Այլազան

50 Տարի Առաջ (30 Մայիս 1963)

Սիսեցի Երիտասարդաց Տարեդարձի Տօնակատարութիւնը Սիսեցի Երիտասարդներու միութեան Ա. տարեդարձի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 26 մայիս 1963 երեկոյեան` ներկայութեամբ միութեան պատուոյ նախագահ Միսաք Ազիրեանի, հանդիսութեան նախագահ Անդրանիկ Աթայեանի եւ խուռներամ հայրենակիցներու: Հանդիսութեան բացումը կատարեց վարչութեան անդամներէն Յակոբ Օվայեան, որ` անդրադառնալով միութեան մէկ տարուան կեանքին` գեղեցիկ պատկերով մը զայն նմանցուց մէկ տարեկան մանուկի մը, որ կը փորձէ ոտքի ելլել ու իր այդ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր կեանքը կապուած է նաեւ ձեր հարազատներուն, հետեւաբար ուրիշներուն նկատմամբ ունիք նիւթական եւ բարոյական պարտաւորութիւններ եւս: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր շրջանակը պիտի քաջալերէ ձեզ` շարունակելու ձեր գործերը, որոնք պիտի ընթանան յաջողութեամբ: Ձեր ծրագիրները ճիշդ ուղիի վրայ դրուած են: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ընթերցանութիւնը կը սիրէք եւ կ՛օգտուիք, բայց այսօր դժուարութիւն կրնաք ունենալ...

50 Տարի Առաջ (28 Մայիս 1963)

Խմբագրական Մայիս 28 Գաղթաշխարհի տարածքին վրայ հայ ազատատենչ ժողովուրդը տարիներէ ի վեր կը տօնէ իր անկախութեան տարեդարձը` հեռու հայրենիքէն, որուն ժողովուրդը, վստահ ենք, այս պահուս լուռ երկիւղածութեամբ կ՛եղբայրանայ արտասահմանի իր ազգակիցներուն հետ` ոգեկոչելու համար յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք իրենց արեան գնով կերտեցին շքեղագոյնը յաղթանակներուն: Որքան հեռանանք պատմութեան այս շքեղ թուականէն, տարիները որքան թաւալին, այնքան աւելի իրական արժէքով կ՛իմաստաւորուի մեր հայրենիքի...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Զոհրապ Մենտիլեանի մահուան քառասունքին առիթով, Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Նանիկ Գայթանճեան 100.000 լ.ո. Տէր եւ տիկին Վահագն եւ Արշօ Դաւիթեան 100.000 լ.ո. Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Ալին Օհանեան 100.000 լ.ո.   Նեկտար Պաթուզեանի մահուան առիթով, Տիկին Մարօ Ֆուճուրեան եւ զաւակունք 30.000 լ.ո.  

50 տարի առաջ (27 Մայիս 1963)

Ն. Վ. Նախագահ Շեհապի Այցը Անթիլիաս  Ներկայ Եղան` Նախարարներ, Երեսփոխաններ, Բարձրաստիճան Անձնաւորութիւններ Եւ Մեծ Թիւով Հաւատացեալներ  Խորէն Ա. Կաթողիկոսին Գեղեցիկ Ուղերձը Անթիլիաս երէկ` կիրակի, 26 մայիս, տօնական օր մը եւս ապրեցաւ` արտակարգ խանդավառութեամբ: Հաւատացեալներու ստուար բազմութիւն մը փութացած էր կաթողիկոսարան` ողջունելու համար Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապը, որ աւանդական իր բարեբաստիկ այցելութիւնը պիտի տար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Հանդուրժող եւ զգուշաւոր եղէք ձեր արհեստին վերաբերեալ որեւէ որոշում տալէ առաջ: Ձեր ընտրութիւնը տրամաբանական թող ըլլայ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ճամբորդութեան մը յիշատակը ձեզ պիտի մղէ կատարելու նոր արկածախնդրական ճամբորդութիւն մը: Այսուհանդերձ, մնացէք խոհեմ եւ զգուշ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր գործերը ծաղկուն են եւ քաջալերական: «Երկուորեակները» լաւ գիտեն իրենց գործերը կարգի դնելու...

