Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Յուլիս 1969)

Յուլիս 20, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կանոնը Եւ Բացառութիւնը

Հին սերունդները իրենց կեանքի գիրքը կը փակեն` նոր սերունդներուն կտակելով ո՛չ թէ մեղր ու կարագով ծեփուած երգեր, այլ` անաւարտ եւ կիսաւարտ գործեր միայն:

Նորերուն կը մնայ աւարտել, գոնէ` ձգտիլ աւարտել, ինչ որ հիները ո՛չ կրցան, ո՛չ ալ ժամանակ ունեցած են աւարտելու: Բոլոր ժամանակներու բոլոր սերունդներուն ճակատագիրն է ասիկա` ձգտիլ հասնիլ անհասանելիին եւ նուաճել աննուաճելին: Այսինքն` երազել, ծարաւիլ ու տենչալ, բայց չտիրանալ, ինչպէս պիտի ըսէր «Երազ օրեր»-ու մեծ երազողը` Լեւոն Շանթ:

Երիտասարդներէն մեր առաջին պահանջն է, ուրեմն, ջանալ իրականացնել երազը, բայց վախճան մը չնկատել ասիկա, այլ` նկատել հանգրուան մը միայն: Որովհետեւ այն սերունդը, որ իրականութեան կը կառչի լոկ կամ բաւարար կը համարի հանգրուանը, արժանի չէ իր կոչումին եւ առաքելութեան: Հոն, ուր կանգ կ՛առնէ երազը, այսինքն` հասնելու ձգտումը, հոն կանգ կ՛առնէ նաեւ յառաջդիմութիւնը:

Երկու տեսակ ողբերգութիւն կայ, կը գրէր փարատոքսի վարպետը` Օսկար Ուայլտ, մէկը այն, որ մարդ կը հասնի իր փափաքին, միւսը` այն, որ չի հասնիր: Առաջինը աւելի մեծ ողբերգութիւն է, քան` երկրորդը:

Ուրիշ ոչ նուազ ինքնատիպ մարդ մը` Փիեր Լուիս կը գրէր իր կարգին. «Դժբախտ ըլլալու երկու կերպեր կան` չունեցածին տենչալ կամ տիրանալ փափաքածին»:

Մեծնալու, բարձրանալու, յառաջդիմելու առաջին պայմանն է երազել ու տենչալ: Ասիկա նոյնիսկ պայման մը չէ, կանոն մըն է, գրեթէ` պատգամ մը, զոր հին սերունդները կ՛ուղղեն նոր սերունդներուն: Այս պատգամին նպատակը այն չէ, որ նոր սերունդները կտրուին իրականութենէն եւ մնան օդին մէջ, այլ այն է, որ կտրուին օդէն ու մնան իրականութեան ամուր գետնին վրայ: Դժբախտութիւն է երազ չունենալ: Դժբախտութիւն է մանաւանդ աներազ ծնիլ, աներազ ապրիլ ու աներազ մեռնիլ:

Անոնք, որ չունին երազին անդոհանքը, անոնց ճակատագիրն է «մեռնիլ» քսան տարեկանին եւ թաղուիլ ութսունէն ետք: Այսինքն` վաթսուն տարի շարունակ «մեռած» ապրիլ: Ասիկա ճիշդ է մարդոց համար, ճիշդ է նաեւ ժողովուրդներու համար:

Սակայն երիտասարդութիւնը տարիք մը չէ, յատկութիւն մըն է: Կամքի ուժ մըն է, երեւակայելու կարողութիւն, յուզուելու զօրութիւն: Կեանքի խորունկ ակունքէն բխած թարմութիւն է: Քաջութեան գերակայութիւնն է վախին վրայ, վստահութեան գերակշռութիւնը` վարանքին վրայ, խիզախութեան գերազանցութիւնը`ընկրկումին վրայ, զգացումին գերագահութիւնը` մտածումին վրայ եւ եւ երազին առաւելութիւնը` իրականութեան վրայ: Այս բոլորին մենք կրնանք հանդիպիլ եօթանասունամեայ ծերունիի մը, ինչպէս քսանամեայ երիտասարդի մը մօտ: Ասոր համար է, որ երիտասարդութիւնը տարիքի հարց մը  չենք նկատեր, այլ կը նկատենք մտքի վիճակ մը:

Երիտասարդութեան, այսօրուան եւ վաղուան երիտասարդութեան կ՛իյնայ վերակառուցանել աշխարհը` ըստ պատկերի իւրում: Վերակառուցման այս աշխատանքին համար բաւական չէ միայն գիտնալը, անհրաժեշտ է մանաւանդ կարենալը: Գիտուն մարդէն աւելի` գործօն մարդն է մեր փնտռածը: Այսինքն` պատասխանատուութեան զգացումը, կամքը, վճռակամութիւնը եւ այս բոլորէն առաջ` նկարագի՛րը, դրո՛շմը: Վասնզի սերունդները իրենց դրոշմն է, որ պիտի տան այն դարուն, որուն մէջ կ՛ապրին, եւ` այն դարուն, որուն մէջ պիտի ապրին իրենց յաջորդները:

