Այլազան

50 Տարի Առաջ ( 6 Սեպտեմբեր 1962 )

Հայկական Կեանք Պրազիլահայ Կեանք Հայուհի Մը Մարմնական Գեղեցկութեան Թագուհի Մաքս Պարոնեան Պրազիլէն կը գրէ 24 օգոստոս թուականով.- Պրազիլի մէջ կազմակերպուած իգական մարմնական գեղեցկութեան մրցումը տեղի ունեցաւ Քոփա Քապանայի «Փալաս Օթել»-ի սրահներուն մէջ, եւ բազմաթիւ մասնակցողներու մէջէն հայուհի մը` Աննիկ, գերազանցելով բոլորը` Պրազիլի առաջին հանդիսացաւ: Յաջորդ օրն իսկ բոլոր թերթերը իրենց առաջին էջերը զարդարեցին գեղեցիկ Աննիկին` նկարներով, իսկ պատկերասփիւռը մասնաւոր յայտագրով...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Իրենց զաւ­կին` Ներ­սէս Գու­յումճ­եա­նի ընդ Մի­րէյ Մա­կար­եա­նի Ս. պսա­կի խոր­հուր­դին առի­թով եւ քա­ջա­լե­րե­լով «Ազ­դակ»-ի աշ­խա­տանք­նե­րը` Տէր եւ տի­կին Կի­րա­կոս եւ Սիլ­վա Գու­յումճ­եան (Քուէյթ) 1000 եւ­րօ:

50 Տարի Առաջ ( 5 Սեպտեմբեր 1962 )

Անդրանի՛կ, Անդրանի՛կ... Արծիւն էր հայկական, երկնակամարին, որ մթագնած` ամէն օր աղէտալի փոթորիկ կը պայթեցնէր մեր դժբախտ ժողովուրդին գլխուն: Արծիւ, որ չէին կրնար ահաբեկել թուրք թշնամիին սադայելական բոլոր դաւերն ու ոճիրները. Ի՛նքն էր անոնց տեւական սարսափը: Քաջութեան իր համբաւը լոյսի պէս սփռուեցաւ մեր ժողովուրդի մութ կեանքին վրայ, եւ երբեմն օտարներ` հայութիւն եւ Անդրանիկ կը նոյնացնէին: Արեւելքի մէջ կան վայրեր, ուր հայը...

50 Տարի Առաջ ( 4 Սեպտեմբեր 1962 )

Թուրքերը Պիտի  Շահագործեն Անիի Աւերակները Հովիւ Մը Շինած Է Անիի 1001-րդ Եկեղեցին Եւ Կաթի Աւազանը Կարսէն 30 օգոստոս թուականով կը գրեն Պոլսոյ թրքական թերթերուն. Կարսի բնակիչները որոշած են վերակենդանացնել այս նահանգի պատմութիւնը եւ իրենց ճոխ ֆոլքոլորով ու պատմական արժէքաւոր հնութիւններով հրապուրել զբօսաշրջիկները: Անին ճանչնալու համար պէտք է կարդալ Կարսի պատմութիւնը, կամ երկար նեղութիւններ ստանձնելով` այդ պատմական քաղաքը այցելել: Այս ձեւով...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Ասա­տուր Փա­նոյ­եա­նի մահ­ուան քա­ռա­սուն­քին առի­թով` Փա­նոյ­եան եւ Գա­րա­վար­դան­եան ըն­տա­նիք­ներ 100,000 լ.ո.

50 Տարի Առաջ ( 1 Սեպտեմբեր 1962 )

Խմբագրական Հայոց Լեռներու Արծիւը (Անդրանիկի Մահուան 35-Ամեակին Առթիւ) Երեսունհինգ տարի առաջ` 30 օգոստոս 1927-ին, հեռաւոր Քալիֆորնիոյ մէջ, յաւիտենապէս աչքերը փակեց հայ ժողովուրդի անզուգական զաւակը, մեր ազատագրական պայքարներու կեդրոնական դէմքը` Անդրանիկ, որ քառորդ դար ամբողջ, իբրեւ արծիւ սաւառնեցաւ Հայաստանի աշխարհի վերեւ, բարկացած աստուածներու նման անցաւ հայոց լեռներուն վրայէն` յեղափոխութեան մրրիկին մէջ, վրէժի ու ցասման խորհրդանիշ որպէս: Իրմէ առաջ ու իրեն հետ...