Ի՞նչ Գիտենք Մեր Մարմնին Մասին

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Աչուո՜ւմ. ա՜այ. հիք... Տեսակաւոր բաներ կը պատահին մեր մարմնին մէջ: Փորձենք հասկնալ անոնց պատճառները: - Ինչո՞ւ մենք կը փռնգտանք Փռնգտոցը անդրադարձ շարժում մըն է, որ կը ծառայէ մեր քիթին ներսի բաժինը մաքրելու զայն նեղացնող բանէ մը, ինչպէս` փոշին, բեղմնափոշին, կամ խլինք: Փռնգտալու ընթացքին մեր թոքերը նախ օդով կը լեցուին, մեր փորի եւ կուրծքի մկանները կը կծկուին,...

50 Տարի Առաջ (25 Մայիս 1963)

Խմբագրական Նախագահ Շեհապի Այցը Անթիլիաս Վաղը` կիրակի, 26 մայիս, հայ ժողովուրդը դարձեալ առիթը պիտի ունենայ ողջունելու Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապը, որ տարեկան իր աւանդական այցելութիւնը պիտի տայ Անթիլիասի կաթողիկոսութեան եւ ներկայ պիտի գտնուի պատարագին: Բազմաթիւ նախարարներ, պետական երեսփոխաններ, զինուորական եւ քաղաքային բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւս այս բարեբաստիկ այցելութեան առթիւ պիտի գան Անթիլիաս` պատուելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  արժանաւոր գահակալը`...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Կարեւոր ժամադրութիւն մը ունիք, ճիշդ ժամանակին ներկայ եղէք, որպէսզի նկատի առնուիք իբրեւ իր խօսքը յարգող: Նման աննշան նկատուած հարցերը յատուկ ուշադրութեան կ՛արժանանան: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Նախքան ճամբայ ելլելը` ստուգեցէք ձեր կառքին վիճակը, որպէսզի անախորժ անակնկալի մը դիմաց չգտնուիք: Նախազգուշութիւնը յաջողութեան մայրն է, նկատի առէք եւ միշտ զործադրեցէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Տաղտկալի...

50 Տարի Առաջ (24 Մայիս 1963)

«Մայրերու Օր»-ուան Տօնակատարութիւնը Կիլիկեան Ազգ. Վարժարանի Մէջ Կիլիկեան ազգային վարժարանի Մայրերու օրուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 13 մայիս 1963, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Արտաւազդ վրդ. Թրթռեանի: Սրահը լեցուն էր ծայրէ ծայր: Բացման խօսքը ըրաւ վարժարանի տնօրէնուհի Պ. Մանուկեան: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Եղան մեներգներ, խմբերգներ` դաշնակի ընկերակցութեամբ Հ. Քեքեճեանի: Անի Քեքլիկեան արտասանեց...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Լաւատեսութիւնը զէնք մըն է, զոր կրնաք օգտագործել դժուար լուծելի հարցերը դիմագրաւելու: Եղէք լաւատես, կ՛օգտուիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Մի՛ աճապարէք բանակցութիւն մը կատարելու պարագային: Հանդարտ տրամադրութեամբ կրնաք աւելի լաւ որոշում մը եւ պատասխան տալ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Արժանի էք լաւ հանգիստ մը ունենալու: Մէկ կողմ դրէք այն ամէն աւելորդ գործերը, որոնք կ՛արգելակեն...

Այլազան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ի՞նչը Կ՛երջանկացնէ Բրիտանացի Կիները Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ բրիտանացի կիները երջանկացնելը այդքան ալ դժուար չէ, անոնց երազները անհասանելի չեն: Արդարեւ, հարիւր կիներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւնը պարզած է, որ առաջին տեղը կը գրաւէ բարձր ջերմուժ պարունակող, քաղցր ուտելիքներ ճաշակելը, ապա` - Շաբաթը անգամ մը տունէն դուրս ուրախ ժամանակ անցընելը: - Մէկ նստելով`...

