Այլազան

50 Տարի Առաջ ( 17 մարտ 1962 )

Ազգային Կեանքը Թրիփոլիի Մէջ (Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի) Շրջանիս Օգնութեան խաչի մասնաճիւղին կազմակերպած պարանցիկ երեկոյթը, որ տեղի ունեցաւ 24 փետրուար շաբաթ երեկոյեան, Մինայի «Յունաց Հերմէս» ակումբը, շատ յաջող էր: Ներկաներու ստուար բազմութիւն մը յառաջացեալ գիշերին, ծայր աստիճան խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ցրուեցաւ սրահէն: Գործունեայ մասնաճիւղ մը, որ իր հմայքին ուժով կրցած է ստեղծել լայն ժողովրդականութիւն: Վարչութիւնը այս ձեռնարկով շնորհաւորութեան կ՛արժանանայ` նիւթական թէ...

50 Տարի Առաջ ( 16 մարտ 1962 )

Լուրեր Կիրակնօրեայէն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցները փետրուար ամսուան ընթացքին հետեւեալ յաջողութիւնները ձեռք ձգեցին.- 1.- Վարդան վարդապետ անդամ ընտրուեցաւ օտար եկեղեցիներու կողմէ կազմուած մանուկներու կրօնաբարոյական յանձնախումբին: Սոյն յանձնախումբը հովանաւորուած է Սուրբ Գրային երկիրներու քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդէն, որ իր վերջին համաժողովը գումարեց 16 փետրուար 1962-ին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարիչ-տնօրէնը, դպրեվանուց տեսուչ Գարեգին վրդ. Սարգիսեանի հետ: 2.- ՀԵԿԴՕՄ-ի անդամական Ա. խորհրդակցական հաւաքոյթը...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ե՞րբ Եւ Ինչպէ՞ս…

1 Ե՞րբ երեխայ մը կրնայ առանձին լոգնալ Հինգէն վեց տարեկանին միջեւ երեխայ մը կարելի է բաւարար ինքնաբաւ համարել, որպէսզի առանձինը լոգնայ ու հագնի: Մայր մը պէտք է նախօրօք որոշ ցուցմունքներ տուած ըլլայ, իսկ լոգանքի ատեն երեխան ձեռքի տակ պէտք է ունենայ անհրաժեշտ պիտոյքները` շամփուէն, օճառ, սպունգ... Միւս կողմէ` լոգարանը պէտք է ըլլայ ապահով, իսկ ջուրին ջերմաստիճանը ճշդուած: Պէտք է յարգել...

50 Տարի Առաջ ( 15 մարտ 1962 )

Խմբագրական Սրտապնդիչ Երեւոյթներ Պէյրութի հայ երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի իշխանական նուիրատուութիւնը, ժողովրդային լայն խաւերու մէջ ստեղծած խանդավառութեամբ եւ ջերմ համակրանքով, կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու բարերարութեան, ազգաշէն նուիրաբերութեան հանդէպ հայ ժողովուրդի դրական կեցուածքը, որ նուիրատու յարգելի անձին հետ, կ՛երթայ նաեւ զայն այդ ազնիւ շարժոյթին մղող հոգեկան բարձր արժանիքներուն: Պետականութենէ զուրկ մեր ժողովուրդը, իր պատմական հողերուն վրայ թէ արտասահմանի մէջ, եթէ...

50 Տարի Առաջ ( 14 մարտ 1962 )

ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Թրիփոլիի Մէջ Ուրբաթ, 2 մարտ 1962-ին տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի ՀՄԸՄ-ի տարեկան ընդհանուր ժողովը, միութեան ակումբին մէջ: Օրակարգի վրայ էր, ի միջի այլոց ընթացաւարտ Վարչութեան միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը եւ հաշուեկշիռը, որոնց ընթերցումէն ի յայտ եկաւ, որ 1961 տարուան ընթացքին տիրող պայմաններու բերումով վարչութիւնը հրապարակային ձեռնարկներ չէ կրցած ընել եւ միայն գոհացած է մարզական խաղերով: Ընդհանուր ժողովը կարգ մը լուսաբանութիւններէ...