Ամառնային Յիշատակներ. Ինչպէ՞u Շինել Աւազէ Պալատ Մը

Ծովեզերք երթալը մեր նախասիրած ժամանցներէն մէկն է, յատկապէս աւազէ արձաններ եւ պալատներ շինելը: Դոյլ մը, թի մը, աւազ եւ ջուր... քիչ մըն ալ երեւակայութիւն. ահա մեր դղեակը պատրաստ է: Սակայն, առաջին զօրաւոր ալիքի «նուաճումին», արդէն անիկա քարուքանդ կ՛ըլլայ... Հետեւաբար, դուն ուրախ պէտք է ըլլաս` գիտնալով, որ գիտնականներ լրջօրէն մտածած են այս հարցին մասին եւ փորձելէ ետք, անոնք գտած են ամէնէն...

50 Տարի Առաջ ( 1 Սեպտեմբեր 1962 )

Աշխարհի Եօթը Հրաշալիքները  Հին Եւ Նոր Հրաշալիքներ Արամազդի Արձանը Այս չորրորդ հրաշալիքը կը գտնուէր Ողիմպիայի մէջ, Թեսսաղիա: Արձանը ունէր 15 մեթր բարձրութիւն. շինուած էր խիստ արժէքաւոր փայտէ. մարմնին մերկ մասերը փղոսկրով պատուած էին, իսկ մնացեալը` ոսկիով: Արամազդի այս հրաշալի արձանը գործն էր յոյն Փիտիասի: Այս արձանն ալ տապալեցաւ հեթանոս Գոթերու ձեռքով, որոնք իւրացուցին անոր ոսկիէ մասերը: Հաղիկառնասի Դամբարանը Այս դամբարանը...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Քա­ջա­լե­րե­լով «Ազ­դակ»-ի աշ­խա­տանք­նե­րը` Աւօ եւ Ատել Գրաճ­եան (Աւստ­րալ­իա) 200$ «Վազ­գէն Շու­շան­եան (1902-1941). Արա­րատի վե­հա­փառ հպար­տու­թիւնն ու Վա­հագ­նի բո­ցա­շունչ ցա­սու­մը շնչա­ւո­րող սփիւռ­քա­հա­յը» յօդ­ուա­ծին հրա­պա­րա­կու­մին առի­թով` Ըն­թեր­ցող մը 100,000 լ.ո.

50 Տարի Առաջ ( 31 Օգոստոս 1962 )

Նօթեր Ու Նետեր Պար Ու Պոմպա Երիտասարդութիւնը Կը Զբօսնու   Ութսունամեայ հայրենակից մը, ճամբուս վրայ դիմացս ելաւ ու ըսաւ. - Այս ինչեր կը լսենք ձայնասփիւռէն, աս ինչեր կը կարդանք թերթերու մէջ` այսօրուան երիտասարդութեան մասին: Շատեր պոմպաներով կը խաղան, թէ՛ այս կողմը թէ՛ միւս կողմը: Ամէն օր պոմպաներով ոճիրներ ու վնասարարութիւններ: Այս ի՜նչ վիճակ է: Կարծես, թէ պոմպան գնդակ է: Երիտասարդները...

Անկելա Մերքել Աշխարհի Ամէնէն Ազդեցիկ Կինը

Տիլմա Ռուսեֆ Հիլըրի Քլինթըն Անկելա Մերքել «Ֆորպս» ամսագիրը հրապարակած է աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ կանանց տարեկան ցանկը, զոր կը գլխաւորէ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը: Հարիւր ամէնէն ազդեցիկ կանանց ցանկին վրայ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը, իսկ երրորդ տեղը` Պրազիլի նախագահ Տիլմա Ռուսեֆը: Չորրորդ դիրքը կը գրաւէ Պիլ Կէյթսի կինը` Մելինտան, որ կը զբաղի մարդասիրական-բարեսիրական գործերով:...

50 Տարի Առաջ ( 30 Օգոստոս 1962 )

Սփիւռքահայ Ուսուցիչներ Հայաստանի Մէջ Երեւանի «Գրական Թերթ»-ը 10 օգոստոսի թիւին մէջ կը գրէ. «Արտասահմանեան երկրների հետ բարեկամութեան եւ կուլտուրական կապի հայկական ընկերութիւնը, ընդառաջելով Սիրիայի եւ Լիբանանի մի խումբ ուսուցիչների ցանկութեանը, նրանց հրաւիրել է Խորհրդային Հայաստան` ծանօթանալու ժողովրդական կրթութեան գրուածքին: Արդէն Երեւանում են գտնւում Հալէպի, Պէյրութի եւ Դամասկոսի հայկական կրթական հաստատութիւնների տասնինը ուսուցիչներ: Ռեսպուբլիկայի լուսաւորութեան մինիստրի տեղակալ Ս. Մովսիսեանը ՀՀԳ-ի թղթակցին...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Սու­րէն Ան­թոյ­եա­նի մահ­ուան Գ. տա­րե­լի­ցին առի­թով` Մա­րալ Ան­թոյ­եան 100,000 լ.ո. Բարշ. Խա­չիկ Ա. սրկ. Աբ­րա­համ­եա­նի մահ­ուան քա­ռա­սուն­քին առի­թով` Հրայր Ծե­րուն­եան 50,000 լ.ո. Արա Էլ­մայ­եա­նի մահ­ուան առի­թով` Տէր եւ տի­կին Մել­քոն եւ Վար­դուկ Մե­շեճ­եան­ներ 50,000 լ.ո

50 Տարի Առաջ ( 29 Օգոստոս 1962 )

Հեռաձայնը Եւ Ամեր. Նախագահները Մինչ Իր Նախորդները Չէին Սիրեր Հեռաձայնը, Քենետի Անձնական Երեք Գիծեր Ունի 1961 յունիսին, երբ նախագահ Քենետի պաշտօնական այցելութեան համար Փարիզ կը գտնուէր, իր օգնականներէն մէկը, Ուաշինկթընի մէջ, պէտք ունեցաւ հեռաձայնով խօսելու իրեն հետ: Ընկալուչը վերցուց եւ անմիջապէս կապուեցաւ Փարիզի, եւ անկէ` ուղղակի յարաբերութեան մէջ մտաւ ինքնաշարժով պտոյտի ելած նախագահին հետ ու խօսեցաւ անոր հետ: Այսինքն, միայն...

50 Տարի Առաջ ( 28 Օգոստոս 1962 )

Հետաքրքրական Բազմամուսնութեան Մրցանակ Ռոտեզիոյ ականաւոր բնակիչներէն Պալուվա Պեն Նկերա բազմակնութեան բոլոր մրցանիշները կոտրած է նոյնիսկ Ափրիկէի մէջ: Ամուսնացած է քսաներկու անգամ եւ ունեցած` 93 զաւակ: Պեն Նկերա, ամէն մէկ կնոջ ծնողքին, իբրեւ օժիտ, վճարած է, երկրի սովորութեանց համաձայն, տասնհինգ պարարտ կով, այսինքն ընդամէնը տուած է երեք հարիւր երեսուն կով: Նոր Գործիք Մը Վերջերս գերմանական գործատուն մը պատրաստած եւ հրապարակ հանած...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտ

իրենց հօր` բարշ. Խա­չիկ Ա. սրկ. Աբ­րա­համ­եա­նի մահ­ուան սռի­թով՝ Աբ­րա­համ­եան ըն­տա­նի­ք     100,000 լ.ո.

50 Տարի Առաջ ( 27 Օգոստոս 1962 )

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Դպրոց-Բանակումը ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Սկաուտական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, սկաուտական երրորդ բանակում-դպրոցը բացուեցաւ անցեալ շաբաթ օր, 25 օգոստոս, Շուէյրի անտառին մէջ: Երրորդ բանակում-դպրոցի գլխաւոր նպատակն է պատրաստել սկաուտ խմբապետներ, որոնք ի վիճակի պիտի ըլլան սկաուտական նոր խումբեր կազմելու եւ նպաստելու սկաուտական կեանքի մակարդակի բարձրացման: Բանակումին կը մասնակցին Լիբանանի հինգ շրջաններու` Պէյրութ, Պուրճ Համուտ, Այնճար, Թրիփոլի եւ Զահլէի, ինչպէս եւ...

Page 444 of 482 1 … 443 444 445 … 482