ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր պաշտօնակիցներէն մին գէշ տրամադրուած է այսօր` ձեր դիմաց թակարդ լարելու ծրագիր ունի: Նախքան այս ծուղակին մէջ իյնալը զգուշաւոր կեցուածք ունեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աշխատանքի մէջ նախապէս նկատի առէք եւ ճշդեցէք ձեր ընելիքը: Ձեր այցելուներուն թելադրանքները նկատի առէք եւ որդեգրեցէք նոր լուծումներ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ հարց մը ունենաք սիրոյ վերաբերեալ, շուտով մի հաւատաք ձեր լսած խոստումին: Բարեկամ մը այս մասին պիտի տայ իր տեսակէտը, եւ դուք պիտի հաւատաք անոր իմաստութեան:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յոգնութիւնը պիտի ազդէ ձեր գործունէութեան վրայ, հետեւաբար ջանացէք աւելորդ պատասխանատուութիւն չստանձնել, որպէսզի օրը խաղաղ եւ հանգիստ անցընէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դիւրութեամբ պիտի շարունակէք օրուան աշխատանքը` ունկնդրելով նոյն ատեն ձեր շուրջը գործադրուած իրադարձութիւններուն կիրարկման եղանակը: Հետեւեցէք ձեր շուրջիններուն աշխատանքին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր շուրջինները ձեզի խրատ պիտի տան, որպէսզի մսխում չկատարէք: Այս կը վերաբերի ոչ միայն նիւթական, այլ ժամանակի մսխումի: Մտիկ ըրէք փորձառու եւ իմաստուն անձերու խօսքերուն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այսօր պիտի ըլլաք զօրաւոր` հմայելու իմաստով, նաեւ ձեր խօսքը լսելի պիտի ըլլայ ձեր շրջապատին մէջ: Օրը յարմար է նման արտայայտութիւններու, ուրեմն օգտուեցէք առիթէն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շրջահայեաց եղէք, ականջ տուէք ձեր շուրջի անցուդարձերուն, որպէսզի կարենաք գիտնալ, թէ ինչ կը կատարուի, ըստ այնմ ձեր դիրքը ճշդեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Գործ պիտի ունենաք եռանդուն եւ գործունեայ անձերու հետ: Պիտի կարենաք օգտուիլ անոնց փորձառութենէն եւ գիտելիքներէն: Ձեր կարգին մնացէք եռանդուն գործի մէջ թէ տունը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ կը կարծէք, թէ ձեր աշխատանքը ի զուր է, կը սխալիք: Ընդհակառակն, արդիւնաւէտ է ձեր աշխատանքը եւ պիտի վարձատրուիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր շուրջը պիտի տեսնէք բարեկամներ, ձեր ուրախութիւնը պիտի փոխանցէք անոնց: Յոռետեսութենէ հեռու մնալը առողջութիւն է եւ կեանքը սիրելու հրաւէր:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Փոփոխութիւններ կը պատահին կեանքի մէջ, բայց վախնալու պէտք չունիք: Կրնաք կամաց-կամաց փոխել ձեր կարգ մը աննպաստ կեցուածքները: Ինքնաքննարկումը կարեւոր է, կը զարգացնէ ձեզ:
