Այլազան

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (14 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹԱՏԵՐԱՍԷՐՆԵՐՈՒ ՔՍԱՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ Անցած ուրբաթ երեկոյեան, 9 փետրուար, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շքեղ ընդունելութիւն մը` Համազգայինի Թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբի քսանամեակին առթիւ: Ընդունելութիւնը սարքուած էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ` ի գնահատութիւն հայ թատրոնի եւ ընդհանրապէս մեր մշակոյթին` Թատերասէրներու բերած քսանամեայ ծառայութեան: Ընդունելութեան ներկայ էին պետական երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան, Համազգայինի Պէյրութի, Էշրեֆիէի եւ Պուրճ Համուտի վարչութեանց անդամները,...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

ՄԱՐԱՇԻ ԱՂԷՏԻՆ 42-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՇՔԵՂ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԸՐԱՒ ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ 1920 թուականը Մարաշի հայութեան համար մասնաւորաբար եւ համայն հայութեան համար ընդհանրապէս, սուգի եւ անպատում տրտմութեան թուական մըն է: Բազմաչարչար եւ արի մեր ժողովուրդի հերոսական զաւակները, ամիսներու գօտեպինդ պայքարէ մը ետք, առտու մըն ալ գտան իրենք զիրենք մինակ, բոլորովին առանձին` դարաւոր մեր թշնամիին դէմ: Ու պատմութիւնը ծանօթ է բոլորիս:...

ԲԱՐԻ ԵԿԱԾ ԷՔ ՓԱՄԻՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՄՕՏ

Փամ եւ անոր ընտանիքը կ՛ապրին Թայլանտի կղզիներէն մէկուն վրայ: Ուտելիք, գործ, հաճոյք... անոնց ամբողջ կեանքը կապուած է ծովուն հետ: Ջուրէն եկած ցեղախումբ մը Քաթալէ ընտանիքը կը պատկանի մոքեններու ցեղախումբին: Ժամանակին այս ժողովուրդը ամբողջ տարին կ՛ապրէր նաւերու վրայ. սակայն ժամանակի ընթացքին անոնք ստիպուած եղած են կղզիներուն վրայ հաստատուելու: Քաթալէները իրենց շահած քիչ դրամը կը գործածեն կղզիին միակ խանութէն գնելու բրինձ, պահածոներ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (11 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԹԱՏԵՐԱՍԷՐՆԵՐԸ Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբը արտասահմանի թատերական մեր կեանքին մէջ աննախընթաց նուաճում մը եւս արձանագրեց «Հին աստուածներ»-ու ներկայացումով, որ «Կրան թէաթր»-ի բեմէն տրուեցաւ ամբողջ երկու շաբաթ` թատերասէր հասարակութեան անվերապահ գնահատանքին արժանանալով: Անկախ ներկայացումէն եւ դերակատարներու խաղարկութենէն, որոնց մասին յաջորդական երկու թիւերով կը խօսի մեր աշխատակիցը` Ժիրայր Աթթարեան, Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբին աստիճանական վերելքը, որ կ՛ընդգրկէ քսան տարիներու...

ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷՔ ՀՈԳԵԿԱՆ ԸՆԿՃՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ

Երբ յոռետեսութիւնը եւ սեւ միտքերը կը պատեն ձեզ. աւելի՞ եւս կը խրիք անոնց մէջ, թէ՞ կը փորձէք վանել զանոնք եւ դրական կեցուածք որդեգրել: Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն, ապա կարդաց արդիւնքը: 1 Անձրեւոտ եւ տխուր օր մը... ա.- ձեզ կը մղէ երազելու: բ.- կ՛ուզէք անկողինէն դուրս չելլել: գ.- արդէն ազդուած էք օդէն եւ անտրամադիր էք: 2 Երգ մը կ՛ունկնդրէք, եւ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (9 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