Պիտի դատենք երիտասարդութիւնը ո՛չ համաձայն իր ըսածին այլ` համաձայն իր ըրածին: Որքան փայլուն ըլլայ իր բարոյական ու հոգեկան պատկերը, այնքան փայլուն պիտի ըլլայ նաեւ իր գործը: Որքան խոր ըլլայ իր կնիքը ժամանակին ու տարածութեան վրայ, այնքան անթառամ պիտի մնայ իր յիշատակն ալ:

Արդ, կ՛ուզենք տեսնել, թէ երիտասարդութիւնը ի՛նչ ձեւ ու պատկեր պիտի տայ այն նոր աշխարհին, զոր կառուցելու պարտքն ու պաշտօնը ունի:

Գիտենք, մօտաւորապէս գիտենք, թէ մեր այս ծերացած մոլորակին վրայ քանի մը հոգի միայն կը գործեն, մնացածները կը մեկնաբանեն: Քանի մը հոգի միայն «կը գտնեն», միւսները կ՛ուսանին: Քանի մը հոգի միայն կը կառուցեն, միւսները կը նորոգեն կամ… կը քանդեն: Քանի մը հոգի միայն ճամբայ կը բանան, մնացածները կը հետեւին պարզապէս:

Մեկնաբանո՞ղ մը պիտի ըլլայ երիտասարդութիւնը, թէ գործող մը: Գտնո՞ղ մը, թէ սորվող մը: Կառուցո՞ղ մը, թէ նորոգող մը: Ճամբայ բացո՞ղ մը, թէ հետեւող մը կամ երեւորդ մը (ֆիկիւրան):

«Ամէն մարդ իրաւունք ունի պարծենկոտ ըլլալու, ցորչափ չէ յաջողած», կ՛ըսէր Մեծն Բրիտանիոյ մեծազդեցիկ վարչապետը` Տիզրայէլի:

Պարծենկոտնե՞ր պիտի ըլլան մեր երիտասարդները, թէ՞ յաջողածներ:

Մենք պիտի չտանք այս եւ միւս հարցումներուն պատասխանը. պիտի տայ հայ երիտասարդը ինքը: Եւ պիտի տայ ո՛չ թէ խօսքով, այլ գործով:

Իր գործը արժէք կը ստանայ առաւելաբար իր հաւատքին կշիռովը մոլեռանդութեան այն չափով, որուն ընդունակ է: Մեծ շարժումները, ինչպէս` մեծ յեղափոխութիւնները, կ՛իրագործուին հաւատքով եւ կը սնանին մոլեռանդութեամբ: Որովհետեւ աւելի դժուար է խախտել հաւատքը, քան` գիտութիւնը:

Երէցները կանոնն են, երիտասարդները բացառութիւն են: Այս երկուքը զիրար չեն ժխտեր, այլ զիրար կը լրացնեն եւ իրարմով կ՛ամբողջանան: Չկայ կանոն` առանց բացառութեան, ինչպէս չկայ բացառութիւն` առանց կանոնի:

Չեմ մոռնար ոգիի դերը: Ամէն բան կը հիննայ ու կը մաշի. չի հիննար ու չի մաշիր միայն ոգին:

Շէյքսփիր կ՛ըսէր «Յուլիս Կեսար»-ի մէջ տեղ մը:

«Ո՛չ աշտարակը քարեայ, ո՛չ էլ պղնձից կոփուած պարիսպը կարող են ոգու ուժը կաշկանդել»:

Ոգի ունի՞ն մեր երիտասարդները: Եթէ ունին, կ՛ապրին. եթէ չունին, կը մեռնին:

Չեմ յիշեր` ո՛ր իմաստունը կ՛ըսէր առիթով մը. երեւակայութիւնը կը նկարէ, միտքը կը բաղդատէ, ճաշակը կ՛ընտրէ, տաղանդը կը գործադրէ:

Հարցնենք նորէն` առանց պատասխանելու. մեր երիտասարդութեան մէջ ո՞րն է գերազօրը ու գերական. երեւակայութի՞ւնը, մի՞տքը, ճաշա՞կը, թէ՞ տաղանդը: Ուրիշ խօսքով, նկարո՞ղ է, բաղդատո՞ղ է, ընտրո՞ղ է, թէ գործադրող:

Սաչափը պարզ է մեզի համար, որ դպրոցին մէջ միտքով կը յաջողի մարդ, կեանքի մէջ` նկարագիրով:

Վճռական մարդը հոգեր չունի- կ՛ըսէր Պլուտարքոս:

Գոնէ վճռական մա՜րդ ըլլային մեր երիտասարդները…

Բ. ԹԱՇԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ափոլօ 11»-ի Արշաւանքին 50-րդ Տարեդարձը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?