Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Մայիս 1963)

May 18, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

 Թատերասէրները Պիտի Ունենան
Իրենց Սրահը

Պէյրութահայ կեանքի գլխաւոր երեւոյթներէն մէկը կը հանդիսանայ Համազգայինի Թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբը, որ աւելի քան քսան տարիէ ի վեր իր թանկագին նպաստը կը բերէ մեր մշակոյթին` թատրոնի ճամբով: Արուեստի հուրով եւ հայ արժէքներու հանդէպ երկիւղած յարգանքով տոգորուած խումբ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններու, գիշերը ցերեկին խառնած, յաճախ դժնդակ պայմաններու մէջ, կը ճգնին արուեստի գործեր ներկայացնել թատերասէր հասարակութեան, որ կու գայ ու կը ծափահարէ, կը վայելէ ու կը գնահատէ, բայց` միայն այդքան:

Ու այդքանը` բաւական չէ: Բաւական չէ, ոչ միայն իբրեւ գնահատանք, այլ նաեւ` պարտականութիւն: Որովհետեւ Պէյրութի հայութիւնը, Թատերասէրներու միութեան հանդէպ ունի պարտականութիւն մը, զոր պէտք է հատուցէ, ուշացած է հատուցանելու, մինչեւ այլ մարզերու մէջ գիտցած է  չթերանալ, գիտցած է տալ ապացոյցը իր զոհաբերութեան ոգիին:

Երկու տարի առաջ, երբ կ՛անդրադառնայինք նոյն հարցին, կը շեշտէինք անհրաժեշտութիւնը ոչ միայն նոր ուժերու համախմբման, այլ նաեւ` սեփական թատերասրահի մը կառուցման:

Կարելի չէ երեւակայել, թէ Թատերասէրները ինչպիսի՛ դժուարութիւններու կը մատնուին, ամէն անգամ որ յետ երկար պատրաստութիւններու (թատերական) կը լծուին սրահ մը վարձելու աշխատանքին: Կա՛մ սրահը յարմար չէ, իսկ յարմար եղած պարագային ալ` գրաւուած: Մօտէն հետաքրքրուողները միայն գիտեն այս պարագան, իսկ ուրիշներ, որոնք միայն կու գան ու կը տեսնեն արդիւնքը, յաճախ կը գանգատին սրահին անյարմարութեան մասին:

Այս բոլորը մէկ դարման ունին: Թատերասէրները օժտել սեփական սրահով մը, կամ գոնէ` այնպիսի սրահով մը, որ միշտ իրենց տրամադրութեան տակ ըլլալ` թէ՛ վերջին փորձերու եւ թէ՛ ներկայացումներու համար:

Ուրախութեամբ կ՛իմանանք, որ այս անյետաձգելի ձեռնարկը մարմին ստանալու վրայ է արդէն: Համազգայինի Թատերասէրները Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան վարչական խորհուրդին հետ որոշ համաձայնութեան մը եկած են` շէնքի երկրորդ յարկին վրայ գտնուող սրահը վերածելու արդիական թատերասրահի, անհրաժեշտ բոլոր յարմարութիւններով:

Այս ձեռնարկին իրագործման առաջին քայլերը առնուած են արդէն, «Օսքար»-ի ներկայացման առիթով: Թատերասէրները անցեալ շաբաթ եւ կիրակի օրերը յաջորդական երեք ներկայացումներ տուին` հասոյթը ամբողջովին յատկացնելու համար սրահի բարեզարդման ֆոնտին: Այսպէսով, գոյացաւ մօտ տասը հազար լիբանանեան ոսկի, նկատի ունենալով նաեւ Թատերասէրներու տրամադրութեան տակ գտնուող այլ գումարներ: Նոյն առթիւ, տեղի ունեցաւ հանգանակութիւն մը եւ յարգելի ազգայիններ, որոնց ցանկը հրատարակած էինք մեր նախորդ թիւերէն մէկուն մէջ, նուիրեցին 6400 լ. ոսկի նոյն նպատակին համար:

Կասկած չկայ, թէ 16,400 լ. ոսկիի գումարը միայն մէկ մասն է այն գումարին, որ անհրաժեշտ է ծրագրուած սրահին իրագործման համար: Հանգանակութիւնը բացուած է արդէն եւ գործը ապահով հիմերու վրայ դնելու մեծ յոյսեր կան:

Թէեւ սրահը կը գտնուի Պուրճ Համուտի մէջ, բայց հոն պիտի տրուին Թատերասէրներու բոլոր ներկայացումները: Հետեւաբար, թէ՛ Պուրճ Համուտի եւ թէ՛ քաղաքի հայութիւնը պարտաւոր է իր մասնակցութիւնը բերելու այս հանգանակութեան, որ վերջապէս Թատերասէրներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ ամբողջապէս գործի լծուելու, ձերբազատուած սրահի տաղտուկէն:

Հայ ժողովուրդը յուսախաբ չէ ըրած մեզ, ամէն անգամ որ դիմում եղած է իրեն, ազգօգուտ նպատակներու համար:

Վստահ ենք, որ այս անգամ եւս յուսախաբ պիտի չընէ, ու Թատերասէրները պիտի ունենան իրենց սրահը:

ՀՄԸՄ-ի «Մարզական Շաբաթ»-ը Պիտի
Փակուի
Վաղը Փառահեղ Տողանցքով Մը

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Մարզական շաբաթ»-ին փակումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, կ. ետք Մարզական աւանի դաշտին վրայ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսը Խորէն Ա. իր ներկայութեամբ պիտի պատուէ հանդէսը:

Մարզասէրներու խուռներամ բազմութիւններ կը պատրաստուին մեծ խանդավառութեամբ ներկայ գտնուելու փակման հանդէսին, որ դրուած է Լիբանանի հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայելի հովանաւորութեան ներքեւ:

Թեհրան «Արարատ»-ի եւ ՀՄԸՄ Պէյրութի փոխվրէժի մրցումէն ետք տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի մարզիկներու, սկաուտներու, գայլիկներու, արենուշներու եւ արծուիկներու փառահեղ տողանցքը` առաջնորդութեամբ Պուրճ Համուտի սկաուտական նուագախումբին:

Չկայ հայ մը, որ չուզէ ականատես չըլլալ այս ակնախտիղ տեսարանին, որ հպարտութեամբ պիտի լեցնէ մեր բոլորին սրտերը:

ԾԱՆՕԹ.- Տոմսերու գիներն են` 5 լ. ոսկի (աթոռ), առաջին կարգ` 2 լ. ոսկի, երկրորդ կարգ` 1 լ. ոսկի:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Անջրպետէն Լուրեր…

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.