ՀԱՅ ՕԴԱՆԱՒՈՐԴՆԵՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ Հայ ազգը հռչակաւոր դէմքեր տուած է գիտութեան եւ մասնագիտական գրեթէ բոլոր ճիւղերուն` մէջն ըլլալով օդանաւորդութեան ասպարէզը: Անունի եւ համբաւի տիրացած դէմքեր են Խորհ. Միութեան «Միկ» օդանաւերու գլխաւոր հնարիչը` փրոֆ. Արտեմ Միկոյեան, «Դուրբոլոտ» օդանաւին ստեղծիչը` Ա. Ռաֆայէլեանց, օդանաւեր շինողներ եւ գիտնականներ` Պ. Ղազանչեան, Գ. Նազարեան, Մելիք- Փաշայեան եւ ուրիշներ: Սակայն հայ ժողովուրդը ոչ միայն գիտնականներ տուած է...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (8 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Գ. ՍՆԴՈՒԿԵԱՆԻ ԵՐԿԵՐԸ Լոյս տեսաւ հայ իրապաշտ թատրերգութեան հիմը դնող Գաբրիէլ Սունդուկեանի երկերուն վերջին` 4-րդ հատորը: Չորս հատորներուն մէջ ամփոփուած են հայ թատերագրին ողջ ժառանգութիւնը: Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հատորները կը պարունակեն Գ. Սունդուկեանի բոլոր կատակերգութիւնները` իրենց տարբերակներով, որոնց մեծ մասը տպագրուած է առաջին անգամն ըլլալով: Հոս, այս հատորներուն մէջ կան նաեւ արձակ գրութիւններ, ինչպէս` «Վարինկի վեչեր» պատմուածքը,...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

ՏՈՄՍԵՐ ԿՆՈՋԱԿԱՆ ԲՌՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ Սկիզբէն կիները ջանացած են իրենց այրերուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնել եւ յաճախ յաջողած են: Մանաւանդ հռչակաւոր մարդիկ միշտ ենթակայ են եղած իրենց կիներուն քմահաճոյքին: Ադամին պատմութիւնը բոլորս ալ գիտենք: Հապա՞ սա իմաստուն կոչեցեալ Սողոմոնը ի՜նչ ի՛նչ անիմաստ բաներ ըրաւ իր ծերութեանը օրերուն, երբ իր կիներն էին իրեն իմաստութիւն տուողը... Հակառակ ասոր` պէտք է խոստովանիլ, թէ անցնող  դարերուն ընդհանրապէս...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (6 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

«ԲԱԳԻՆ» Ծանօթ է արդէն մեր ընթերցողներուն, թէ նոր ամսագիր մը սկսած է լոյս տեսնել Պէյրութի մէջ, «Բագին» անունով: Ամսագիրը նուիրուած է հայ գրականութեան ու արուեստին` միշտ նկատի ունենալով ազգային շունչն ու ոգին: Յատկանշական է, որ Միջին Արեւելքի մէջ լոյս կը տեսնէ «Բագին»-ը, այսինքն` հայութեան հոծ մէկ զանգուածի սրտին մէջ, ուր կան արդէն ազգային բազմաթիւ դպրոցներ, Ճեմարանը, կաթողիկոսարանը, ազգային ու միջազգային...

ԿԵՆԴԱՆԻ ԷԱԿՆԵՐՈՒ ԵՐԿԱՐ ՑԱՆԿԸ

  Մազոտ կարկինոս մը, ֆլուօ դեղին գոյնով խխունջ մը, թզուկ շանաձուկ մը, աւազներու կրիայ մը, ծովու գունաւոր խռնջայլ մը... Այս կենդանի էակները մաս կը կազմեն 2011 տարուան ընթացքին աշխարհի չորս կողմերէն գիտնականներու գտած նոր կենդանի էակներու տեսակներու ցանկին: Ընդամէնը հաշուըուած են 18 հազար նոր տեսակներ. կան տակաւին միլիոնաւոր տեսակներ, որոնք մեզի ծանօթ չեն... * * * Ամէն անգամ, երբ նոր...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (4 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ «ԻՄ ԱՇԽԱՐՀԷՆ» ՀԵՂԻՆԱԿ` ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ Նոր տարուան հաճելի մէկ նուէրն է գեղարուեստական գրականութիւնը սիրող ընթերցասէր հասարակութեան` Շահանդուխտի «Իմ աշխարհէն» պատմուածքներու հատորը: Թէեւ վտիտ` իր ծաւալով, 130 էջնոց այս գիրքը չի պատկանիր շարքին այն հատորներուն, որոնցմով ողողուեցաւ հրապարակը վերջին քանի մը տարիներուն. հատորներ, որոնք գիրք են ի հարկէ, բայց որոնց պարունակութիւնը գեղարուեստական գրականութիւն չէ: Մասնաւորաբար անցնող տարին խիստ ժլատ եղաւ գեղարուեստական...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (3 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅՐ ՊՕՂՈՍ ԱՐԻՍԻ ՄԱՀՈՒԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑԸ Անցած կիրակի Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյն մէջ վերակոչուեցաւ հայր Պօղոս Արիսի յիշատակը` մահուան Ա. տարելիցին առթիւ: Արարողութեան կը նախագահէր կաթողիկոսական տեղապահ Պաթանեան արքեպիսկոպոսը. ներկայ էին Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Ռափայէլ եպս. Պայեան, Հալէպի առաջնորդը, Զմմառու մեծաւորը, եկեղեցականներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչները եւ Պուրճ Համուտի հայութեան բոլոր խաւերուն ներկայացուցիչները: Պատարագիչն էր Մոնթէվիտէոյի...

ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ԴՐԱՄԸ ԿԸ ԽԱՆԳԱՐԷ՞ ՁԵՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Կարգ մը յարաբերութիւններ զուտ սիրոյ վրայ հիմնուած կ՛ըլլան, եւ ամուսնանալէ ետք զոյգերը հազուադէպօրէն դրամի գծով տարակարծութիւն կ՛ունենան: Կան նաեւ մտածուած, «ծրագրուած» յարաբերութիւններ, որոնք կը յանգին վէճերու, փոխադարձ ամբաստանութիւններու եւ այլն... Ինչ կը վերաբերի ձեզի, ինչպիսի՞ն են ձեր յարաբերութիւնները. իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը: 1 Երբ առաջին անգամ հանդիպեցաք անոր, ի՞նչ բանը գրաւեց ձեզ ա.- Խելացութիւնը...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (2 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

ՏԵՂԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ  ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԺՈՂՈՎԸ  71 ՃԱՄԲԱՆԵՐ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻՆ ԶԱՆԱԶԱՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՆԱՄԱԿԱՏԱՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՂ ՂՈՎՄԻ ՂԵԿԱՎԱՐԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ Ապահովութեան ուժերը կը շարունակեն իրենց գործողութիւնները` ձերբակալելով ղովմի այն անդամներն ու անոնց մեղսակիցները, որոնք մասնակցեցան դեկտեմբեր 31-ի պետական ձախողած հարուածին: Կը ձերբակալուին նաեւ այն անձերը, որոնք ապաստան տուած են փախստական ղովմիներուն կամ` օգնած անոնց: Միւս կողմէ, հետազօտութիւնները կը շարունակուին ղովմիներու զէնքերը...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 1 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՎԱՏԻԿԱՆԷՆ... ՓԱՐԻԶ ՀԱՅ ԱՆՈՒՆԸ Ի ՊԱՏՈՒԻ Ֆրանսական ձայնասփիւռը անցած կիրակի օր հայկական հպարտութեամբ լեցուն օր մը շնորհեց արտասահմանի հայութեան: Առաւօտուն հայկական հանդիսաւոր պատարագն էր, զոր Վատիկանի կայանը կը ձայնասփռէր, եւ որ կը հասնէր հայկական սրտերուն, մինչ կէսօրէ ետք խնամքով պատրաստուած յայտագիր մը ֆրանսացիներուն կը ներկայացնէր Վարուժանը եւ Չարենցը: Ներկայացման ձեւը, ընկերացող հայկական յուզիչ այլ հարազատ երաժշտութիւնը, երկու ձեռնհաս...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (31 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԺԻՊԷՅԼԻ ԴԱՆԻԱԿԱՆ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ը Քանի մը սրտցաւ հայրենակիցներ Ծնունդի առթիւ այցելեցինք Ժիպէյլի դանիական «Թռչնոց բոյն» որբանոցը եւ ականատեսի աչքերով տեսանք հոս կատարուած սքանչելի գործը եւ յարմար նկատեցինք մամուլին յանձնել: «Թռչնոց բոյն»-ը կը գտնուի Պէյրութէն 35 քիլոմեթր հեռու, Ժիպէյլ գիւղաքաղաքին մէջ, ուր քառասուն տարիներէ ի վեր չքաւոր հայ մանուկներ կը կերակրուին, կը խնամուին եւ կը դաստիարակուին: Ծնունդի առիթով ծանօթացանք...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

ՏՈՄՍԵՐ ԱՐԱԲԻՈՅ ԼՈՐԵՆՍԸ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ Բարեկամական շրջանակի մը մէջ կը խօսուէր հայերէնի ուսուցման մասին, երբ նշմարուեցաւ, որ խօսակցութիւնը հետզհետէ փոխադրուած է... Արաբիոյ Լորենսին շուրջ, այն խորհրդաւոր անգլիացի գնդապետին, որ Ա. մեծ պատերազմի ընթացքին յաջողած էր արաբները ազատագրել թուրքերէն: Խօսակիցներէն մէկը յիշած էր անապատի աւազներուն վրայ իր զաւկին հայերէն սորվեցնող մօր պարագան, եւ ուրիշ մը խօսք բացած էր Արաբիոյ անապատներուն վրայ...

Page 458 of 482 1 … 457 458 459 … 482