Կնոջական

Որո՞նք Են Այն Հինգ Սխալները…

Որո՞նք Են Այն Հինգ Սխալները…

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Անուշահոտի ընտրութեան եւ գործածութեան հետ կապուած կան 5 սխալներ, որոնցմէ պէտք է զգուշանալ, եթէ կ՛ուզենք, որ անիկա մեր ճաշակին եւ մեր մորթին համապատասխան ըլլայ, երկար դիմանայ եւ ժամանակէն առաջ չհիննայ ու չծանրանայ: Ստորեւ կը ներկայացնենք անուշահոտի մասնագէտ Լեսլի Կոթիէի 5 զգուշացումները: 1 Առանց Փորձելու Գնելը Շատեր համացանցէն կարծիքներ քաղելով կամ վաճառող երիտասարդուհիին կարծիքին վստահելով եւ կամ բարեկամուհիի...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Արեւահարութիւն. Նշանները Եւ Պաշտպանուելու Եղանակները

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Արեւահարութիւն. Նշանները Եւ Պաշտպանուելու Եղանակները

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Արեւահարութիւնը հիւանդագին վիճակ է: Անիկա կը յայտնուի երկար ժամանակ արեւի ուղղահայեաց ճառագայթներուն տակ մնալու պատճառով: Մանուկները աւելի խոցելի են, քանի որ անոնց գանկի ոսկորները տակաւին լիարժէք ձեւաւորուած չեն, իսկ մորթն ու մարզերը աւելի նուրբ են: Արեւահարութեան նշանները ի յայտ կու գան արեւին ճառագայթներուն ներգործութենէն անմիջապէս ետք, կամ քանի մը ժամ ետք, յաճախ գիշերային ժամերուն: Որո՞Նք Են Արեւահարութեան...

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները.  Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ…

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները. Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ…

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Արդէն ծովու եղանակը բացուած է, ոմանք օրական, ուրիշներ շաբաթական դրութեամբ ծովափ կամ լողաւազան կ՛ուղղուին լողալու եւ արեւուն բարիքներէն օգտուելու համար: Սակայն որքանո՞վ ծանօթ ենք արեւուն բարիքներուն ու չարիքներուն. եկէ՛ք ստուգենք: -1- Արեւէն պէտք է զգուշանալ մինչեւ 60 տարեկան։ Ճիշդ Սխալ -2- Մարմինը ջրազրկումէ փրկելու լաւագոյն միջոցը առատ ջուր խմելն է: Ճիշդ Սխալ -3- Արեւէն պաշտպանուելու լաւագոյն միջոցը...

Առողջապահական.  Շաքար Պարունակող 10 «Անմեղ» Ուտելիքներ

Առողջապահական. Շաքար Պարունակող 10 «Անմեղ» Ուտելիքներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Առողջութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (OMS) կը յանձնարարէ օրական 50 կրամէն աւելի շաքար չսպառել: 50 կրամ շաքարը համապատասխան է 10 կտոր շաքարի: Դժբախտաբար շատեր օրական 100 կրամ շաքարի սահմանները կ՛անցնին: Պատճառը` քաղցրեղէնի հանդէպ անդիմադրելի տկարութիւնը, բայց նաեւ «անմեղ» նկատուող ուտելիքները, որոնք թէեւ շաքարով հարուստ են, սակայն հակառակ տպաւորութիւնը ձգած են բոլորին մօտ... Հետեւաբար առաջին հերթին պէտք է զգուշանալ եւ...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Ինքնավստահ Երեխաներ Մեծցնելու Համար

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինքնավստահ Երեխաներ Մեծցնելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Խօսքը ունի հզօր ուժ: Կան բառեր, որոնք կրնան «կախարդել» երեխան եւ անոր մէջ զարգացնել բնաւորութեան դրական գիծեր ու դարձնել յաջողակ: Ահաւասիկ` քանի մը «կախարդական» արտայայտութիւններ, որոնք կրնան ճակատագրական ըլլալ երեխային համար: «Ես քեզ կը սիրեմ»: Ձեր սէրը երեխային կայացած ըլլալու հիմքն է: Ձեր տուած սիրոյ միջոցով ան կրնայ աշխարհը տեսնել գունաւոր եւ բարի: *** «Ես քեզի կը...

