Ֆրանսիս Քիւրքճեանին Վերջին Անուշահոտը
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Անուշահոտի անուանի մասնագէտ Ֆրանսիս Քիւրքճեանը «Պըրպըրի» ընկերութեան համար ստեղծած է նոր անուշահոտ մը` «Մայ Պըրպըրի պլաշ»-ը: Անուշահոտին տիրական բոյրերը կիտրոնը եւ նուռն են. կան նաեւ վարդի, կանաչ խնձորի, յասմիկի եւ այլ ծաղիկներու երանգներ: Քիւրքճեանի նախնիները արմատով Արեւմտեան Հայաստանէն են: Ցեղասպանութեան տարիներուն ապաստանած են Հալէպ, ուրկէ տեղափոխուած են Ֆրանսա: Ֆրանսիս Քիւրքճեանը հեղինակ է աւելի քան հարիւր օծանելիքի, անոնցմէ...




















