Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամառնային Յիշատակներ. Ինչպէ՞u Շինել Աւազէ Պալատ Մը

September 1, 2012
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ծովեզերք երթալը մեր նախասիրած ժամանցներէն մէկն է, յատկապէս աւազէ արձաններ եւ պալատներ շինելը: Դոյլ մը, թի մը, աւազ եւ ջուր… քիչ մըն ալ երեւակայութիւն. ահա մեր դղեակը պատրաստ է: Սակայն, առաջին զօրաւոր ալիքի «նուաճումին», արդէն անիկա քարուքանդ կ՛ըլլայ…

Հետեւաբար, դուն ուրախ պէտք է ըլլաս` գիտնալով, որ գիտնականներ լրջօրէն մտածած են այս հարցին մասին եւ փորձելէ ետք, անոնք գտած են ամէնէն լաւ կերպը լաւ եւ տոկուն աւազէ պալատ մը շինելու: Այս շատ լուրջ ուսումնասիրութիւնը օգոստոսի սկիզբը տպուած է «Նէյչըր սայենթիֆիք ռիփորթ» թերթին մէջ:

Անշուշտ, գիտնականները երկար ժամերով աշխատանք չեն տարած պարզապէս մեզի աւելի հաճելի ժամանց մը ապահովելու համար: Այս ուսումնասիրութիւնը անոնց կրնայ օգտակար ըլլալ շինարարութեան եւ շինանիւթերու պատրաստութեան իմաստով եւս:

* * *

Օգտուինք մեր արձակուրդի վերջին օրերէն ծովափ կատարած մեր յաջորդ այցելութեան ընթացքին, այս անգամ աւելի զօրաւոր հիմերով աւազէ պալատներ շինելու: Այս ձեռային աշխատանքին համար պէտք պիտի ունենաք… աւազի եւ ջուրի, գիտնալով, թէ նախընտրելի է աւազի աւազակոյտերու աւազը գործածել, փոխանակ ջուրի մօտ եղող աւազը:

– Առաջին հերթին, պէտք չէ շատ ջուր գործածել: Ջուրը իբրեւ խէժ իր դերը պիտի ունենայ. ան աւելի հատիկներուն կարելիութիւն կու տայ իրարու փակչելու: Անոր շնորհիւ է, որ կառուցուածքը տոկուն է: Սակայն եթէ շատ ջուր ըլլայ, կառուցուածքը շատ կը ծանրանայ եւ կը փլի: Ըստ գիտնականներուն, շինութեան միայն մէկ կամ երկու առ հարիւրը ջուր պէտք է ըլլայ. այսինքն մէկ դոյլ ջուր` ամէն 50 դոյլ աւազի:

– Հարց կու տաք, թէ ի՞նչ տեսակ գործիք ամէնէն յարմարն է շինութեան աշխատանքները լաւ կատարելու համար: Իրենց ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին գիտնականներ փորձած են ամէն ինչ: Անոնք նշմարած են, թէ ձեռքերը շատ աւելի ազդու են աւազը լաւապէս խտացնելու համար, քան ծովու յատուկ որեւէ այլ գործիք: Թին կրնայ քեզի օգտակար ըլլալ աւազը դիզելու եւ աւազէ լեռ մը կազմելու. սակայն որպէսզի այս աւազի կոյտը կանգնած մնայ, պէտք է աւազին վրայ ձեռքերով զարնել զայն լաւ խտացնելու համար: Ապա կարելի է տարբեր գործիքներու միջոցով (նոյնիսկ պարզ առարկաներ գործածելով, ինչպէս` գծաքաշ, դգալ…) քանդակել դղեակին մանրամասնութիւնները:

– Որպէսզի կառուցուածքը կանգնած մնայ, պէտք է, որ անոր հիմը տոկուն ըլլայ: Եւ որպէսզի ան տոկուն ըլլայ, պէտք է, որ վարի բաժինը աւելի լայն ըլլայ: Որքան հիմը լայն ըլլայ, այնքան դղեակը կրնայ բարձր ըլլալ: Ըստ գիտնականներուն, 40 սմ լայնքով հիմի մը վրայ կարելի է շինել մինչեւ 2,5 մեթր երկար դղեակ մը: Դղեակին հասակը պէտք է հիմին լայնքին առաւելագոյնը 6 անգամ ըլլայ, ո՛չ աւելի:

– Իսկ վերջին եւ ամէնէն կարեւոր կէտը… համբերութիւն ունենալն է: Հետեւաբար, եթէ այս խրատներուն հետեւիս եւ համբերութիւն ունիս կրնա՞յ ըլլալ յաջողիս շրջանցել աշխարհի ամէնէն բարձր աւազէ դղեակին մրցանիշը, որ արձանագրուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ. այդ դղեակին հասակը 12 մեթր էր, եւ անոր շինութիւնը կարօտած է աւելի քան 2000 ժամ աշխատանքի եւ 700 թոն աւազի:

 

Լուսինին Վրայ
Քալած Մարդը

Առաջին անգամ ըլլալով, 20 յուլիս 1969-ին մարդ արարածը քալեց լուսինին վրայ: Ան 39 տարեկան ամերիկացի աստղանաւորդ Նիլ Արմսթրոնկն է:

«Ափօլլօ 11» աստղանաւը Միացեալ Նահանգներու Քէյփ Քանավէրալի կեդրոնէն թռիչք կատարեց 16 յուլիս 1969-ին: Անոր մէջ կը գտնուէին պատասխանատուն` Նիլ Արմսթրոնկ, օդաչուն` Պազզ Ալտրին եւ Մայքըլ Քոլինզ: Չորս օր ետք, «Ափօլլօ 11»-ը կ՛իջնէ լուսինին վրայ: «Հուսթըն, հոն Թրանքուիլիթիի կեդրոնն է: Արծիւը էջք կատարեց», կը յայտարարէ Արմսթրոնկ:

Լիբանանի մէջ 21 յուլիսի առաւօտեան ժամը 4:56. այս մասին լուրը կը հասնի: Արմսթրոնկ աստղանաւուն աստիճանները իջնելէ ետք ձախ ոտքը դրաւ լուսինին վրայ:

Ան անմիջապէս կը յայտարարէ. «Մարդուն համար պզտիկ քայլ մը, հսկայական ոստում մը մարդկութեան համար»: Այս նախադասութիւնը պիտի սփռուէր ամբողջ աշխարհին մէջ եւ դառնար առասպելական:

Նոյն ժամանակ Արմսթրոնկ կը նկարագրէ իր տեսածը. «Ոտքս հազիւ մատի մը մէկ ութերորդը կը մտնէ գետնին մէջ: Չեմ կարծեր քալելու դժուարութիւն ունիմ: Փոշիի շատ բարակ խաւ մըն է: Դժուար է ըսել եթէ ան հող է, թէ ժայռ»:

Մօտաւորապէս 20 վայրկեան ետք Պազզ Ալտրին անոր կը միանայ: Երկու աստղանաւորդները երկուքուկէս ժամ կը մնան լուսինին վրայ: Անոնք քարեր կը հաւաքեն, կը նկարեն, կը ցատկռտեն:

* * *

Երկիր իր վերադարձին Նիլ Արմսթրոնկ հերոսի մը ընդունելութեան կ՛արժանանայ: Քառասունհինգ օրուան ընթացքին, ան կ՛այցելէ քսաներեք երկիրներ` իր արկածախնդրութեան մասին պատմելու համար: Ամբողջ աշխարհին մէջ ան յարգուած է իբրեւ արտակարգ անձ մը: Անոր սափրիչը նոյնիսկ իր մազերէն պզտիկ փունջ մը ծախած է 3000 տոլարի: Սակայն Արմսթրոնկ արտասովոր չէր գտներ իր ըրածը, այլ, ըստ իրեն, ան պարզապէս  իր գործը ըրած է: Այս ճամբորդութենէն ետք ան շարունակած է հետաքրքրուիլ անջրպետի հետախուզական աշխատանքներով, ինչպէս ան իր մանկութենէն ըրած էր:

Նիլ Արմսթրոնկ մահացաւ 25 օգոստոս 2012-ին, 82 տարեկանին:

* * *

Ընդամէնը 12 անձեր քալած են լուսինին վրայ: Վերջին քայլերը առնուած են 1972-ին: Այժմ նոր հետախուզական արշաւանքներ կը պատրաստուին այս աստղին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար:

Հետաքրքրական

– Գիտէի՞ր, թէ լուսինին մակերեսը աւելի փոքր է, քան Ասիան:
– Ամէն  տարի լուսինը երկրագունդէն 3,8 սմ.ով կը հեռանայ:
– Կ՛ենթադրուի, թէ լուսինը կազմուած է երբ Հրատի մեծութեամբ երկնային մարմին մը երկրագունդին զարնուած է:

 