Հետաքրքրական. Մանըքեն Փիսը Նշեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը

Հետաքրքրական. Մանըքեն Փիսը Նշեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Անցեալ կիրակի, 3 յունիսին, Պրիւքսելի նշանաւոր Մանըքեն Փիսը առաւօտեան ժամը 9:00-էն երեկոյեան ժամը 6:00-ը հայկական ազգային տարազ կրեց նշելու համար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը: Մանըքեն Փիսը մերկ մանչուկի տեսքով պրոնզեայ փոքրիկ արձան-շատրուան մըն է, որ տարեկան միլիոնաւոր այցելուներ կ՛ընդունի աշխարհի չորս կողմերէն: Նշենք, որ յատուկ ցուցակի մը հիմամբ, արձանը ամիսը քանի մը անգամ տարազ կը փոխէ այդ...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Երեխայի «Առողջ» Ննջասենեակի Մը Նախապայմանները

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխայի «Առողջ» Ննջասենեակի Մը Նախապայմանները

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մանկաբուժ Մարի-Քլոտ Քլենթալի կարծիքով, երբ երեխան տարուան ընթացքին յաճախ կ՛անհանգստանայ, քիթը կը հոսի, շունչի նեղութիւն կը զգայ, մորթային հարցեր կ՛ունենայ, պէտք է առաջին հերթին մտածել անոր ննջարանին պայմաններուն մասին: Շատ չոր կամ շատ խոնաւ մթնոլորտը, բարձր կամ ցած ջերմաստիճանը, փոշին եւ այլ ազդակներ վատառողջ կը դարձնեն փոքրիկին ննջարանը, ուր ան կ՛անցընէ օրուան մէկ կարեւոր մասը: Կարդանք, թէ...

Առողջապահական.  Ինչպէ՞ս Պահպանել Տեսողութիւնը Հասուն Տարիքին

Առողջապահական. Ինչպէ՞ս Պահպանել Տեսողութիւնը Հասուն Տարիքին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մինչեւ 65 տարեկան շատեր կը բախին տեսողական խնդիրներու, մինչեւ իսկ` կուրութիւն պատճառող հիւանդութիւններու. այդ հիւանդութիւններէն յիշենք` մաքիւլար տեճեներէյշընը,  կլոքոմիան, քաթարաքթը եւ այլն... Տրուած ըլլալով, որ այս հիւանդութիւնները ցաւեր չեն պատճառեր եւ յաճախ երկար ժամանակ առանց ախտանշանի կը մնան, մարդիկ երկար ժամանակ ակնաբուժին չեն դիմեր: Ինչպէ՞ս կարելի է խուսափիլ այդ հիւանդութիւններէն... Ահաւասիկ 5 օգտակար խորհուրդ` Ամերիքըն Աքատեմի աֆ...

Մայրերու Տօն

Մայրերու Տօն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Աշխարհի չորս ծագերուն մայրերու օրը կը նշուի տարբեր թուականներու: - Հայաստանի մէջ ապրիլ 7-ը «Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր» է: Ամէն տարի այդ օրը Հայ առաքելական եկեղեցին կը նշէ Ս. Աստուածածինի աւետման օրը: Հայոց դիցաբանութեան մէջ Անահիտ աստուածուհին կը կոչուէր Ոսկեմայր: * * * - Արաբական երկիրներուն մեծամասնութիւնը մայրերու տօնը կը նշէ մարտին, Եւրոպան, Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Աւստրալիան,...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Ինչպէ՞ս Կը Վարուիք Ձեր Զաւկին Հետ

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչպէ՞ս Կը Վարուիք Ձեր Զաւկին Հետ

Պատրաստեց՛ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Վստահաբար դուք ձեզի հարց տուած էք, թէ արդեօք ինչպիսի՞ մայր էք, ճիշդ ձեւով կը դաստիարակէ՞ք ձեր զաւակը, փոխադարձ սէր, յարգանք եւ վստահութիւն կա՞յ ձեր միջեւ... Կարդացէք նիւթը, ապա որոշեցէք, թէ ինչպիսի՛ մամա էք ձեր երեխային համար: 1 Դուք միշտ ձեր զաւակը կը համեմատէք ուրիշ երեխաներու հետ: Այսպիսով, դուք կ՛ազդէք ձեր երեխային ինքնագնահատականին վրայ: Աւելի ճիշդ մօտեցում է...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Երեխան Երաժշտութիւն Պէտք Է Լսէ Ծնած Օրէն

