Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ. ԴԻՄԱԿՆԵՐ` Ո՛Չ ՄԻԱՅՆ ԾՊՏՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

February 18, 2012
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բարեկենդանին սովորութիւն է դիմակներով ծպտուիլ: Դիմակները մարդոց կարելիութիւնը կու տան ծպտուելու եւ կերպարանափոխուելու: Անոնք ունին նաեւ բազմաթիւ ուրիշ գործածութիւններ:

Քոնկոյի մէջ` չափահաս դառնալու համար

Մպութի ցեղախումբին պատկանող այս պատանի Փիկմէն վերջացուցած է իր վարժութեան շրջանը: Ան հիմա կրնայ դնել այս առիթին համար շինուած փայտէ դիմակը: Շաբաթներու ընթացքին ան սորված է որսորդութեան եւ բոյսերը հաւաքելու կերպերը: Ան չափահաս դարձած է:

Մեքսիքոյի մէջ` հերոսի մը նմանելու համար

Իրենց հերոսներուն նմանելու համար այս պզտիկները դրած են մեքսիքացի կռփամարտիկներու` «լուչատորներու» դիմակը: Այսպիսով լուչատորը կը ջնջէ իր ինքնութիւնը եւ կը դառնայ կռուող չաստուած մը: Այս դիմակը ազթէք ասպետներու ժառանգութիւններէն մէկն է:

Հնդկաստանի մէջ` թշնամին խաբելու համար

Այս հնդիկ ձկնորսները իրենց դիմակները սխալ կողմը չեն դրած: Անոնք իրենց դիմակները իրենց գլխուն ետեւը կը դնեն` վագրերէն պաշտպանուելու համար: Պենկալի վագրը կը պտտի Սանտարպանի ափերուն երկայնքին: Ան շատ լաւ լողալ գիտէ, հետեւաբար չի վարանիր ջուրը նետուելու: Սակայն այս մեծ որսորդը իր որսերուն վրայ միշտ ետեւէն կը յարձակի: Այս պարզ հնարքը բաւարար է զայն խաբելու:

Ճափոնի մէջ` թոքերը պաշտպանելու համար

Դիմակ մը դնելը ընթացիկ բան մըն է Ճափոնի մէջ: Ան կը ծառայէ տոկալու` օդի շատ ծանր ապականումի ժամանակաշրջաններուն: Բնակիչները այդ դիմակը կը գործածեն նաեւ երբ հիւանդ ըլլան: Այսպիսով ճափոնցի մը իր մանրէները շուրջիններուն չի փոխանցեր: Դիմակը մաս կը կազմէ առօրեայ կեանքին, հետեւաբար յաճախ կարելի է հանդիպիլ անձերու, որոնք իրենց դիմակը յարմարցուցած են իրենց հագածներուն:

Միացեալ Նահանգներու մէջ` ծպտուելու համար

Այս պզտիկ աղջնակը կը տողանցէ Սէյնթ Ան ընկերութեան կառքերէն մէկուն վրայ նստած: Ան մաս կը կազմէ Նիւ Օրլինզի մէջ Մարտի Կրայի առիթով կազմակերպուած մեծ տողանցքին: Բարեկենդանի այս տօնակատարութիւնը նուազ ծանօթ է, քան Վենետիկի կամ Ռիոյի տօնակատարութիւնները, սակայն Լուիզիանայի մէջ կայացող տարուան գլխաւոր տօնակատարութիւնն է:

 

_______________________________

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ…

– Բեւեռային արջերուն մորթը սեւ է:
– Երբ աստղանաւորդները իրենց տարազը հագած կ՛ըլլան` անջրպետ ելլելու համար, անոնք չեն կրնար սուլել:
– Երբ մենք մէկ քայլ կ՛առնենք, կ՛աշխատցնենք մօտաւորապէս 200 մկաններ:
– Ջայլամին աչքը իր ուղեղէն աւելի մեծ է:
– Ատրճանակ կարիդոսը այնքան բարձր ձայն կը հանէ, որ կրնայ ձուկեր մեռցնել:
– Աշխարհի ամէնէն մեծ անապատը Անթարքթիքայի մէջ կը գտնուի:
– Երեւակի էնսէլատուս լուսինը ձիւնով ծածկուած է:
– Որովհետեւ իրենց մարմինը շատ կ՛այրէ, մեղրահաւերը պէտք է ամէն օր իրենց ծանրութեան երկու անգամը ուտեն:
– Առաջին ե-նամակը ղրկուած է 1971-ին` ԱՐՓԱՆԷԹ-ի միջոցով, իրարու քով դրուած երկու համակարգիչներու միջեւ:
– Աշխարհի բնակչութեան մէկ երրորդը կեանքին մէջ բնաւ հեռաձայն չէ գործածած:

 

ՊԶՏԻԿ ՀԱՒԱՔՈՅԹ ՄԸ

Կէսօրէ ետք ընկերներով պիտի հաւաքուինք Բարեկենդան տօնելու համար: Անշուշտ առաջին հերթին պիտի ծպտուիք. սակայն ետքը ինչպէ՞ս անցընել ժամանակը: Ահաւասիկ քանի մը առաջարկներ…

1.- Ծպտուինք

Անշուշտ այս առիթով ամէնէն կարեւորը ծպտուիլն է: Սակայն պարզ ու սովորական դիմակները գործածելու փոխարէն, կրնանք բերել ջուրով մաքրուող դէմքի յատուկ ներկեր, եւ հնարել անասուններ, որոնք գոյութիւն չունին: Անոնք կրնան ըլլալ գանգուր պեխերով, հսկայական թարթիչներով, գոյնզգոյն բիծերով…

2.- Խաղանք

Տան մէջ դժուար է գնդակներով կամ ցատկռտելով խաղեր խաղալ: Սակայն կարելիութիւնը կայ մինի-վոլիի խաղ մը կազմակերպել, եթէ նուազագոյնը չորս հոգի էք: Երկու աթոռներու միջեւ պարան մը անցուր: Այս գիծին երկու կողմերը խումբերը կը բաժնուին եւ կը նստին աթոռներու վրայ: Խաղալու համար պէտք է պարզապէս փուչիկ մը անցընել պարանին վրայէն: Եթէ մէկ խումբը չկարենայ ասիկա ընել, միւս խումբը մէկ կէտ կը շահի:

3.- Ձեռային աշխատանք

Այս խաղի պարագային ալ նուազագոյնը չորս հոգի պէտք է ըլլալ: Պէտք պիտի ունենաք պարզապէս կաւի:

Սեղանին վրայ դիր կաւի կտոր մը: Ընկերոջմէդ խնդրէ, որ ականջիդ ըսէ առարկայի մը անունը: Դուն պիտի փորձես այս առարկան շինել կաւով: Միւս խաղացողները պիտի փորձեն կռահել, թէ ինչ է առարկան: Պատասխանը գիտցող առաջին անձը տեղդ կ՛առնէ, եւ դուն իրենց առարկայ մը պիտի առաջարկես: Այն խաղցողը, որ առաջինը 5 առարկաներու անունները կը գիտնայ, կը յաղթէ:

4.- Մտածենք

«Ո՞վ ինչ ըրաւ» (Ձեւ + խաղցողներ): Պէտք պիտի ունենաք խաղցողներուն թիւով քառանկիւն թուղթերու եւ մատիտներու:

 

 

 

 

Իւրաքանչիւր խաղցող թուղթ մը եւ մատիտ մը: Վերը ան կը գրէ կերպարի մը անունը (բարեկամ մը, հերոս մը): Ան թուղթին վերի բաժինը կը ծալէ իր գրածը պահելու համար եւ թուղթը կ՛անցընէ իր աջ կողմի ընկերոջ:

Յաջորդ  խաղցողը կը գրէ «կը հանդիպի» եւ կ՛աւելցնէ ուրիշ կերպարի մը անունը: Ան իր թուղթին ծայրը կը ծալէ եւ զայն կ՛անցընէ իր քովի ընկերոջ: Երրորդ խաղցողը կը գրէ վայրի մը անունը: Ան կը ծալէ իր թուղթը եւ զայն իր քովի ընկերոջ կու տայ:

4-րդը կ՛աւելցնէ` «Ան անոր կ՛ըսէ». եւ նախադասութիւն մը կը գրէ. 5-րդը կը գրէ` «Ան կը պատասխանէ», նախադասութիւն մը աւելցնելով: Իւրաքանչիւր խաղցող զգուշութեամբ պէտք է ծածկէ իր գրած թուղթը քովի ընկերոջ տալէ առաջ:

6-րդը կը գրէ` «եզրակացութիւն», եւ 7-րդը կ՛աւելցնէ նախադասութիւն մը պատմութեան վերջաւորութիւնը նշելու համար: Վերջին անգամ թուղթը կու տանք մեր քովի ընկերոջ: Բոլոր թուղթերը կը բացուին եւ կը կարդացուին:

 

ԽՈՀԱԳԻՐ

ՀԱՄՈՎ ՓԷՆՔԷՅՔՆԵՐ

Բարեկենդանի ձեր պզտիկ հաւաքոյթը փակելու համար այս համով փէնքէյքները շինեցէք եւ մեղրով կամ անուշով կերէք:

Ութը փէնքէյքներու համար պէտք պիտի ունենաք` 1 հաւկիթի, 1 ապուրի դգալ շաքարի, 1 ապուրի դգալ ձէթի, 150 կրամ ալիւրի, 1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըրի եւ 200 միլիլիթր կաթի:

1.- Խորունկ ամանի մը մէջ զարկ հաւկիթը եւ շաքարը, ապա աւելցուր ձէթը:

2.- Անջատ ամանի մը մէջ խառնէ ալիւրը եւ պէյքինկ փաուտըրը, ապա այս խառնուրդը պարպէ միւս խորունկ ամանին մէջ, ուր կան միւս բաղադրութիւնները: Խառնելով կամաց-կամաց աւելցուր կաթը:

3.- Չափահասի մը օգնութեամբ շերեփով մը քիչ մը խմորէն պարպէ տաք տապակի մը մէջ:

4.- Երբ պզտիկ պղպջակներ կը սկսին կազմուիլ եւ պայթիլ, փէնքէյքը միւս կողմը դարձուր եւ մօտաւորապէս 30 երկվայրկեան ալ եփէ: Փէնքէյքդ պատրաստ է:

Բարի՛ ախորժակ:

 

ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել ակռաներուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու թեւատները:


 

 

 

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

ԿՈՉ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Յաջորդը

ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՆԻ ԿԵՐՊԱՐԸ` ԱՐՈՒԵՍՏՈՒՄ ԵՒ ԱՅԼ ԲՆԱԳԱՒԱՌՆԵՐՈՒՄ

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.