ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը կը յայտարարէ, թէ իր գործունէութեան վերսկսած է իր նոր կեդրոնին` նախկին Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ, 3-րդ յարկ:
Բաժանմունքը իր բազմաթիւ ծառայութիւններուն կողքին հաստատած է կարիքաւոր ընտանիքներու հագուստեղէնի սենեակ, ուր ընկերային ծառայողին կողմէ հաստատուած համապատասխան ընդունագիրով եւ խորհրդանշական գումարով հայորդիներ կրնան ստանալ հագուստ, կօշիկ եւ այլ պիտանի իրեր:
Հագուստեղէնի սպասարկութիւնը կը գործէ ամէն երկուշաբթի, չորեքշաբթի, եւ ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 12:30: Գրասենեակի հեռաձայնի թիւն է 01-261117, իսկ ե-նամակի հասցէն` social@armprelacylb.org :
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————-
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ իր կազմակերպած 2019-ի վիճակահանութեան ձեռնարկին շահող թիւն է`
4851
որ կը ստանայ 2 անձի երթուդարձի օդանաւային տոմս` Պէյրութ-Երեւան-Պէյրութ «Credit Libanais» դրամատան կապուած HERMES Tourism & Travel ճամբորդական գրասենեակէն:
Այս առիթով հաստատութիւնս շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր ծառայութեան վեհ առաքելութիւնը քաջալերող հաստատութիւններուն եւ անհատներուն` իրենց մասնակցութեան եւ նուիրատուութեան համար:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Ժէլ Էլ Տիպ, 130 քառ. մեթր:
Սին Էլ Ֆիլ, 70 քառ. մեթր:
Հեռ. 76-944642:
————————————-
ԾԱԽՈՒ ՏՈՒՆ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ
Երկյարկանի, 165 քառ. մեթր + 120 քառ. մեթր պարտէզով, յարմար գին: Հեռ. 03-626107:
————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտի մայր պողոտայ, լման կահաւորուած, 4-րդ յարկ, 60 քառ. մեթր: Դիմել` հեռ. 03-924918:
————————————-
ԾԱԽՈՒ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺ
Seat Ibiza, 2012-ի մոտել, շատ լաւ վիճակի մէջ: Դիմել` հեռ. 03-504311:
————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ


