Այլազան

Յայտարարութիւններ (26 Յուլիս 2019)

ՄԱՀԱԶԴ Քուէյթի Թեմի թեմական խորհուրդը կը գուժէ Թեմի կրթական բաժինին մէջ երկար ատեն մանկավարժական պատասխանատուութիւններ վարած ՍՕՍԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 24 յուլիս 2019-ին: ------------------------------------- ՄԱՀԱԶԴ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը կը գուժէ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի առաջին տնօրէն, վաստակաւոր մանկավարժ եւ կրթական մշակ ԿԱՐՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 22 յուլիս 2019-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ: ------------------------------------- ՄԱՀԱԶԴ...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Սօսէ Ճինպաշեանի մահուան առիթով եւ փոխան ծաղկեպսակի` - Տէր եւ տիկին Յակոբ Լոշխաճեան եւ ընտանիք 150.000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ (26 Յուլիս 1969)

Ապրի՛ք, Տղաք Նոր սերունդը կ՛ապրի: Մեր մանուկները կ՛անցնին: Կ՛անցնին օտար ափերուն ծնած, հասակ նետած հայ ժողովուրդի այն զաւակները, որոնք կը մեծնան` առանց երբեմնի բարդոյթին: Կը մեծնան` իրենց շրթունքին ունենալով անունը երկրի մը, որմէ զրկուած կ՛ապրին: Քաղաքացիներ են իրենց երկրորդ հայրենիքներուն: Հաւատարիմ տարր` վարժարաններու մէջ կը բանան իրենց լեզուն, իրենց աչքերը եւ հոգին հաւասարապէս հայրենիքին եւ տեղական հայրենիքի լեզուին: Յարգա՛նք` հազարաւոր...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր տուած որոշումները: Ձեր արտադրութիւնը ուշադրութեան կեդրոն պիտի դառնայ, եւ դուք մեծ յաջողութեան դիմաց պիտի կանգնիք: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Ուշադիր եղէք ձեր խօսած ամէն մէկ բառին եւ արտայայտած միտքերուն: Ձեր տալիք կարեւոր որոշումը կրնայ առիթ դառնալ վիճաբանութեան: Ճկուն եւ դիւանագէտ եղէք ձեր յարաբերութիւններուն մէջ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Արկածախնդրութեան մի՛...

Յայտարարութիւններ (25 Յուլիս 2019)

ՄԱՀԱԶԴ Ազգային իշխանութիւնը կը գուժէ Ազգային վարչութեան յանձնախմբային աշխատանքներուն մէջ երկար տարիներու վաստակ ունեցող անդամ ՍՕՍԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 24 յուլիս 2019-ին: ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ------------------------------------- ՄԱՀԱԶԴ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը կը գուժէ իր երկարամեայ վաստակաշատ նախկին անդամին` ՍՕՍԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 24 յուլիս 2019-ին: ------------------------------------- ՄԱՀԱԶԴ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ իր վաստակաշատ նախկին...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Կարելի՞ Է Երեխային Պարտադրել, Որ Նուագէ

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Կարելի՞ Է Երեխային Պարտադրել, Որ Նուագէ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Շատ մը ծնողներ համոզուած են, որ երեխան պէտք է անպայման երաժշտանոց յաճախէ եւ նուագել սորվի: Անոնց կարծիքով, ասիկա միակ ձեւն է, որպէսզի անոնց մէջ արուեստի նկատմամբ սէր արթննայ: Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ ուղեղին բջիջները աւելի լաւ կը գործեն, եթէ երեխան փոքր տարիքէն դասական երաժշտութիւն լսէ: Կ՛ըսեն` դաշնակահարները բնաւորութեամբ աւելի կարգապահ, ճշդապահ եւ նպատակասլաց են: Այսուհանդերձ,...

50 Տարի Առաջ (25 Յուլիս 1969)

35 Համալսարանականներ Կ՛անցնին Դաշնակցութեան Շարքերը Երէկ` հինգշաբթի, երեկոյեան ժամը 7:00-ին քաղաքի Ժողովրդային տան մէջ, տեղի ունեցաւ երդման յուզիչ արարողութիւն մը: ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամ 35 ընկեր-ընկերուհիներ կատարեցին իրենց երդումը` անցնելով մեր կուսակցութեան շարքերը: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ երէց եւ պատասխանատու ընկերներ, ինչպէս նաեւ` զանազան կոմիտէներու ներկայացուցիչներ: Նորագիր ընկերներուն կնքահայրը եղաւ ընկ. տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, որ խօսք առնելով` ընդգծեց այն...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Կարեւոր որոշումներու պարագային, խորհրդակցեցէք ձեր բարեկամներուն հետ եւ անոնց կարծիքը հարցուցէք: Անցողիկ նեղութեան մը պիտի մատնուիք: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Օգտուեցէք ձեզի տրուած առիթներէն, որպէսզի դասաւորէք ձեր ժամանակը եւ գործերը: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք ու ծանօթանաք նոր վայրերու եւ սովորութիւններու: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Զիջումներ կատարեցէք, եթէ կ՛ուզէք ձեր գործերը յառաջ տանիլ: Ձեր...

