԸ ԵՒ ԿԻ­ԼԻԿ­ԵԱՆ ԱԹՈ­ՌԻՆ ԴԵ­ՐԸ Յա­ջոր­դա­բար եր­կու կի­րա­կի, 11 եւ 18 փետր­ուար, Պուրճ Հա­մու­տի հա­յու­թիւնը ապ­րե­ցաւ ան­մո­ռա­նա­լի պա­հեր: Խան­դա­վա­ռու­թեան եւ ցնծու­թեան ալիք­ներ ողո­ղե­ցին շրջա­նի հա­յու­թիւնը, որ ան­գամ մը եւս եկաւ փաս­տե­լու գե­րա­զան­ցօ­րէն հա­յե­ցի եւ աւան­դա­պահ իր նկա­րագիրը` փա­րած հո­գե­կան այն տան, որ մեր եկե­ղե­ցին է, ի սփիւռս աշ­խար­հի: Նոր Մա­րա­շի Ս. Քա­ռաս­նից Ման­կանց եկե­ղեցի­ին եւ Նոր Սի­սի Ս....

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 18 Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեան 41-րդ տարեդարձն է: Քառասուն եւ մէկ տարի առաջ, համատարած վայրագութեան եւ ամբողջական բռնատիրութեան ճամբով, պոլշեւիզմը անշնչելի դարձուցած էր կացութիւնը մեր հայրենիքին մէջ, ուր եկած էր ներքին ինքնավստահութեան խոստումով եւ բռնական կամ անարդար որեւէ քայլ չառնելու ապահովութիւնը տալէ ետք: Հազիւ ոտք դրած Երեւանի մէջ` դրժեց սակայն իր բոլոր խոստումները եւ համատարած սպանդանոցի մը վերածեց մեր...

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ. ԴԻՄԱԿՆԵՐ` Ո՛Չ ՄԻԱՅՆ ԾՊՏՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Բարեկենդանին սովորութիւն է դիմակներով ծպտուիլ: Դիմակները մարդոց կարելիութիւնը կու տան ծպտուելու եւ կերպարանափոխուելու: Անոնք ունին նաեւ բազմաթիւ ուրիշ գործածութիւններ: Քոնկոյի մէջ` չափահաս դառնալու համար Մպութի ցեղախումբին պատկանող այս պատանի Փիկմէն վերջացուցած է իր վարժութեան շրջանը: Ան հիմա կրնայ դնել այս առիթին համար շինուած փայտէ դիմակը: Շաբաթներու ընթացքին ան սորված է որսորդութեան եւ բոյսերը հաւաքելու կերպերը: Ան չափահաս դարձած է: Մեքսիքոյի...

ՏՕՆԵՐ – ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Բուն Բարեկենդանը հայերու հնագոյն տօներէն է եւ կը նշուի Զատիկէն եօթը շաբաթ առաջ: Պահքերու նախորդ օրերը կը կոչուին Բարեկենդան, իսկ Մեծ պահքին կը նախորդէ Բուն Բարեկենդանը: Ուրեմն Բուն Բարեկենդանը, քանի որ կը նախորդէ ամէնէն երկար պահքին: Անցեալին Բարեկենդանի առիթով կը կազմակերպուէին ընտանեկան խրախճանքներ` առատ ուտելիք, կերուխում: Տանտիկինները իրենց պահած մթերքներով շռայլօրէն կը հիւրասիրէին ընտանիքին անդամները եւ հիւրերը: Տօնին կը պատրաստուէին...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

ԳՐԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ` ԳՐԻԳՈՐ ԶՈՀՐԱՊԻ (ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ) Էշրեֆիէի Համազգայինի վարչութեան կազմակերպած եւ Գրիգոր Զոհրապի ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած գրական երեկոն տեղի ունեցաւ «Ազատամարտ» սրահին մէջ, որ կանուխէն եկած էր լեցնել գրասէր հասարակութիւնը: Բեմին վրայ, դասախօսներու յատկացուած ամպիոնին քով, ծաղիկներու մէջ դրուած էր Գրիգոր Զոհրապի նկարը` «Հարիւրամեակ» վերտառութեամբ: Րաֆֆի Պէրպէրեան, հակիրճ բացման խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրեց առաջին դասախօս Գրիգոր Շահինեանը, որ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (15 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

ՀԱՅ ԿԻՆԸ ԵՒ ԻՐ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Հայաշէնի Լիբանանի օգնութեան խաչի վարչութեան կազմակերպութեամբ, փետրուար 7-ի երեկոյեան Ազգային Թորգոմեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թելադրիչ դասախօսական երեկոյ մը: Հանդիսութեան կը նախագահէր Կիլիկեան վարժարանի տնօրէն Պայծառ Մանուկեան, որ կատարեց հանդիսութեան բացումը` ներկայացնելով օրուան դասախօս, Ազգային Թորգոմեան վարժարանի աւագ ուսուցչուհի  Մարի Սարգիսեանը` անոր մէջ գտնելով դաստիարակի ու պարկեշտ հայուհիի սիրուած անձնաւորութիւնը: Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը...

Page 457 of 482 1 … 456 457 458 … 482