ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ
ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ (100%) ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ
ԹԵՔՆԻՔ ՊՐԷՕՎԷԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Թեքնիք պաքալորէայի (BT) մէջ փայլուն արդիւնքներ արձանագրելէ ետք, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանը կատարեալ յաջողութեամբ աւարտեց պետական քննութիւններու հերթական փուլը. վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ թեքնիք պրէօվէի դասարաններու (BP) բոլող 19 աշակերտները յաջողած են 2018-2019 տարեշրջանի պետական քննութիւններուն:
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, Մեսրոպեանի աշակերտները քննութիւններուն մասնակցեցան երեք տարբեր մասնագիտութիւններով` «մանկական խնամք», «օգնական հաշուապահ» եւ «օգնական խոհարար»:
Յաջողած աշակերտներն են`
«Մանկական խնամք» (5/5)
Ռոզալին Տանիէլ, Սէրլի Փարլաքեան, Կարինէ Ճուլֆայեան, Քրիստին Պետրոսեան, Մեղրի Մկրտիչեան:
«Օգնական հաշուապահ» (6/6)
Ճեսի Պայրաքտարեան, Սէրուժ Նազարէթեան, Սեւակ Անդրանիկեան, Լէա Ռիթա Սաատ, Մարիա Գարապաճաք, Հրակ Առաքելեան:
«Օգնական խոհարար» (8/8)
Էտմոն Ատիպ, Աննա Մարիա Վարդանեան, Իսահակ Գույումճեան, Ցողիկ Խաչատուրեան, Ժոզեֆ Վարդանեան, Տիգրան Գալայճեան, Սէրլի Մերտխանեան, Սելլա Պեքարեան:
Տնօրէնութիւնս կը շնորհաւորէ աշակերտները, խնդակցութիւն կը յայտնէ անոնց ծնողներուն եւ գնահատանք կ՛ուղղէ վարժարանի ուսուցիչներուն` կատարած աշխատանքին համար:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Ժէլ Էլ Տիպ, 130 քառ. մեթր:
Սին Էլ Ֆիլ, 70 քառ. մեթր:
Հեռ. 76-944642:
————————————-
ԾԱԽՈՒ ՏՈՒՆ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ
Երկյարկանի, 165 քառ. մեթր + 120 քառ. մեթր պարտէզով, յարմար գին: Հեռ. 03-626107:
————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտի մայր պողոտայ, լման կահաւորուած, 4-րդ յարկ, 60 քառ. մեթր: Դիմել` հեռ. 03-924918:
————————————-
ԾԱԽՈՒ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺ
Seat Ibiza, 2012-ի մոտել, շատ լաւ վիճակի մէջ: Դիմել` հեռ. 03-504311:
————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