Յայտարարութիւններ (24 Յուլիս 2019)

ԾԱԽՈՒ ՇՔԵՂ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆՆԵՐ ՊՈԼՈՆԻԱՅԻ ՄԷՋ Նո­րա­կա­ռոյց շէնք, յարկաբաժիններ` 91-98 քառ. մեթր, 40-120 քառ. մեթր, պար­տէ­զով, նաեւ տիւպ­լեքս 150 քառ. մեթր: Հե­ռա­ձայն կամ whatsapp 03-484184: ------------------------------------- ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ Տորայի հրապարակին մօտ, 124 քառ. մեթր, 2 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, 2 պատշգամ եւ յարակից մասեր: Դիմել` հեռ. 03-335368: ------------------------------------- ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ Ժէլ Էլ Տիպ, 130 քառ. մեթր: Սին Էլ Ֆիլ, 70 քառ. մեթր:...

50 Տարի Առաջ (24 Յուլիս 1969)

Մայրենի Լեզուն` Մանկապարտէզէն Տարիները կ՛անցնին: Կ՛անցնին արագ ու յանկարծ, օր մը կ՛անդրադառնաս, թէ այն տղան, որ դուն էիր տակաւին երէկ, հիմա արդէն շա՜տ հեռու է քեզմէ: Որքա՜ն բաժանում կայ քու եւ անոր միջեւ: Բաժանում` ուրախ եւ տխուր օրերու, հոգերու, մտահոգութիւններու, պարտութիւններու եւ յաղթանակներու, կորսուած ժամանակի եւ շահուած առիթներու, նոր պատասխանատուութիւններու, հանդիպումներու եւ մեկնումներու, յոյզերու, իրականացած յոյսերու եւ երազ մնացած երազներու:...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Ձեր հարցերէն մէկը վերատեսութեան պիտի ենթարկէք: Ձեր գործին վերաբերող որոշում մը պիտի տաք: Պէտք ունիք հանգիստի եւ հանդարտութեան: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Ուրախ եւ հաճելի պահեր պիտի ապրիք ձեր ընկերներուն հետ: Ընտանեկան պտոյտ մը պիտի կազմակերպէք: Բարի անակնկալներով շրջան մը պիտի ըլլայ ձեզի համար: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Ձեր կարողութիւնները պիտի զարգանան եւ...

Յայտարարութիւններ (23 Յուլիս 2019)

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ (100%) ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ԹԵՔՆԻՔ ՊՐԷՕՎԷԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ Թեքնիք պաքալորէայի (BT) մէջ փայլուն արդիւնքներ արձանագրելէ ետք, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանը կատարեալ յաջողութեամբ աւարտեց պետական քննութիւններու հերթական փուլը. վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ թեքնիք պրէօվէի դասարաններու (BP) բոլող 19 աշակերտները յաջողած են 2018-2019 տարեշրջանի պետական քննութիւններուն: Ինչպէս նախորդ տարիներուն, Մեսրոպեանի աշակերտները քննութիւններուն մասնակցեցան երեք տարբեր մասնագիտութիւններով` «մանկական...

50 Տարի Առաջ (23 Յուլիս 1969)

Մարդուն Սխրանքը Այսօր, երկրային առաւօտեան առաջին ժամերուն, նոր էջ մը բացուեցաւ մարդկութեան հազարամեակներու պատմութեան մէջ: Գիտական յաջողութենէ աւելի բան մը տեղի ունեցաւ հոն, հեռու հեռաւորութիւններու վրայ, ուր մինչեւ հիմա մարդուն երեւակայութիւնը կը հասնէր միայն, իսկ այսօր հասաւ իր միտքը, ու մարդը` իր մտքին ետեւէն: Ո՞ւր պիտի յանգի այս արշաւը, որ հանգրուաններ ունի, բայց դարերու մշուշին մէջ կորսուած անորոշ մեկնակէտ եւ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Ճնշող պայմաններու մէջ պիտի ունենաք նոր գործի առաջարկ: Ուշադիր եղէք ձեր խօսքերուն ու քայլերուն: Թոյլ մի՛ տաք, որ անտեղի կատակներու պատճառով սխալներ արձանագրուին ձեր հաշուոյն: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Անմիջապէս սրբագրեցէք ձեր սխալները: Ապերախտ մի՛ գտնուիք անոնց հանդէպ, որոնք օր մը օգտակար դարձած են ձեզի: Մինակ մի՛ մնաք, համակերպեցէք ձեր միջավայրին: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն...