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխան Երաժշտութիւն Պէտք Է Լսէ Ծնած Օրէն

Բժիշկներն ու հոգեբանները կը պնդեն, որ երեխան պէտք է երաժշտական հնչիւններուն ծանօթացնել շատ կանուխէն, երբ ան տակաւին մօր արգանդին մէջ է... Յղի կիներուն կը թելադրուի դասական երաժշտութիւն լսել, նոյնիսկ` երգել: Կարեւոր չէ երգին ընտրութիւնը, կարեւորը այն է, որ երեխան իր մօր ձայնը լսէ: Ի՞նչ Երաժշտութիւն Պէտք Է Լսէ Երեխան - Դասական երաժշտութիւն: Այն հաստատ համոզումը կայ, որ երեխաներուն համար յարմարագոյն...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Արտայայտութիւններ, Որոնց Պատճառով Երեխան Կը Դառնայ Բարդութաւորուած Չափահաս Մը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Արտայայտութիւններ, Որոնց Պատճառով Երեխան Կը Դառնայ Բարդութաւորուած Չափահաս Մը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Քու Տարիքիդ Ես Դասարանին Առաջինն Էի... Մինչեւ 6 տարեկան ծնողները երեխաներուն համար գրեթէ աստուածներ են, որոնք գիտեն ամէն ինչ: Վերոյիշեալ խօսքով դուք մրցակցութիւն կը ստեղծէք. կարծէք` կ՛ուզէք ըսել. «Դուն երբեք չես հասնիր իմ մակարդակիս»: Այսպիսի մթնոլորտի մէջ մեծցած ձեր զաւակը ամբողջ կեանքին ընթացքին պիտի փորձէ հաւասարիլ ձեզի եւ ապացուցել, որ ինք ալ լաւ եւ կարող է: Սակայն...

Փորձ-Հարցարան.  Անցեալի Էջը Դիւրաւ Կը Դարձնէ՞ք

Փորձ-Հարցարան. Անցեալի Էջը Դիւրաւ Կը Դարձնէ՞ք

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Գործի փոփոխութիւն, երկիր փոխելու հարկադրանք, սիրած անձէն բաժանում... Նման փոփոխութիւններու ինչպէ՞ս կը հակազդէք: Անցեալի էջը ամբողջովին կը դարձնէ՞ք, թէ՞ անցեալը կը շարունակէ ապրիլ ձեր մէջ: Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած փորձ-հարցարանին, ապա կարդացէք արդիւնքը: *** - 1 - Բարեկամ մը ձեզ կը ձանձրացնէ իր հեռաձայններով եւ յաճախ ու ամէնուրեք կը հետեւի ձեզի: ա.- Բան չէք ըսեր, որովհետեւ կը զգուշանաք...

Թեսթ.  Այս Տղամարդը Ձեզի՞ Կը Նայի, Թէ՞ Կողմնակի

Թեսթ. Այս Տղամարդը Ձեզի՞ Կը Նայի, Թէ՞ Կողմնակի

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ուշադիր դիտեցէք նկարը եւ տեսէք, թէ ձեր ուղեղը ինչպէ՛ս կ՛արձագանգէ անոր: Նկարին վրայ պատկերուած տղամարդը ձեզի՞ կը նայի, թէ՞ կողմնակի, պատասխանեցէք այս պարզ հարցումին եւ կարդացէք արդիւնքը: Եթէ, ձեր կարծիքով, տղամարդը կողմնակի կը նայի, շատ հնարաւոր է, որ դուք նախ նկատեր էք քիթն ու բերանը եւ խուսափեր էք աչք-աչքի շփումէ: Ասիկա կը բացայայտէ ձեր ամչկոտութիւնը, դուք առհասարակ...

Կին Դէմքեր  Զապէլ Եսայեան Ճեմուղի` Փարիզի Մէջ

Կին Դէմքեր Զապէլ Եսայեան Ճեմուղի` Փարիզի Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Անցեալ հինգշաբթի, մարտ 8-ին, կիներու իրաւունքներու միջազգային օրուան առիթով, լոյսերու քաղաք Փարիզի 20-րդ եւ 11-րդ թաղամասերը իրարու կապող Մենիշմոնթան պողոտայի ճեմուղին անուանուեցաւ Զապէլ Եսայեան: Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ կատարեց բացումը Սփինոզա եւ Թլեմսեն փողոցներու խաչմերուկին: «Կինը աշխարհ չէ եկած միայն հաճելի ըլլալու համար: Կինը եկած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար: Ինքզինքնին յարգող...

