Մեր Ուղեղը (Բ. Բաժին)
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 6) Ի՞նչ կ՛ընէ մեր ուղեղը երբ մենք կը քնանանք Քունի ընթացքին մեր ուղեղը բանելէ չի դադրիր: Ան պարզապէս մասամբ մը մարմնէն «կ՛անջատուի», այս պատճառով մենք քիչ կը շարժինք: Քունի հանգրուանը կը բաժնուի երկու գլխաւոր մասերու: Քնանալու երեք քառորդ ժամանակը, ուղեղը շատ գործօն չ՛ըլլար. ասիկա «խորունկ» քունի բաժինն է, մարմինը քիչ մը կը շարժի: Մնացած մէկ...