Յայտարարութիւններ (22 Յուլիս 2019)

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը կը յայտարարէ, թէ իր գործունէութեան վերսկսած է իր նոր կեդրոնին` նախկին Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ, 3-րդ յարկ: Բաժանմունքը իր բազմաթիւ ծառայութիւններուն կողքին հաստատած է կարիքաւոր ընտանիքներու հագուստեղէնի սենեակ, ուր ընկերային ծառայողին կողմէ հաստատուած համապատասխան ընդունագիրով եւ խորհրդանշական գումարով հայորդիներ կրնան ստանալ հագուստ, կօշիկ եւ այլ պիտանի իրեր: Հագուստեղէնի սպասարկութիւնը կը գործէ ամէն երկուշաբթի,...

50 Տարի Առաջ (22 Յուլիս 1969)

Առաջին Մարդը` Նէյլ Արմսթրոնկ, Երկուշաբթի, 21 Յուլիս Ժամը 4:56-ին Ոտք Դրաւ Լուսնի Վրայ  19 Վայրկեան Ետք, Երկրորդ Ամերիկացին` Էտվին Ալտրին Միացաւ Իր Ընկերոջ Եւ Երկու Աստղանաւորդները Կողք Կողքի Քալեցին` Հետաքրքրական Տեղեկութիւններ Հաղորդելով  Արմսթրոնկ Եւ Ալտրին Ամերիկեան Դրօշակը Տնկեցին Եւ Յանուն Մարդկութեան Զետեղեցին Խորհրդանշական Նշանատախտակը  Մարդը Հասաւ Լուսին: Այսօր` Երկուշաբթի, 21 Յուլիս 1969, Առաւօտեան Ժամը 2:56-ին (Պէյրութի Ժամով` Ժամը 4:56-ին) Առաջին...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Մեծ աշխուժութիւն պիտի զգաք այս շրջանին: Ընտանեկան անցողիկ նեղութիւն մը պիտի ունենաք, մի՛ մտահոգուիք:  Ձեր կեանքին մէջ պատահած նորութիւնը պիտի նեղացնէ ձեզ որոշ ժամանակ մը: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Աշխատանքային եւ անձնական գետնի վրայ ճնշում պիտի զգաք: Փափուկ շրջան մըն է, հեռու մնացէք վիճաբանութիւններէ: Ճկուն եւ դիւանագէտ եղէք ձեր յարաբերութիւններուն մէջ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն...

Յայտարարութիւններ (20 Յուլիս 2019)

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը ուրախութեամբ կու գայ յայտնելու, թէ կիրակի, 21 յուլիս 2019-ին, սուրբ եւ անմահ պատարագին պիտի հանդիսապետէ Թեմիս բարեջան առաջնորդ` ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ Յընթացս սուրբ պատարագին ծաղկեայ փիլոն պիտի ստանայ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւը: Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին Սիրով հրաւիրուած է մեր հաւատացեալ ժողովուրդը`...

«Ափոլօ 11»-ի Արշաւանքին 50-րդ Տարեդարձը

«Ափոլօ 11»-ի Արշաւանքին 50-րդ Տարեդարձը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 1960-ական թուականներուն աշխարհի երկու ամէնէն հզօր պետութիւնները` Միացեալ Նահանգները եւ Խորհրդային Միութիւնը մեծ պայքար կը մղէին առաջին մարդը լուսին ղրկելու համար: Խորհրդային Միութիւնը եղած էր առաջին պետութիւնը, որ դէպի անջրպետ արձակած էր առաջին արբանեակը, եւ ապա` առաջին մարդ արարածը: Հետեւաբար Միացեալ Նահանգներուն համար շատ կարեւոր էր ըլլալ լուսինին վրայ առաջին քայլը առնող պետութիւնը: 1961-ին Միացեալ Նահանգներու...

50 Տարի Առաջ (20 Յուլիս 1969)

Կանոնը Եւ Բացառութիւնը Հին սերունդները իրենց կեանքի գիրքը կը փակեն` նոր սերունդներուն կտակելով ո՛չ թէ մեղր ու կարագով ծեփուած երգեր, այլ` անաւարտ եւ կիսաւարտ գործեր միայն: Նորերուն կը մնայ աւարտել, գոնէ` ձգտիլ աւարտել, ինչ որ հիները ո՛չ կրցան, ո՛չ ալ ժամանակ ունեցած են աւարտելու: Բոլոր ժամանակներու բոլոր սերունդներուն ճակատագիրն է ասիկա` ձգտիլ հասնիլ անհասանելիին եւ նուաճել աննուաճելին: Այսինքն` երազել, ծարաւիլ...

Page 179 of 361 1 … 178 179 180 … 361

Արխիւներ