50 Տարի Առաջ ( 25 Սեպտեմբեր 1962 )
Տոմսեր Փառքի Բլուրը Պատմութեան կարճ շրջան մըն էր, 1914-1920, ուր սակայն այնքան արիւնոտ էջեր արձանագրուեցան, եւ այնքա՛ն փայլուն ազգային փառքեր... «Արարա», ապրիլեան եղեռնէն ետք, համազգային գերեզմանոցի մը վերեւ բարձրացած` վրէժի մը կոթողն էր, որ շանթեց թշնամին, եւ զգացուց անոր մօտալուտ մեծագոյն վրէժխնդրութիւնը: Հայ կամաւորին յաղթանակն էր ատիկա: Մեր կամաւորական շարժումը պատմութեան ամէնէն յուզիչ երեւոյթներէն էր, ապացոյցը` ազգին անխախտ ոգիին, որ...