50 Տարի Առաջ ( 13 մարտ 1962 )

Վիեննական Մխիթարեան Երկրորդական Վարժարան Աւարայրի Արծիւը Հինգշաբթի, 1 մարտ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Վիեննական Մխիթարեան երկրորդական վարժարանի գողտրիկ սրահին մէջ վարժարանին բարձրագոյն կարգերը բեմադրեցին «Աւարայրի արծիւը» (ողբերգութիւն 5 արար): Վարդանանց փառահեղ դիւցազնամարտին նուիրուած սոյն յիշատակի հանդէս- ներկայացման ներկայ գտնուեցաւ մօտ 1000-ի հասնող` ծնողներու, բարեկամներու եւ համակիրներու հոծ բազմութիւն մը: Հանդէսին կը նախագահէր պատրիարքական ընդհ. փոխանորդ Սահակ եպս. Կոգեան: Ճիշդ ժամը...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Իրենց մօր եւ զոքանչին` Նուարդ Մայիսեանի մահուան քառասունքին առիթով` Մայիսեան, Պէօճեքեան եւ Նշանեան ընտանիքներ 100,000 լ. ո.  

50 Տարի Առաջ ( 12 մարտ 1962 )

Տոմսեր Խորհրդային Հանելուկներ Խորհրդային կեանքի պայմաններուն մասին ճշգրիտ տեղեկութիւն ստանալու համար ուրիշ դժուարութիւն մըն է նաեւ այն պարագան, որ կարմիր իշխանութիւնները յաճախ կը խուսափին թուանշաններէ եւ կու տան համեմատական պատկերներ միայն: Այսպէս, «Սովետական Հայաստան» օրաթերթը փետրուար 2-ի թիւով կը հրատարակէ երկարապատում ցանկ մը` Հայաստանի ժողովրդական տնտեսութեան զարգացման մասին, անցեալ տարուան ընթացքին: Կը յիշէ, թէ աւելցեր է ժողովրդական տնտեսութեան մէջ աշխատող...

Աշխարհի Ամէնէն Մեծ Նաւը` «Տի Ալիւր Օֆ Տը Սի»

Ճիշդ յիսուն տարիներ առաջ «Ֆրանսա» նաւը բոլոր պերճանաւերուն մէջ ամէնէն մեծն ու ամէնէն շքեղն էր: Այդ թուականէն ի վեր նման նաւերու շինութիւնը շատ յառաջացած է, եւ անոնք դարձած են իսկական փոքրիկ ծփացող քաղաքներ, որոնք կրնան հազարաւոր ճամբորդներ ընդունիլ: Այժմ աշխարհի ամէնէն մեծ պերճանաւի տիտղոսը կը պատկանի «Տի ալլիւր օֆ տը սի»-ին: Ի՞նչ աւելի է գտնել այս հսկայական կառուցուածքին մէջ: -...

50 Տարի Առաջ ( 10 մարտ 1962 )

Վարդանանցը Քարանթինայի Մէջ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցին կազմակերպած տօնակատարութիւնը` նուիրուած Վարդանանց յիշատակին, տեղի ունեցաւ 1 մարտ 1962, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, Քարանթինա: Դպրոցին քայլերգէն ետք, զոր երկձայն երգեց երգչախումբը, ընկերակցութեամբ երգեհոնի, տեսուչ Հրանդ Աճեմեան կատարեց բացումը հանդիսութեան` շեշտելով Վարդանանց յիշատակի հանդիսութեան կարեւորութիւնը: Ապա ապրումով արտասանեց Զ. Պեքերեճեան, Վ. Թէքէեանի «Վարդանանց» քերթուածը, որմէ ետք երգչախումբը ներդաշնակօրէն երգեց...

50 Տարի Առաջ (9 մարտ 1962)

Լիբանանահայ Ազգային Կեանք 6 մարտ 1962, երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, պաշտօնական արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Ֆրանսական համալսարանի ամփիթատրոնին մէջ, տոքթ. Ժոզեֆ Արսլանեանի փրոֆեսէօրութեան տիտղոս ստանալուն առիթով: Սոյն հանդիսութեան, մասնաւոր հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ թեմիս առաջնորդ սրբազանը` ընկերակցութեամբ Վարդան վրդ. Տեմիրճեանի: Սրբազանը Միւֆթիին Մօտ Սրբազան առաջնորդը չորեքշաբթի, ժամը 10:30-ին ընկերակցութեամբ Վարդան վարդապետի, Տար էլ Ֆաթուա գնաց եւ իսլամական տօնին առիթով Լիբանանի Հանրապետութեան...

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով. «Տիկնայք Փափկասունք» Եւ Այսօրուան Հայ Կեանքը

Միջնադարու հայ նշանաւոր պատմագիրներէն Եղիշէ իր «Վասն Վարդանանց եւ հայոց պատերազմին» գործի վերջաւորութեան սքանչելի պատկեր մը ունի հայ կնոջ մասին: Արդէն տեղի ունեցած է Վարդանանց ապստամբութիւնը եւ հայ նշանաւոր նախարարներ եւ ապստամբութեան ղեկավարներ սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի հետ ինկած են պատերազմի դաշտին վրայ: Ուրիշ նախարարներ եւ կղերական դասուն պատկանող հոգեւորականներ ձերբակալուած են աքսորուած` Պարսկաստանի Սասանեան պետութեան խորքերը, ուր ապստամբութեան ոգին եղող...

