Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 փետրուար 1962)

February 29, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

 ՎԱՐԴԱՆԻ ՈԳԻՆ

Բազմադարեան իր պատմութեան ընթացքին հայութիւնը ապրած է վերիվայրումներու ամբողջական շարք մը: Մերթ պայծառ երկինք, մերթ մթամած ամպեր հորիզոն կազմած են մեր ժողովուրդին վերեւ, որ սակայն ամէնէն սեւ օրերուն իսկ չէ վհատած, չէ յուսալքուած` իր առհաւական զօրութիւնը քաղելով հոգեկան ուժերէ, որոնք անկորնչելի մնացած են դարերու ընթացքին:

Հայկական հորիզոնը պայծառացնող խոյանքներուն շքեղագոյնը, անկասկած, Վարդանանց աքթն է, որ աւելի քան հազար հինգ հարիւր տարիներ առաջ ժողովուրդ մը ծառացուց իրմէ տասնապատիկ աւելի հզօր երկրի մը դէմ, երբ իբրեւ ազգ ապրելու կամ մեռնելու հարցականին առջեւ գտնուեցան Հայկի թոռները:

Վարդանանց հայամարտը ուղիղ գծով իր իմաստն ու արժէքը կը ստանայ այն միւս ծառացումէն, որ հնադարեան օրերուն մեր նախահայրը ունեցաւ հանդէպ բռնակալին` բանալով պատմութեան էջերը մեր ժողովուրդին առջեւ:

Վարդանանց պատերազմը հաւանաբար ամէնէն  անկարելի մարտն էր, որ մղեցին «փիղ»-երու եւ աշխարհակալ բանակներու դէմ` իբրեւ արի արանց ժողովուրդի մը զաւակները:

Քաղաքականօրէն մասնատուելէ եւ բաժան-բաժան դառնալէ ետք, ընդմէջ Բիւզանդիոնի եւ Սասանեան Պարսկաստանի, մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը անհանդուրժելի պայմաններու մատնուեցան պարսկական տիրապետութեան տակ, կրօնական թէ ազգային, տնտեսական թէ քաղաքական այն հակադիր ձգտումներուն պատճառով, զորս ունէին առանձնաբար, միահեծան բռնաւորի սուիններուն տակ:

Բայց այդ օրերուն ալ, ինչպէս միշտ, առասպելական մեր քաջութիւնը երբեք չմղուեցաւ տրամաբանութեան զսպանակէ մը: Թուաբանական հաշիւները կամ յաղթանակի նախադրեալները դեր չունեցան Աւարայրի ճակատամարտի նախօրեակին: Գոյամարտ մըն էր հայ ժողովուրդին մղածը, հերոսամարտ եւ անկարելի կռիւ:

Վարդանանց պատերազմը գերազանցօրէն կրօնական խիզախում մը ըլլալով հանդերձ, խորքին մէջ նաեւ շեշտօրէն ազգային-քաղաքական բնոյթ եւ նկարագիր ունէր:

Ի՛նչ նկարագիր որ ալ ունեցած ըլլար, նո՛յնը պիտի մնար աղբիւրը. հայ ժողովուրդի հոգին, որ շղթայ ու կապանք չի ճանչնար:

Գրեթէ մեր բոլոր պատմական խոյանքներուն կամ ծառացումներուն մէջ մենք բարոյական յաղթանակներու խօսքը կ՛ընենք: Եւ, Վարդանանց պարագային, անմիջապէս կը յիշենք Նուարսակը, որ կրօնի կամ խղճի մեր ազատութիւնը կը վերադարձնէր մեզի, 1036 վկաներու նահատակութենէն քիչ ատեն ետք:

Նոյնը չպատահեցա՞ւ միթէ Փետրուարեան ապստամբութենէն ետք, 1921-ին, երբ ամենազօր լենինները ստիպուեցան ընդունիլ, թէ` «հարկ է աւելի քաղցր ու մեղմ վարուիլ հայ ժողովուրդին հետ»:

Ասոնք, այս կարգի պաշտօնական կամ անպաշտօն խոստովանութիւններ, հաստատումն իսկ են մեր այն խորունկ համոզումին, թէ Վարդանանց կամ Փետրուարեան պոռթկումները վերջ չեն գտած ու կը շարունակուին լռութեան մէջ, հոգիներո՛ւ մէջ: Վարդանանց նահատակները այսօր ալ հանգիստ չունին իրենց գերեզմաններուն մէջ եւ կը խլրտին հայրենի թէ սփիւռքեան մեր ժողովուրդի հոգիներուն մէջ:

Որքան ալ «մեղմ» վարուին մեզի հետ այսօրուան բռնակալները, Հայ եկեղեցի եւ հայ անկախութիւն կը մնան կաշկանդուած: Հայ ժողովուրդը չի կրնար հրաժարիլ թէ՛ առաջինին եւ թէ՛ երկրորդին ամբողջական իրագործումը հետապնդելու իր սրբազան պարտականութիւններէն:

 

ՀՄԸՄ ՀԱԼԷՊԻ ՆՈՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Հալէպի մեր պաշտօնակից «Արեւելք»-ի մէջ կը կարդանք (24 փետրուար).-

18 փետրուարի 1962, կիրակի առաւօտեան տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի նոր վարչութեան ընտրութիւնը, ակումբին մէջ: Նախորդ վարչութեան միամեայ տեղեկատուութենէն եւ հաշուետուութենէն ետք, կատարուեցաւ քուէարկութիւնը: Ընտրուեցան հետեւեալ եղբայրները.

Տոքթ. Ալպեր Տայըեան (ատենապետ), ատամնաբուժ Խաչիկ Կարապետեան, եղբ. Մանուէլ Հալլաճեան, եղբ. Յովհաննէս Խաչատուրեան, եղբ. Սուրէն Նազարեան, եղբ. Յակոբ Ագըլեան, եղբ. Արսէն Դանիէլեան:

 

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԸ ԿԵՍԱՐԻՈՅ ՄԷՋ

Կեսարիայէն 13 փետրուար թուականով կը գրեն Պոլսոյ «Մարմարա»-ին.

Քրիստոսի տաճար գալու քառասունքին (Տեառնընդառաջի) տօնին առթիւ, երեկոյեան ժամը 4:00-էն սկսեալ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներու եւ հետաքրքիրներու բազմութեամբ:

Երեկոյեան ժամերգութենէն եւ «Հայր գթաց»-էն ետք, վաստակաւոր հոգեւոր հովիւ Հայկազուն քհնյ. Կարապետեան գեղեցիկ քարոզով մը օրուան տօնին իմաստը եւ Սիմէոն Ծերունիի հաւատքին զօրութիւնը պարզելէ ետք, նախատօնակի ժամերգութեան կատարումը սկսաւ:

Եկեղեցիին մէջ «Քրիստոս փառաց թագաւոր» հոգենորոգ շարականին երգեցողութեան ատեն, երբ ամէն ոք մոմ ի ձեռին երկիւղածութեամբ կ՛ունկնդրէր, միաժամանակ կը լսուէր նաեւ դուրսի բակին մէջ աւանդական սովորութեան համաձայն մեծաշառաչ ճարճատող խարոյկին ձայնը, որուն շուրջ պար բռնած էին մանուկներ, նոր հարսեր եւ նոր նշանուած աղջիկներ: Այդ միջոցին տեղի ունեցաւ նաեւ, իբրեւ առատութեան նշան, տուներէն ափսէներով բերուած խաշած ցորենի եւ չամիչի բաժանումը, ուրկէ իրենց բաժինը կ՛առնէին սովալլուկ ճնճղուկներն ալ: Հուրի պարին կը մասնակցէին եւ բոցավառ խարոյկին շուրջը կը դառնային նաեւ տարիքոտ եւ ծեր կիներ` իրենց երիտասարդութեան օրերը յիշելով:

Նախորդը

«Ընտրութիւններու Արդարութիւնը Պէտք Է Պարտադրուի` Կամաւորական Շարժումի Մը Միջոցով» Կ՛Ըսէ Հրանդ Մարգարեան

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.