Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Յուլիս 1969)

Յուլիս 22, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առաջին Մարդը` Նէյլ Արմսթրոնկ, Երկուշաբթի, 21 Յուլիս Ժամը 4:56-ին Ոտք Դրաւ Լուսնի Վրայ

 19 Վայրկեան Ետք, Երկրորդ Ամերիկացին` Էտվին Ալտրին Միացաւ Իր Ընկերոջ Եւ Երկու Աստղանաւորդները Կողք Կողքի Քալեցին` Հետաքրքրական Տեղեկութիւններ Հաղորդելով

 Արմսթրոնկ Եւ Ալտրին Ամերիկեան Դրօշակը Տնկեցին Եւ Յանուն Մարդկութեան Զետեղեցին Խորհրդանշական Նշանատախտակը

 Մարդը Հասաւ Լուսին:

Այսօր` Երկուշաբթի, 21 Յուլիս 1969, Առաւօտեան Ժամը 2:56-ին (Պէյրութի Ժամով` Ժամը 4:56-ին) Առաջին Մարդը` Ամերիկացի Նէյլ Արմսթրոնկ Ձախ Ոտքը Դրաւ Լուսնի Վրայ:

Նոյն պահուն Արմսթրոնկ բացագանչեց. «ՓՈՔՐ ՔԱՅԼ ՄԸ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀԱՄԱՐ, ՀՍԿԱՅ ՈՍՏՈՒՄ ՄԸ` ԱՆՈՐ ՀԱՄԱՐ»:

«Շուքի մէջ եմ ու կը նայիմ Լեմին,- ըսաւ Արմսթրոնկ:- Ամէն բան կը տեսնեմ յստակօրէն, լոյսը շատ պայծառ է»:

Արմսթրոնկի առաջին գործը եղաւ լուսանկարել Լեմը` անոր բոլոր կողմերէն, շարունակ տեղափոխուելով անոր շուրջը: Բծախնդրօրէն քննեց լուսնէջքի վայրը եւ լուսնի հողին վրայ քալելով` ըսաւ, թէ իր ոտքին հետքերը կատարելապէս կը տեսնէ լուսնային փոշիին մէջ:

Առաջին քայլը առած պահուն, լուսնին մակերեսը ձախ ոտքով շօշափելով, որպէսզի անոր տոկունութիւնը ստուգէ, Արմսթրոնկ ըսաւ. «Ոտքս միայն մէկ ութերորդ բթաչափ ներս կը մտնէ… Ինծի կը թուի, թէ քալելու դժուարութիւն չկայ: Ո՛չ, բացարձակապէս ոչ մէկ դժուարութիւն` քալելու համար»:

Արմսթրոնկի երկրորդ գործը եղաւ լուսնային խճաքար մը հաւաքել եւ, ըստ նախատեսուածին, զայն դրաւ իր հագուստին գրպանին մէջ, ծունկին բարձրութեան:

Նախապէս, ժամը 4:40-ին (Պէյրութի ժամ) Արմսթրոնկ դանդաղօրէն բացած էր Լեմի դուռը ու նոյնքան դանդաղօրէն իջած` դէպի լուսին:

Ժամը 4:50-ին Արմսթրոնկ ոտք դրած էր կամրջակին վրայ, մինչ իր ընկերը զինք կ՛ուղղէր մեծ զգուշութեամբ:

Վայրկեան մը ետք «Ափոլլլօ 11»-ի հրամանատարը, տէրը` լուսնին, կանգ առած էր կամրջակին վրայ:

Արմսթրոնկի Եւ Ալտրինի Պատգամը

ԼՈՒՍԻՆ,- 21 ՅՈՒԼԻՍ.- Արմսթրոնկ եւ Ալտրին պատգամ մը ուղղեցին մարդկութեան.