50 Տարի Առաջ (23 Մայիս 1963)

Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան Դրոշմաթուղթերը Ջարդերու, սովի, կողոպուտի մատնուած Հայաստանը շնորհիւ իր աննման ժողովուրդին անխորտակելի կամքին ու դիւցազնական հերոսութեան, դարերու երազը իրագործեց 28 մայիս 1918-ին, հայրենի հողին վրայ բարձրացնելով անկախութեան դրօշը: Նորակազմ կառավարութեան առաջին գործը եղաւ` իբրեւ ազատ անկախ պետութիւն, դիւանագիտական յարաբերութիւններ մշակել օտար անկախ պետութիւններու հետ` դեսպանութիւններ եւ հիւպատոսարաններ հաստատելով. իբրեւ արդիւնք, ան ունեցաւ իր սեփական դրամն ու դրոշմաթուղթը, մեսրոպատառ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Մի՛ կարծէք, որ ճակատագիրը կրնայ դիւրացնել ձեր պարտականութիւնը: Պէտք է ապաւինիք ձեր անձնական կարողութեան եւ ձեր երջանկութեան: Օրը ունի լաւ պահեր: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր ժամանակը պիտի անցընէք ուրիշներուն մասին մտածելով: Քիչ մըն ալ ձեր անձին մասին մտածեցէք, որպէսզի յաջողիք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր աշխատանքները դասաւորեցէք յստակ ժամանակացոյցով. այսպիսով կրնաք յաւելեալ...

50 Տարի Առաջ (22 Մայիս 1963)

Հաղորդագրութիւն Նկարին վրայ, ձախէն աջ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան, գերշ. Երուանդ վրդ. Աբէլեան, վեհափառ հայրապետը, նախագահ Շեհապ, գերշ. Արտակ արք. Մանուկեան, Վարդգէս Շամլեան եւ Սուրէն Խանամիրեան: Երէկ, 21 մայիս 1963, երեքշաբթի կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Թեհրանի հայոց առաջնորդ Արտակ արքեպիսկոպոսի, Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Երուանդ վրդ. Աբէլեանի, պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Երկմիտ կամ փոփոխամիտ մի՛ ըլլաք, ինչ որոշում որ տուած էք հարցի մը շուրջ, կատարեցէք: Ուրիշներու կարծիքէն մի՛ ազդուիք, հաստատամիտ եղէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եղած էք վեհանձն, օգնած էք կարիքաւորներու, բայց երբ զգաք, որ կը շահագործեն ձեր խղճամտութիւնը, հեռացէք այդպիսիներէ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Բարեկամական կապ մը պիտի ստիպէ ձեզի` կատարելու պարտականութիւն մը,...

50 Տարի Առաջ (21 Մայիս 1963)

ՀՄԸՄ-ի «Մարզական Շաբաթ»-ը Փառաւոր Յաջողութեամբ Մը Պսակուեցաւ Հսկայ Բազմութիւն Մը Ներկայ Գտնուեցաւ Ֆութպոլի Մրցումին Եւ Փառահեղ Տողանցքին Քսան հազարի հասնող խուռներամ բազմութիւն մը կիրակի, 19 մայիսի կէսօրէ ետք, փութացած էր Մարզական աւան` ներկայ գտնուելու համար ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Մարզական շաբաթ»-ի փակման հանդիսութեան, որ դրուած էր Լիբանանի հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ն. Վ. Փիեռ Ժեմայէլի հովանաւորութեան ներքեւ: Մարզաւանը տօնական օրերու կերպարանք...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Այսօր լաւ աշխատանք եւ արդիւնք պիտի ունենաք: Գործատէր թէ աշխատաւոր` նոյն խանդավառութեամբ պիտի ունենաք յաջողութիւն: Շարունակեցէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Լաւ գաղափարներ պիտի ունենաք օրուան ծրագիրները  որոշելու: Պիտի կարենաք ձեր ձեռքին ունենալ այն ամէնը, որուն կը ձգտէիք երկար ատենէ ի վեր: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ օգնութեան կարիքը ունիք, ուզեցէք, ասիկա չի նշանակեր,...

Page 425 of 482 1 … 424 425 426 … 482