50 Տարի Առաջ (8 մարտ 1962)

Հայկական Քոնեաքը Սպիտակ Տան Մէջ Փարիզեան «Մաչ» շաբաթաթերթը իր վերջին թիւին մէջ հրատարակած է Մ. Նահանգներու նախագահ Ճ. Քենետիի կողմէ «Իզվեսթիա» թերթի խմբագրապետ եւ խորհրդային վարչապետ Ն. Խրուշչեւի փեսայ Աճուպէյին ի պատիւ Սպիտակ տան մէջ տրուած հացկերոյթին նկարագրականը, որուն տակ «Նուէր Հայաստանի քոնեաք» խորագրով աւելցուցած է հետեւեալ տողերը. «Տիկինները եւ պարոնները, բաժնուելէ առաջ, ամէնքն ալ ճաշակեցին հայկական քոնեաքը, զոր Աճուպէյ...

50 Տարի Առաջ (7 մարտ 1962)

Սրբոց Վարդանանց Տօնին Առթիւ Շքեղ Հանդիսութիւններ Նորաշէնի Եկեղեցիին Մէջ Նոր Մարաշէն եւ Նոր Սիսէն ետք, ահա նաեւ Նորաշէնը, որ մարտ 1-ին, Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ, պատիւն ունեցաւ վայելելու ներկայութիւնը վեհափառ կաթողիկոսին: Տօնն էր իր նորաշէն եկեղեցիին, որ այնքան զոհողութիւններու գնով մէջտեղ եկած էր թաղականութեան, սրբազան առաջնորդին եւ ժողովուրդին ջանքերուն շնորհիւ: Ժամը 9:00-ին, Լիբանանի առաջնորդ սրբազանը, ինքնաշարժներու հսկայ թափօրին գլուխն անցած,...

50 Տարի Առաջ (6 մարտ 2012)

Այնճար Ելեկտրական Լոյսով Օժտուեցաւ Բացումը  Կատարեց Հանրօգուտ Շինութեանց Նախարար Փիեռ Ժեմայէլ Երէկ` կիրակի, 4 մարտ, տօնական օր մը եղաւ Այնճարի համար: Հայկական գիւղը, որ 22 տարիէ ի վեր զրկուած էր ելեկտրական լոյսի բարիքներէն, շնորհիւ պետական ծրագրի մը իրագործման, օժտուեցաւ ելեկտրական ցանցով մը: Այս հանդիսաւոր առիթով Այնճար այցելեց հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայէլ, որ անձամբ կատարեց ելեկտրական նոր ցանցին բացումը: Այս...

Կրկէսի Դպրոցը

Նուվ Սրէյ Լին 11 տարեկան է: Ան կ՛ապրի իր մօր եւ 11 քոյրեր եւ եղբայրներուն հետ, Քամպոտիոյ երկրորդ ամէնէն մեծ քաղաքին` Պաթամպանկի մէջ եւ իւրայատուկ դպրոց մը կը յաճախէ: *** Իր տունէն քանի մը փողոց անդին, բարձր դաշտի մը եզերքին կը գտնուի Ֆար Փոնլը Սելփաք դպրոցը: Այս վայրը նախակրթարանէն մինչեւ ԺԲ. դասարանները ընդգրկող դպրոց մըն է, եւ նոյն ատեն արուեստագիտական...

50 Տարի Առաջ (3 մարտ 1962)

ԼՕԽ-ի Ձեռնարկները Տոքթ. Մ. Էպլիղաթեանի Դասախօսութիւնը Լիբանանահայ օգնութեան խաչի տեղական վարչութեան կողմէ կազմակերպուած դասախօսական հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ 23 փետրուարին, ուրբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ժողովրդային տան մէջ: Սրահը լեցուած էր անդամուհիներով եւ համակիրներով. դասախօսն էր տոքթ. Մելքոն Էպլիղաթեան, նիւթ ունենալով` «Արդի գեղագիտական վիրաբուժութեան կարելիութիւնները»: Յարգելի դասախօսը կրցաւ եւ դիւրըմբռնելի ոճով տալ ձեւատու վիրաբուժութեան եւ անկէ հետեւող գեղագիտական վիրաբուժութեան կարելիութիւնները եւ...

Page 456 of 482 1 … 455 456 457 … 482