Որո՞նք Են Այն Հինգ Սխալները…
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Անուշահոտի ընտրութեան եւ գործածութեան հետ կապուած կան 5 սխալներ, որոնցմէ պէտք է զգուշանալ, եթէ կ՛ուզենք, որ անիկա մեր ճաշակին եւ մեր մորթին համապատասխան ըլլայ, երկար դիմանայ եւ ժամանակէն առաջ չհիննայ ու չծանրանայ: Ստորեւ կը ներկայացնենք անուշահոտի մասնագէտ Լեսլի Կոթիէի 5 զգուշացումները: 1 Առանց Փորձելու Գնելը Շատեր համացանցէն կարծիքներ քաղելով կամ վաճառող երիտասարդուհիին կարծիքին վստահելով եւ կամ բարեկամուհիի...




















