Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Պէտք ունիք ձեր ընկերներէն մէկուն օգնութեան: Լուսինը պիտի դիւրացնէ ձեր կեանքին ընթացքը: Առիթ մի՛ տաք, որ ձեզ խաբեն: Լաւ տիրութիւն ըրէք ձեր ունեցուածքին եւ դրամներուն: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Պիտի ուրախանաք, որովհետեւ ամէն բան իր բնականոն ընթացքին պիտի վերադառնայ: Ուրախութեամբ եւ յաջողութեամբ լեցուն պահեր պիտի ապրիք: Փոփոխութիւն մտցուցէք ձեր անձնական կեանքին մէջ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22...