«Ֆէյս-Քինի»ի Նորոյթը

Մենք ընդհանրապէս անհամբեր վիճակի մէջ ամրան կը սպասենք` ծով երթալու, լողալու եւ աղուոր մորթի գոյն մը ստանալու համար: Սակայն «արեւէն այրած» մորթ ունենալը միշտ լաւ աչքով չէ դիտուած, եւ դարերու ընթացքին գնահատուած էր մաքուր ճերմակ մորթ մը ունենալը: Այս մօտեցումը մինչեւ այսօր տարածուած է Չինաստանի մէջ, ուր չինացիները շատ հետաքրքրական միջոց մը գտած են օգտուելու ծովափի հաճոյքներէն` առանց իրենց մորթը արեւէն եկող գոյն տուող ճառագայթներուն ենթարկելու, «Ֆէյս-քինի»-ն:

Չինաստանի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ասիական երկիրներու մէջ, քիչ մը մութ երանգ ստացած մորթը նորոյթ չէ, եւ բնաւ չէ եղած: Ան նոյնիսկ չէ թելադրուած: Մորթին ճերմկութիւնը գեղեցկութեան նշան է: Առաւել, մութ երանգ ունեցող մորթը մտածել կու տայ դաշտերուն մէջ աշխատող երկրագործներուն, գիւղացիներու մասին: Հետեւաբար, տարբեր ըլլալու համար, աւելի ունեւոր դասակարգի մարդիկ, որոնք շատ դրամ կը շահին, կը նախընտրեն իրենց ճերմակ մորթը պահել:

* * *

Այս նորոյթը գոյութիւն ունեցած է նաեւ Արեւմտեան աշխարհին մէջ: Հին Յունաստանի մէջ, Աթէնքի կիները իրենց դէմքը ճերմակ սերով մը կը ծածկէին` յախճապակիի նման մորթ մը ունենալու միտումով: Հետագային, ազնուականներուն համար ալ արեւէն  մութ գոյն ստացած մորթ ունէին աշխատող մարդիկը, ինչպէս` գիւղացիները, ծովայինները, զինուորները կամ ծովահէնները, մինչ ճերմակ մորթ ունէին ազնուականները եւ ունեւոր դասակարգի մարդիկը:

Այս մօտեցումը սկսած է փոխուիլ 19-րդ դարու վերջաւորութեան, երբ հիւանդներուն կը թելադրուէր «արեւու լոգանք» ստանալ: Ասիկա աւելի տարածուեցաւ 20-րդ դարուն, երբ մարդիկ կրցան գործէն արձակուրդ առնել եւ ծովափ երթալ:

Այժմ, Արեւմտեան աշխարհին մէջ նորոյթ է պրոնզի երանգ ունենալ, այսինքն արեւէն մորթի մութ գոյն մը ստանալ: Սակայն, միեւնոյն ատեն, մարդիկ շատ զգուշ են եւ յատուկ արեւու սերեր կը գործածեն` պաշտպանուելու արեւուն վնասակար ճառագայթներէն:

* * *

Ինչ կը վերաբերի չինացիներուն, անոնք գտած են շատ արմատական լուծում մը` պաշտպանուելու ո՛չ միայն մորթը վնասող, այլ նաեւ մորթին գոյն տուող արեւուն ճառագայթներէն այդ ձեւը «ֆէյս քինի»-ն է. «ֆէյս» անգլերէնով կը նշանակէ դէմք, իսկ «քինի» եկած է պիքինի բառէն, որ կը նշանակէ երկու կտոր լողազգեստ: Այս «ֆէյս քինի»-ն, որ օժտուած է աչքերուն, քիթին եւ բերանին համար յատուկ ծակերով, ամբողջովին կը ծածկէ դէմքը եւ վիզը: Այս ձեւով չինացիներուն կարելիութիւնը կու տայ արձակուրդներէն վերադառնալ նոյնքան ճերմակ մորթով, ինչպէս էին արձակուրդէն առաջ:

Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր, որ մենք բոլորս անպայման պէտք է «ֆէյս քինի»-ներ գործածենք` արեւէն պաշտպանուելու համար: Այդ նպատակով կան գլխաւոր երկու օրէնքներ: Լաւապէս պահպանուիլ` արեւէն պաշտպանուելու յատուկ սերով, գլխարկով եւ ակնոցով, միշտ շուքին մնալ, կարելի եղածին չափ արեւուն տակ չմնալ, որովհետեւ արեւը շատ բարձր կ՛ըլլայ երկինքին մէջ եւ անոր ճառագայթները` վտանգաւոր:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել գանձին հասցնող ճամբան:
Կէտերը իրարու միացուր 1-59 գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Մէկ կէտ պարունակող բաժինները ներկէ` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` թիւերը դնելով իրենց համապատասխանող տեղերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Նախորդը

50 Տարի Առաջ ( 1 Սեպտեմբեր 1962 )

Յաջորդը

Nulla Dies Sine Linea – Ոչ Մի Օր Առանց Գծի

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.