Այսօր Կիներու Միջազգային Օր Է

Այսօր Կիներու Միջազգային Օր Է

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Այս օրուան հետ առնչուող առաջին պատմական իրադարձութիւնը տեղի ունեցաւ 1908-ին, երբ աւելի քան 1500 կիներ ցուցատախտակներ պարզած` տողանցեցին Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ` բողոքելու համար իրենց ցած աշխատավարձին եւ աշխատանքի ծանր պայմաններուն դէմ: Ժամանակ մը այս օրը նշուած է փետրուարի վերջին կիրակին, բայց 1977-ին ՄԱԿ-ը մարտ 8-ը հռչակեց «Կիներու իրաւունքներու միջազգային օր»: Ամէն տարի մեծ թիւով երկիրներ յատուկ...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Ինչպէ՞ս Վերլուծել Երեխաներուն Գծագրութիւնները

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչպէ՞ս Վերլուծել Երեխաներուն Գծագրութիւնները

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԳԱԼԵԱՆ Երբ ձեր երեխան կը գծէ, մի՛ խանգարէք զայն: Գծագրութիւնը աւարտելէ ետք ուշադիր դիտեցէք եւ փորձեցէք բացայայտել անոր ներաշխարհը: - Նկարին վրայ ընտանիքի անդամներուն հերթականութիւնը շատ բան կրնայ յուշել երեխային եւ տան անդամներու յարաբերութիւններուն մասին: Սովորաբար երեխաները առաջինը կը գծեն այն անդամը, զոր շատ կը սիրեն: Եթէ ան մոռցած է գծել տան անդամներէն մէկը, այդ կը նշանակէ, որ...

Առողջապահական.  Գլխացաւի Հինգ Պատճառներ

Առողջապահական. Գլխացաւի Հինգ Պատճառներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Եթէ անդադար գլխացաւ կ՛ունենաք, հետեւաբար գիտէք, որ անիկա ի յայտ կու գայ ամէնէն անսպասելի պահերու` խանգարելով ձեր կեանքին սովորական ընթացքը: Դեղարանները կրնաք գտնել գլխացաւի ցաւազրկիչներու մեծ տեսականի, բայց այդ դեղահատերը ժամանակաւոր լուծումներ կը բերեն եւ կը վնասեն ձեր առողջութեան: Նախքան դեղահատերու դիմելը` կարեւոր է հասկնալ, թէ որո՛նք են գլխացաւ պատճառող հիմնական ազդակները: 1 Քաֆէինը Գլխացաւ կը յառաջանայ...

Ճանչնանք Մեր Տօները.  Բարեկենդան

Ճանչնանք Մեր Տօները. Բարեկենդան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Բարեկենդան` կը նշանակէ բարի կենդանութիւն: Անիկա ուրախութեան եւ զուարճանքի տօն է, կը յիշեցնէ Ադամի եւ Եւայի դրախտային կեանքը, երբ անոնք կ՛ապրէին վայելքի եւ անհոգութեան մէջ: Նախապէս հեթանոսական այս տօնը հաւանաբար կապ ունէր գարնանամուտին հետ,  եւ պատահական չէին զուարճութիւնները, որոնք զարթնող բնութիւնը ուրախ դիմաւորելու, մարդիկը վերակենդանացնելու խորհուրդը ունէին: Հետագային քրիստոնէութիւնը Բարեկենդանը դարձուց Մեծ պահքի նախորդող շաբթուան տօն, որ...

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող 8 Հնարքներ

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող 8 Հնարքներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ -1- Որպէսզի մոմ վառելու ատեն ձեր մատները չայրէք, պարզապէս օգտագործեցէք սփակեթթիի ձողիկ մը: -2- Որպէսզի մոմերը երկար դիմանան եւ շուտով չհալին ու չսպառին, զանոնք սառցարանը պահեցէք: -3- Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր սառոյցները թափանցիկ ըլլան, նախքան սառցամաններուն մէջ լեցնելը` ջուրը եռացուցէք, քանի որ այդ ընթացքին ջուրը կը բիւրեղանայ եւ կը մաքրուի մանր-մունր աղտերէ եւ օդի մնացորդէ: -4- Եթէ...

Page 18 of 25 1 … 17 18 19 … 25

Արխիւներ