«Ո՛վ որ ալ ըլլաք եւ ո՛ւր որ ալ գտնուիք, մտածեցէք վերջին ժամերու դէպքերուն մասին, եւ ամէն մէկդ գոհութիւն տուէք ձեր հասկցած ձեւով»:

Շատ Գեղեցիկ Է

Ի՞նչ կը տեսնէ Արմսթրոնկ իր շուրջը: Կը հաղորդէ իր տպաւորութիւնները. «Շատ գեղեցիկ է», կ՛ըսէ, բայց յայտնի չէ, թէ ինչի՛ մասին կը խօսի:

Սակայն կը կատարէ հետաքրքրական հաստատում մը. լուսնային հողին մասին կ՛ըսէ, որ հրաբխային բնոյթ ունի:

Արմսթրոնկ կը զարմանայ, որ այնքան հեշտութեամբ կը շարժի: «Շատ աւելի դիւրին կը թուի ինծի, քան` փորձի պահուն»:

Ալտրին Կ՛իջնէ Լուսին
Երկրորդ Մարդը` Ամերիկացի Աստղանաւորդ Էտվին Ալտրին Ժամը 5:14-ին (Պէյրութի Ժամ) Կը Միանայ Արմսթրոնկին, Լուսնային Հողին Վրայ: Երկու Մարդիկը Կը Քալեն Լուսնին Վրայ:

Ալտրին եւս առաջին անգամ ձախ ոտքը կը դնէ լուսնին վրայ: «Ուշադրութիւն,- ըսած էր Արմսթրոնկ իրեն քանի մը երկվայրկեան առաջ,- դուրս ելլելու պահուն դուռը մի՛ շաչեցներ»:

Նէյլ Արմսթրոնկ լուսնի վրայ առանձին մնաց 19 վայրկեան, որոնց ընթացքին, մեռած մոլորակին անսահմանելի առանձութեան մէջ, միշտ ալ կատարեալ ինքնավստահութիւն մը ցոյց տուաւ: Արմսթրոնկ իր համբաւին բարձրութեան վրայ գտնուեցաւ:

Այնուհետեւ սկսաւ լուրջ աշխատանքը: Ըստ առաքելութեան ծրագրին, երկու մարդիկը երկու ժամ քառորդէն աւելի ժամանակ ունին` զանազան գործեր տեսնելու համար եւ, կարծէք, չեն ուզեր ժամանակ վատնել:

Նախ կը ջանան հաւաքել լուսնային խճաքարեր ու քարեր` զանոնք նոյն ատեն նկարագրելով:

Երկու մարդիկը, հայրենասիրական ժեսթով մը միացած, Միացեալ Նահանգներու դրօշակը կը տնկեն հողին վրայ:

Ապա բարձր ձայնով կը կարդան արձանագրութիւնը այն տախտակին, որ պիտի զետեղեն լուսնի վրայ:

Նիքսըն Կը Հեռաձայնէ

Նախագահ Նիքսըն այս առտու, լուսնէջքէն ետք, հեռաձայնով խօսեցաւ Արմսթրոնկի եւ Ալտրինի հետ, շնորհաւորեց անոնց յաղթանակը եւ յայտնեց, որ այս յաղթանակը մարդկութեան յաղթանակն է:

Աշխարհի բոլոր կողմերէն, վեհապետներ եւ նախագահներ շնորհաւորական պատգամներ կ՛ուղղեն ձայնասփիւռէն եւ պատկերասփիւռէն` ընդգծելով դէպքին համաշխարհային կարեւորութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ աշխարհի զանազան կողմերը, ուր կարելի էր պատկերասփիւռով դիտել լուսնէջքը, միլիոնաւոր մարդիկ անքուն գիշեր մը անցուցին ու ներկայիս կը սպասեն աստղանաւորդներուն վերադարձին:

Ինչպէ՞ս Տեղի Ունեցաւ Լուսնէջքը          

Լուսնէջքը տեղի ունեցաւ ժամը 22:17-ին (Պէյրութի ժամ) «շատ մեղմօրէն», ինչպէս պիտի յայտարարէր Ալտրին:

Էջքի վերջին երկվայրկեաններուն, որոնք կարծէք դարեր տեւեցին, աշխարհ շունչը բռնած` կը սպասէր մեծ աւետիսին:

– 67 մեթր բարձրութիւն. «Դանդաղօրէն կ՛իջնենք»:
– 23 մեթր. «Ամէն բան լաւ կ՛ընթանայ»:
– 9 մեթր. «Փոշի կը հանենք»:

Ու վերջապէս, ժամը 22,17՛42»-ին` «Շփումը հաստատուեցաւ – Շարժակը կանգ առաւ: Արծիւը իջաւ լուսին»:

Ասոնք եղան Նէյլ Արմսթրոնկի արտասանած առաջին բառերը, երբ «Արծիւը» կ՛իջնէր լուսին:

«Արծիւը» անշուշտ ժայռոտ լեռներու արքայական արծիւն էր` Միացեալ Նահանգներու խորհրդանիշը, բայց Հիւսթընի մէջ կը յիշեցնեն, որ իր թեւերուն տակ ունի խաղաղութեան նշանատախտակը, յանուն համայն մարդկութեան:

Երկրի վրայ յուզումը, Հիւսթընի մէջ, թէ պատկերասփիւռին ու ձայնասփիւռին հետեւող միլիոնաւոր մարդոց մօտ, հասած է իր գագաթնակէտին: Ու էջքի պահուն Արմսթրոնկի սրտի բաբախումները բարձրացած են վայրկեանը 156-ի, հակառակ անոր որ ամերիկացի աւագ աստղանաւորդը ծանօթ է իր պաղարիւնութեամբ: Լուսնէջքէն քիչ ետք, վերստին կ՛իջնեն 80-ի:

Դէպքին Ժապաւէնը

Ստորեւ` ժամանակագրական կարգը մարդկային պատմութեան կարեւորագոյն դէպքին (Պէյրութի ժամով).

Լուսնային կառքը իր ոտքերը բացաւ ժամը 18:23-ին: Թեւերը լայնատարած` «Արծիւը» պատրաստ է խոյանալու իր զոհին վրայ: Քոլինզ մինակ մնացած է մայր խուցին մէջ, որ նոր անունով կը կոչուի «Քոլումպիա»:

Ժամը 19:47-ին, այն պահուն, երբ անջրպետանաւը կը սաւառնէր լուսնին ծածկուած երեսին վրայէն, «Քոլումպիա» եւ «Արծիւ»-ը բաժնուեցան իրարմէ: Երբ վերայայտնուեցան տեսանելի երեսին վրայ, երկու մեքենաները իրարմէ 20 մեթր հեռու կը գտնուէին:

Ժամը 21:08-ին, ՆԱՍԱ-ի արտօնութիւնը ստանալէ ետք, Արմսթրոնկ եւ Ալտրին աշխատցուցին Լեմի էջքի շարժակը: Երկվայրկեանը 34 մեթր դանդաղ էջքով սկսան իջնել: «Ցտեսութիւն» պոռաց Քոլինզ իր երկու ընկերներուն:

Ժամը 21:55-ին Արմսթրոնկ եւ Ալտրին լուսնէն 25 քմ բարձր կը գտնուէին: «Լաւ ճամբայ ելաք, պահեցէք ձեր պաղարիւնը» խորհուրդ տուաւ իրենց Հիւսթընի կեդրոնը:

Ժամը 22:05-ին սկսաւ բուն լուսնէջքի փուլը: Լեմը, որ 15 քմ բարձրութեան մը վրայ կը գտնուէր, դանդաղօրէն կ՛իջնէր դէպի լուսնէջքի վայրը:

Ժամը 22:10-ին Լեմը միայն 12 քմ մնացած էր լուսնէջքի վայրին, որ 13 քմ երկայնք եւ 3,7 քմ լայնք ունի:

Այդ պահուն, լարուած մթնոլորտ մը կը տիրէր Հիւսթընի կեդրոնին մէջ եւ հարիւր միլիոնաւորներ պատկերասփիւռներու առջեւ իրենց շունչը բռնած` կը սպասէին:

