50 Տարի Առաջ (20 Մայիս 1963)
Հայաստան Հակակրօն Պայքարը Կը Շարունակուի «Սովետական Հայաստան» իր խմբագրականով կը յիշեցնէ խորհրդային քաղաքացիներուն պարտականութիւնը` պայքարիլ «կրօնական նախապաշարումներուն» դէմ: «Անհանդուրժելի է,- կը գրէ թերթը,- երբ որոշ համայնավարներ եւ երիտասարդ համայնավարներ հաշտուողաբար կը վերաբերին կրօնին հանդէպ, անտարբերութեամբ կը դիտեն, թէ ինչպէս իրենց ընտանիքին անդամները, աշխատանքի ընկերները կը մասնակցին կրօնական ծէսերու» եւ այլն: Թերթը «ցաւով» եւ «վրդովումով» կը յիշատակէ մկրտութեան, եկեղեցի երթալու փաստերը...