Քրիսթիան Տիորի Անժամանցելի Խորհուրդները
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ֆրանսացի անուանի ձեւագէտը Քրիսթիան Տիոր ստեղծագործած է 50-ական թուականներուն, բայց անոր խորհուրդները կը մնան այժմէական մինչեւ օրս: Վարպետը յեղափոխութիւն կատարեց նորաձեւութեան աշխարհէն ներս. ծանր պատերազմական տարիներէն ետք ան կիներուն վերադարձուց վայելչութիւն եւ նորաձեւութեան աշխարհին մէջ իր դրոշմը ձգեց: Դրոշմ մը, որուն շնորհիւ անոր նորաձեւութեան տունը կը գոյատեւէ մինչեւ այսօր: Ծանօթանանք մեծ վարպետին խորհուրդներուն - Վայելչութիւնը մի՛շտ պարզութիւն...



