«Ամէն բան հրաշալի է», յայտարարեց Հիւսթըն երկու աստղանաւորդներուն: – Երկիրը կը տեսնենք մեր աջին», պատասխանեց Ալտրին:

– Բարձրութիւն` 10,2 քմ Լեմի արգելակը աւելի սեղմուեցաւ: «Մեքենան աւելի լաւ կ՛աշխատի, քան անոր նմանակը, հիանալիօրէն կ՛իջնենք», իմացուց Ալտրին:

– Բարձրութիւն` 4,877 մեթր. Լեմի արագութիւնը սկսաւ նուազիլ. «Ամէն բան հիանալի է», ըսաւ Հիւսթըն:

– Բարձրութիւն` 3,100 մեթր. մոտիւլը 23 աստիճանի անկիւն մը դարձաւ. «Արծի՛ւ, դուն վեհափառ ես», ըսաւ ՆԱՍԱ-ն:

– Բարձրութիւն` 914 մեթր. Հիւսթըն. «Հետզհետէ աւելի լաւ»:

Աստղանաւորդները այդ պահուն յայտարարեցին, որ փոշի կը հանեն: Շփումը անմիջական է:

Ու ապա` ՆԱՍԱ-ն յաղթական հաղորդագրութիւնը. «ՄԱՐԴԸ ՀԱՍԱՒ ԼՈՒՍԻՆ»: Լուսնի վրայ Արմսթրոնկի արտասանած առաջին բառերը հասան Հիւսթըն. «Արծիւը իջաւ»: Աստղանաւորդը այսպիսով կը ծանուցէր լուսնի նուաճման գործողութեան կատարեալ յաջողութիւնը:

Լուսնէջքը տեղի ունեցաւ ժամը 22:17-ին: ՆԱՍԱ-ն յայտնեց, որ Երկրէն լուսին ճամբորդութեան ամբողջական տեւողութեան հաշուով, չորեքշաբթի, 16 յուլիս ժամը 15:32-էն մինչեւ կիրակի 20 յուլիս ժամը 22:17, ուշացումը միայն 39 երկվայրկեան եղաւ նախատեսուած ժամանակին վրայ:

Այն պահուն, երբ Լեմը իր երկար ոտքերը դրաւ լուսնի վրայ, մոտիւլը կը վարէր «Ափոլլօ 11»-ի առաքելութեան հրամանատարը Նէյլ Արմսթրոնկ:

«Ցնորական», բացագանչեց «Քոլոմպիա»-ի վարորդը` Մայքըլ Քոլինզ, իմանալով «Մարդը լուսնի վրայ» գործողութեան յաջողութիւնը:

Առաջին Տպաւորութիւններ

Լուսնէջքէն անմիջապէս ետք Արմսթրոնկ հաղորդեց իր տպաւորութիւնները: Ըսաւ, որ ժայռերու մեծ այլազանութիւն մը կը տեսնէ: Ալտրին մինչ այդ կը ստուգէր, թէ ամէն բան լաւ կ՛ընթանա՞յ մոտիւլին մէջ եւ մեքենան, ի պահանջել հարկին, կրնա՞յ որեւէ պահու թռիչք առնել վերադառնալու համար:

Արմսթրոնկ ըսաւ, որ ինք եւ ընկերը շատ լաւ կը զգան իրենք զիրենք եւ իրենց մասին մտահոգուելու կարիք չկայ: Արմսթրոնկի համաձայն, երկու աստղանաւորդները դժուարութիւն չեն ունեցած իրենց մոտիւլը քշելու լուսնային քաշողականութեան պայմաններուն մէջ: Լեմը շրջապատուած է լուսնային բաւական խոշոր ժայռերով, որոնցմէ ոմանք երեք մեթր բարձրութիւն ունին:

Արմսթրոնկ կը նշմարէ նաեւ անկիւնաւոր հրաբերաններ եւ, իրենց առջեւ, ուղիղ, Լեմէն մէկուկէս քմ անդին` բլուր մը:

Գո՞յնը: Երկու աստղանաւորդները այդ մասին չեն խօսիր:

«Գոյնը կախում ունի դիտելու անկիւնէն,- կ՛ըսէ Ալտրին: – Ընդհանուր գոյն մը չկայ»:

Բազմաթիւ Հրաբերաններ

Լեմի իջած վայրը համեմատաբար տափարակ է, բայց ամէն ուղղութեամբ կը նկատուին զանազան մեծութեամբ հրաբերաններ: Ոմանք մէկ մեթր տրամագիծ ունին, ուրիշներ `15: Այնքան շատ են, որ չենք կրնար հաշուել, կ՛ըսեն աստղանաւորդները:

Հիւսթըն այլեւս չի խօսիր լուսնին վրայ իջած «Արծիւ»-ին: Այսուհետեւ «Հանդարտութեան խարիսխ»-ն է, որ կը կանչէ, եւ ան յստակօրէն կը պատասխանէ, որովհետեւ ռատիոհաղորդումները սքանչելի են:

Նէյլ Արմսթրոնկ ՆԱՍԱ-ի ներողամտութիւնը կը խնդրէ, որ 39 երկվայրկեանի ուշացում մը ունեցած է, բայց հարկ եղած է, որ խուսափին խոռոչներէ, հրաբուխներէ եւ փոքր ժայռերէ:

Հիւսթընի պատասխանը. «Տղա՛ք, երբեք պէտք չունիք ներողութիւն խնդրելու: Ցնորական գործ մը կատարեցիք»:

Քոլինզ, որ քիչ մը երեսի վրայ ձգուած էր մայր խուցին մէջ, կը միջամտէ. «Մի՛ մոռնաք այն տղան, որ անջրպետանաւուն մէջ կը գտնուի»:

Հիւսթըն. «Քեզ չենք մոռնար»:

Քոլինզ կը խնդրէ, որ «Արծիւ»-ը բանայ իր անթենները, որպէսզի լսէ իր երկու ընկերներուն խօսակցութիւնը:

Թեքնիք Տեղեկութիւններ

Մոտիւլ լիւները ճիշդ ո՞ւր իջած է: Հիւսթըն կը կանչէ «Հանդարտութիւնը» եւ Արմսթրոնկ կը պատասխանէ. «Այն մարդերը, որոնք կ՛ըսէին, թէ ճիշդ չենք կրնար ըսել այն տեղը, ուր կը գտնուինք, իրաւունք ունէին»:

«Արծիւ»-ը իսկապէս կը գտնուի Հանդարտութեան ծովուն վրայ, բայց Հիւսթըն կը խորհի, թէ մոտիւլ լիւները կրնայ իջած ըլլալ 6 կամ 7 քմ անդին:

Լուսնի տպաւորութիւններուն յաջորդեցին աւելի թեքնիք բնոյթով տեղեկութիւններ:

Երկիրը «Գեղեցիկ Է»

Իրենց նայուածքը դարձնելով` երկու աստղանաւորդները կը տեսնեն նաեւ Երկիրը: «Շատ լաւ կը նշմարենք: Երկիրը խոշոր է, փայլուն, գեղեցիկ», կ՛ըսէ Արմսթրոնկ:

Երկրէն աստղանաւորդներուն յայտարարուած ըլլալով, թէ` «Ամբողջ երկրին մէջ եւ համայն աշխարհի, միլիոնաւոր ժպտուն դէմքեր կան», Արմսթրոնկ կը պատասխանէ. «Հոս միայն երկու հոգի կայ»:

Լուսնէջքի պահուն` լուսինը Երկրէն 382.297 քմ հեռու կը գտնուէր:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Բարձրագոչ Բառերով Իրաւունք Չի Սահմանուիր, Երկիր Չի Պահուիր Եւ Չի Վերականգնիր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?