Հայաստան
Հակակրօն Պայքարը
Կը Շարունակուի
«Սովետական Հայաստան» իր խմբագրականով կը յիշեցնէ խորհրդային քաղաքացիներուն պարտականութիւնը` պայքարիլ «կրօնական նախապաշարումներուն» դէմ:
«Անհանդուրժելի է,- կը գրէ թերթը,- երբ որոշ համայնավարներ եւ երիտասարդ համայնավարներ հաշտուողաբար կը վերաբերին կրօնին հանդէպ, անտարբերութեամբ կը դիտեն, թէ ինչպէս իրենց ընտանիքին անդամները, աշխատանքի ընկերները կը մասնակցին կրօնական ծէսերու» եւ այլն:
Թերթը «ցաւով» եւ «վրդովումով» կը յիշատակէ մկրտութեան, եկեղեցի երթալու փաստերը ու կ՛եզրակացնէ. «Կուսակցական, կոմերիտական, արհեստակցական միութիւններու կազմակերպութիւններու, գաղափարական բոլոր հիմնարկութիւններուն գործն է յարատեւ եւ նպատակասլաց կերպով մղել գիտա-անաստուածական քարոզչութիւնը, համբերութեամբ եւ համոզիչ կերպով պարզաբանել կրօնական հաւատալիքներուն սնանկութիւնը»:
Երեք Հոգի Գնդակահարուած
Հայաստանի Գերագոյն դատարանի որոշումով երեք անձեր` Սահակ Յովհաննէսեան, Վաչագան Բարսեղեան եւ Սեդրակ Վահանեան մահուան դատապարտուած են պետական գումարներ եւ ինչքեր իւրացուցած ըլլալուն համար: Ուրիշներ ալ` մէկէն մինչեւ տասը տարուան բանտարկութեան:
Բողոքներ
«Կսմիթներ» խորագրին տակ «Սովետական Հայաստան» կը ներկայացնէ բազմաթիւ բողոքագիրներ. «Նալբանդ գիւղի հիւանդանոցը տարիներէ ի վեր ջուր չունի: Ղամշլուի հիւանդանոցը, որ կը սպասարկէ երեք գիւղերու բնակիչներուն, քանի մը ամիսէ ի վեր բժիշկ չունի»:
«Հայկաւան» Գինի
Հայաստանի այգեգործութեան, խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնարկութեան մշակած նոր գինին «Հայկաւան» կը կոչուի:
Ասիկա ծանօթ մատերա գինիին մէկ տեսակն է, որ մասնագէտներուն կարծիքով աւելի համով է, հոտով եւ որակով` գերազանց:
Այս տարի այս գինիին արտադրութիւնը պիտի հասնի չորս հարիւր հազար լիթրի:
Գիւղատնտեսութիւն
Հայաստանի պատկան մարմինները ընկալեալ սովորութեամբ կը սահմանեն այս կամ այն մարզին արտադրութեան «նորմ»-երը:
Գիւղատնտեսութեան մարզին այս տարուան արտադրութիւնը հետեւեալ ձեւով սահմանուած է: Հացահատիկ` 279.000 թոն, բամպակ` 30.000, ծխախոտ` 13.700, ճակնդեղ` 108.000, խաղող` 151.000, զանազան պտուղներ 32.000, բանջարեղէններ` 121.000, գետնախնձոր` 87.000, միս` 42.500, կաթ` 223.000, բուրդ` 3.240 իսկ հաւկիթ` 63.8 միլիոն հատ:
