Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ ( 29 Օգոստոս 1962 )

August 29, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հեռաձայնը Եւ Ամեր. Նախագահները

Մինչ Իր Նախորդները Չէին Սիրեր Հեռաձայնը,
Քենետի Անձնական Երեք Գիծեր Ունի

1961 յունիսին, երբ նախագահ Քենետի պաշտօնական այցելութեան համար Փարիզ կը գտնուէր, իր օգնականներէն մէկը, Ուաշինկթընի մէջ, պէտք ունեցաւ հեռաձայնով խօսելու իրեն հետ: Ընկալուչը վերցուց եւ անմիջապէս կապուեցաւ Փարիզի, եւ անկէ` ուղղակի յարաբերութեան մէջ մտաւ ինքնաշարժով պտոյտի ելած նախագահին հետ ու խօսեցաւ անոր հետ:

Այսինքն, միայն 90 երկվայրկեան բաւական եղաւ, որ խօսի 3600 մղոն հեռու գտնուող նախագահին հետ:

Այս օրինակը բաւական է ցոյց տալու համար ամերիկացի գիտնականներու կողմէ Սպիտակ տան մէջ կատարուած հեռահաղորդակցութեան իսկապէս հրաշալի կապը:

Արդարեւ, նախագահ Քենետի ո՛ւր որ ալ գտնուի, միշտ կապուած է հեռաձայնին, որ հազիւ երկու վայրկեան հեռու կը գտնուի իրմէ: Նոյնիսկ քառասուն հազար ոտք բարձրութեան վրայ օդին մէջ գտնուած, կոլֆ խաղացած կամ նաւ վարած ատեն` անթել հեռաձայնով միշտ կապուած է Սպիտակ տան հետ:

Սպիտակ տան մէջ առաջին հեռաձայնը հաստատուեցաւ 1878-ին:

1901-ին, Սպիտակ տան մէջ բաւական թիւով հեռաձայններ կային, որով հարկ եղաւ հեռաձայնային պզտիկ կեդրոն մը հաստատել: Սակայն, նախագահ Ռուզվէլթ հեռաձայնը չէր սիրեր եւ միայն բացառիկ պարագաներու զայն կը գործածէր: Յաջորդը` նախագահ Ուիլսըն, բնաւ չէր ախորժեր հեռաձայնէն եւ երբեք չգործածեց զայն:

1929-ին, Հերպըրթ Հուվըր առաջին նախագահն էր, որ մասնաւոր հեռաձայն ունեցաւ իր գրասենեակին մէջ:

Նախագահ Քենետի իր բոլոր նախորդներէն ամէնէն աւելի հեռաձայնը սիրողն էր: Եւ առաջին նախագահն է, որ ունի բացարձակապէս անձնական երեք գիծեր, որոնք չեն անցնիր Սպիտակ տան հեռաձայնային ընդհանուր կեդրոնէն:

Հեռաձայնի հանդէպ ա՛յնքան սէր ունի, որ յաճախ ամէնէն առաջ ընկալուչը ինք կը վերցնէ: Այսպէս, օր մը ստիպուեցաւ հեռաձայնի կանչել իր սենեկապանուհին, որուն նշանածը հեռաձայնած էր անոր:

Այս անմիջական հեռահաղորդակցութեան նպատակն է Ամերիկայի դէմ կորիզային յարձակում մը կանխել: Այսինքն, կ՛ըսուի, որ եթէ երբեք այդպիսի յարձակում մը գործուի, ամէն պարագայի մէջ 15 վայրկեան կանխազդարարութեան միջոց մը գոյութիւն պիտի ունենայ եւ այդ ժամանակամիջոցի ընթացքին, նախագահ Քենետի ո՛ւր որ ալ գտնուի, պիտի կրնայ անհրաժեշտ հրահանգները տալ:

Սպիտակ տան հեռաձայնային կեդրոնը հեռահաղորդակցութեան իսկական հրաշալիք մըն է: Սակայն, նոյնքան հրաշալի են հեռաձայնային այն զետեղումները, որ նախագահին կ՛ընկերանան իր պտոյտներու կամ արտասահման պաշտօնական այցելութիւններու ընթացքին:

 

Քսան Տարի Ետք Ինչպէ՞Ս Պիտի Ապրին
Ամերիկացիք

Ամերիկացի Ընկերաբան Մը
Աղէտաւոր
Կը Տեսնէ Ապագան

Այս օրերուն Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսաւ ընկերաբան Տոնալտ Մայքըլի 48 էջնոց մէկ պզտիկ հատորը, որ անշուշտ, ամէնէն շատ ծախուող գիրքը պիտի չըլլայ, բայց եւ այնպէս Ամերիկայի մտաւորականներու ուշադրութիւնը գրաւեց:

Տոնալտ Մայքըլ կը փորձէ պատասխան գտնել հետեւեալ հարցումին. «Ամերիկացիք ինչպէ՞ս պիտի ապրին քսան տարի ետք, երբ ներքին տնտեսական պայմանները եւ օտար մրցակցութիւնը Միացեալ Նահանգները պիտի ստիպեն հետզհետէ աւելի մեծ չափով դիմելու մեքենային, գործունէութեան բոլոր մարզերուն մէջ` ճարտարարուեստի, երկրագործութեան եւ առեւտուրի:

Ապագայի մասին Տոնալտ Մայքըլի հեռանկարը մռայլ է: Իրեն համար տարակոյս չկայ, թէ 1980-ին, մեքենաները եւ ելեկտրոնական ուղեղները, «որ սուրճ խմելու համար» կանգ չեն առներ եւ որեւէ արհեստակցականի չեն պատկանիր» գրաւած պիտի ըլլան մասնագէտ եւ ոչ մասնագէտ բոլոր բանուորներուն տեղը` հանքերու, գործարաններու եւ նաւահանգիստներու մէջ: Այս մեքենաները միայն մարդուն ըրած ճշգրիտ եւ ամէնէն նուրբ գործերը պիտի չընեն, այլ նաեւ` պիտի մտածեն: Եւ, ըստ Տոնալտ Մայքըլի, ամէն ինչ ցոյց կու տայ, որ անոնք աւելի գէշ պիտի չմտածեն, քան այն արհեստաւորները, որոնք կը վճարուին «գաղափարներ յղանալու համար»: Այսպէս, դրամատան պաշտօնեաները, վիճակագրութեանց մասնագէտները եւ ընդհանրապէս բոլո՛ր պաշտօնեաները պիտի դատապարտուին անգործութեան: Միայն փրոֆեսէօրները, բժիշկները, փաստաբանները, արուեստագէտները, այսինքն անոնք, որոնք արհեստը մարդուն համար մարդու դատողութեան պէտք ունի, կրնան ապրելու յոյս ունենալ աշխատանքի, ամերիկեան ամբողջ շուկային վրայ մեքենայի աստիճանական տիրապետութենէն ետք ալ:

Ամերիկացի ժողովուրդի առօրեայ կեանքին մէջ, ի՞նչ պիտի ըլլան զանգուածային եւ վերջնական այս արձակումներու հետեւանքները: Եթէ հաւատանք Տոնալտ Մայքըլին, աղիտաւոր պիտի ըլլան: Այս պարտադիր գործազրկութեան արդիւնքը պիտի ըլլայ մանկական ոճրականութեան աճումը: Չափահասներուն ալ, գլխաւորաբար պիտի բերէ «մահաբոյր ձանձրոյթի եւ անպէտք դարձած ըլլալու զգացում մը: Եւ առնուազն կրնանք ըսել, թէ այս կացութիւնը անյարմար պիտի ըլլայ պահելու եւ պահպանելու դրամատիրական ընկերութիւնները յատկանշող ոգին»:

 

Նախորդը

Նալբանդեան Կ՛ընդունի Աւստրիոյ Նոր Նշանակուած Դեսպանը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայ Ճեմարանի Առաջին Ութ Ջահակիրները

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.